ՇՈՒԿԱՅԻՆ ՄԷՋ
Երեւանի բանջարեղէնի շուկաները շրջելով ո՛չ աչքերդ կը յագենան, ո՛չ ալ ռունգերդ: Թարմ ու զգլխիչ բոյրն ու գեղեցկութիւնը կը հմայեն գնորդները, տեսակ-տեսակ ծիրաններ՝ մեծը, փոքրը, կէտաւորը... հապա կեռասի գոյնզգոյն տեսականին՝ կարմիրի տարբեր երանգները, սպիտակն ալ կայ, բալն ալ, որոնց տեսքը արդէն կը յուշէ անոնց համն ու հոտը: Վաճառողները կը հրաւիրեն իրենց տաղաւարներուն մօտէն անցնող գնորդները. «Արի՛, քուրօ ջան, մի հատ համտես արա, քաղցր է, Գառնիից եմ բերել, չես փոշմանի, արի՛...», ու անպայման կը հիւրասիրեն, կ՚առնես, իրօք շատ համեղ է, լուալու իսկ պէտք չկայ, փայլքը մաքրութիւնը կը ցոլացնէ արդէն անոնց: Կը գնեմ Գառնիի քաղցրահամ կեռասէն ու կը շարունակեմ շրջիլ: Ըմմմ շատ անուշ բոյր մը կը քաշէ զիս դէպի զինք, կը դառնամ ու կը տեսնեմ դեղձը, հմայուած կը մօտենամ ու առանց հարցնելու իսկ կը լեցնեմ տոպրակը․ անկարելի է չգնել:
Կը մտաբերեմ Հալէպի բանջարեղէնի շուկան: Հսկայական տարբերութիւն: Հոն կը խուսափէի մօտենալէն, վաճառողներու կառքերը շրջապատուած կ՚ըլլային աղբակոյտերով, որոնք ամէն օր կ՚աւելնային իրարու վրայ ու մի քանի օրուան աղբի նեխած բոյր մը կը տարածուէր ամէնուրեք: Ամբողջ շուկան ցեխով լի յատակէն կը քալէինք, ուրիշ ելք չկար, ուրկէ վերադառնալէ ետք միայն լոգանքը կը մաքրէր այդ ցեխը: Վաճառողներու բարձրաձայն պոռչտուքը կը խլացնէր գնորդները, կոշտ ու կոպիտ վերաբերմունքը գարշանք կը պատճառէր, բայց ո՛չ, անոնց մէջ ալ կային բարեհամբոյրներ, որոնցմէ ոմանք հայ տարեց կիներու երբեմնի անհասկնալի արտայայտութիւններուն կը ժպտէին, երբ «ապու պանատորա»ով կը դիմէր հայ կին մը, օրինակ, լոլիկ վաճառողին... վարժ էին ու մանաւանդ տեղեակ մեր առիթներուն ու գիտէին ե՞րբ, ի՞նչ կը փնտռեն հայ կանայք:
Քիչ անդին թութի կողովները շարուած են, այնպիսի խնամքով մի առ մի հատիկները տեղաւորուած են դեղին ու կարմրաւուն թութերուն, կողքին նաեւ ելակներու ու հատապտուղներու կողովներ, սակայն թութ գնելու պէտք չկայ, արդէն բոլոր փողոցներու մայթերուն կամ այգիներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ թթենիներու, կը քաղես ու թարմ-թարմ ուտելով կը քալես:
Հապա բանջարեղէ՞նը՝ այնքան թարմ ու առատ փունջեր կողք-կողքի շարուած՝ անանուխը, ազատքեղը, բողկը, դարդուրը, հազարը, կոտեմը, ուրիշ շատ տեսակներ, որոնց հոս միայն կարելի է ծանօթանալ կարծես՝ սամիթը, ուրցը, համեմը, ռեհանը... որոնց ոչ միայն ծանօթացանք, այլ համէն չենք կշտանար. առնեմ քիչ մը ուրց ու ռեհան, չորցնեմ ու ամբարեմ ձմրան համար, սովորական թէյէն աւելի օգտակար են անոնք, քանի մը տեսակ կ՚առնեմ ու ահա ի՞նչ տեսնեմ, նաեւ՝ բանջարը, որուն բազուկ կ՚ըսեն հոս, աչքերուս չհաւատացածի մը պէս կը հարցնեմ.
-Սա բազուկ ա՞:
-Ի հարկէ բազուկ ա, քուրօ՛ ջան, որ դուք տոլմա էք սարքում,- կը պատասխանէ գիւղացին:
Որքան ալ փորձես տեղացիներուն պէս արտայայտուիլ, չես գիտեր ինչպէ՞ս, բայց անմիջապէս անոնք կը գուշակեն տեղացի չըլլալդ ու արդէն գիտեն, թէ ի՞նչ տարբեր ճաշեր ալ կը պատրաստենք, յաճախորդը սիրաշահելու ձեւ մըն է կարծես: Բայց բանջարին տեսքը իրապէս շատ ախորժաբեր է․ հոս ընդհանրապէս փոքր կ՚ըլլան տերեւները, բայց այս անգամ՝ մեծ են ու լայն, առատ անձրեւը լաւ մը աճեցուցած ու լայնցուցած է տերեւները բանջարին, կ՚արժէ տոլմա մը, աւելին՝ սարմա մը պատրաստել:
Բայց ինչո՞ւ սարմա, «բանջար չկա»ն ալ կարելի է: Ծնունդի ճրագալոյցին շատ փնտռեցի ու չգտայ բանջարը, հիմա կ՚եփեմ, թող հայրս ուտէ: Աւանդապաշտ հայրս Ծնունդին չկերաւ «բանջար չկա»ն ու կարծես Զատիկ չեկաւ այս տարի իրեն համար: Ծնունդի նախօրէին բաւական շրջեցայ մոլերու բանջարեղէնի բաժինը, երկար-երկար որոնեցի բազուկը, դժբախտաբար դատարկաձեռն տուն վերադարձայ: Կ՚երեւի հոս Ուրֆայէն աւելի սաստիկ էր ցուրտը, որ նոյնիսկ բանջարին ցօղունները այրեր էին, կամ ալ գիւղացիք տակաւին տօնական փոխադարձ այցելութիւնները չէին աւարտած, որ կանաչիները բերէին ու վաճառէին:
«Բանջար չկա»ն կամ նիւիկը ուրֆացիներու տոհմիկ ճաշատեսակներէն է, որ ձէթով պատրաստուած ջրիկ ճաշ մըն է բանջարի, սիսեռի, սոխի եւ սխտորի բաղադրութեամբ եւ անպայման կը պատրաստուէր Ծնունդի ճրագալոյցին, կողքին ունենալով նաեւ ձուկ եւ բրինձով փիլաւ: Իսկ թէ ուրկէ՞ եկած է «բանջար չկայ»ի կոչումը, շատ հետաքրքրական է: Ըստ պատումին՝ Ուրֆայի մէջ ցուրտը սաստիկ կ՚ըլլայ, յատկապէս Նոր Տարուան շրջանին ձիւնը կը ծածկէ արտերը: Բանջարի բերքը կ՚այրի ցուրտէն, միայն ցօղուններուն վրայ կանաչ լայն տերեւներէն մաս մը մնացած կ՚ըլլայ: Արտատէրերը զանոնք կը հաւաքեն ու գիւղացիներուն յաւելեալ գինով կը վաճառեն: Գիւղացիները բանջարավաճառին մօտ կ՚երթան խթման ճաշի պատրաստութեան բանջարը գնելու եւ անորակ բանջարին ու անոր գնաճին ի տես, երբ կը հարցնեն բանջարավաճառին, ան կը պատասխանէ ըսելով.
-Բանջարի բերքը ցուրտէն այրեր է, եղածը այս է, ուրիշ բանջար չկայ:
Այսպէս ալ այս ճաշին անունը կը մնայ «բանջար չկայ» ուրֆացիներուն համար, ուրիշներ զայն կը կոչեն նիւիկ:
«Պորանի»ն ալ համեղ, տոհմիկ ճաշատեսակ մըն է, կարելի է պատրաստել բանջարով: «Պորանի»ն դարձեալ բանջարով, սիսեռով եւ միսով պատրաստուած ջրիկ ճաշ մըն է, զոր ուտելու ժամանակ կը համեմեն մածուն եւ սխտորի խառնուրդով: Այս ճաշի անունին հետ առընչուող հետաքրքրական պատում մըն ալ կայ․ ըստ պարսկական աւանդազրոյցին՝ «պորանի» անուանումը յառաջացած է Սասանեան Խոսրով արքայի դուստր՝ Պուրանդուխտի անունէն: Երբ արքայադուստրը գահ կը բարձրանայ, մածունը շատ սիրելուն պատճառով, իր պատուին պատրաստուած բոլոր մածունով կերակրատեսակները կը կոչուին «պորանի», որոնցմէ մէկն է նաեւ այս ճաշատեսակը:
Բայց ո՛չ, ես հօրս սիրածը պատրաստեմ, ինչպէս նաեւ բանջարէն մաս մըն ալ ամբարեմ, որ յառաջիկայ Ծնունդը առանց «բանջար չկայ»ի չթեւակոխենք, թէեւ գիտեմ, որ պիտի սննդազրկուի պահածոյ բանջարը, բայց ի՛նչ ընենք, ամէն լաւութիւն մէկ տեղ չի գտնուիր, հօրս գոհունակ ժպիտը սնունդ կը պարգեւէ ճաշին, «պորանի»ն ալ մօտ օրէն կը պատրաստենք:
Բաւական ծանրացաւ բեռս, լաւ որ բնակարանս մօտ է, վաղն ալ կը ծանրաբեռնուիմ ծիրանով, անուշի կամ մուրապպայի համար լաւ ծիրաններ կան նաեւ շուկան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024