ԾԻԱԾԱՆԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Ծիածանը մարդուս գլխուն վրայ է եւ ո՛չ թէ ոտքերու տակ, ուստի ծիածանը տեսնելու համար մարդ աչքերը դէպի վե՛ր վերցնելու է՝ դէպի ամպերը։ Շատ նշանակալից է այս, թէ ծիածանը վե՛րն է եւ ո՛չ թէ վարը։
Այս բնական երեւոյթին ֆիզիքական բացատրութիւնը կը տեսնենք. արեւն ալ մարդուս գլխուն վրան է՝ վե՛րը, ինչպէս նաեւ լուսինը եւ գիշերուան բոլոր «լապտեր»ները, փալփլուն աստղերը, սուտակավառ մոլորակները։
Բոլորն ալ վե՛րն են։ Փառքի եւ գեղեցկութեան բոլոր հրաշալիքները, ամբողջ պատկերներուն ցուցափեղկը երկինքի բիւրեղեայ գո՛գն է։ Եւ Աստուած Ի՛նք, գեղեցկութեան հրաշագործ ստեղծիչը, արարիչը, նոյնպէս, հո՛ն՝ վերն է։
Ճշմարտութիւնները աժանցնելու փորձութենէն պէտք է զգուշանալ։ Բարձր գաղափարներու, անգին արժէքներու վրայ չե՛նք կրնար խորհրդածել եւ խօսիլ այն թեթեւամտութեամբ՝ որով մեր տան որեւէ կարասիին մասին, եւ կամ կերակուրի մը մասին կը խօսինք կամ կարծիք կը յայտնենք։
Ուստի պէ՛տք է փոխել մեր հոգիին եւ մտքին, խորհուրդներուն մակարդակը։ Հասարակ եւ պարզ տեղերու մակարդակէն բարձրանալո՛ւ է մարդ, եւ արժանի է՝ «վերի բաներու» վրայ խորհիլ, վերին գաղափարները մտածել։
Ուրեմն Աստուած, Քրիստոս, Աւետարան, յաւիտենական եւ անփոփոխ ճշմարտութիւններ՝ մարդուս ոտքերուն տակ չե՛ն, որ «վար»երը, վար տեղեր նայինք. անոնք վե՛րերն են եւ պէ՛տք է, որ մեր հոգեւոր աչերը, մեր իմացականութիւնը դէպի վե՛ր դարձնենք տեսնելու զանոնք իրենց իրական ու լուսեղէն համեմատութիւններովը։
Օր մը, երիտասարդ մը, ծխախոտ մը ակռաներուն տակ կը ներկայանայ հոգեւորականի մը։ «Ձեզի հետ Աստուծոյ մասին տեսակցիլ կը փափաքիմ», կ՚ըսէ երիտասարդը։ «Սիրո՛վ», կը պատասխանէ հոգեւորականը, եւ կը շարունակէ. «բայց եթէ Աստուած պիտի ըլլայ մեր տեսակցութեան նիւթը, նախ սա ծխախոտը բերնէդ հանելու ես»։ Ուստի, հոգեւորականը ըսել կ՚ուզէ, թէ՝ Աստուծոյ հանդէպ պահանջուած պատկառալից դիրք, ակնածական ու յարգալից կեցուածք եւ տրամադրութիւն՝ նախնական պայման է Աստուծոյ մասին խորհելու, խորհրդածելու, զԱստուած տեսնելու եւ հասկնալու, Անով լիանալու համար։
Նայեցէ՛ք, ոմանց բերնին մէջ ամէն սրբազան խորհուրդ եւ ճշմարտութիւն սոսկ «ծամոց»ի պէս է։
Աղօթքը, ներհայեցողութիւն եւ էապէս Աստուծոյ ներկայութեան խորունկ գիտակցութիւն կ՚ենթադրէ, եւ հաղորդակցութիւն՝ այդ ներկայութեան հետ։ Բայց աղօթքն ալ շատերու համար անիմաստ շաղակրատութեան մը վերածուած է, այնքան որ, վկայած ենք աղօթողներու, աւելի ճիշդ է ըսել՝ աղօթել ձեւացնողներու, որոնք իրենց ձեռքին մէջ բջիջային հեռաձայն մը կը շարունակեն խօսիլ իրենց հեռաձայնի վրայ գտնուող խօսակիցին հետ։ Եւ դժբախտաբար չենք լսած, այլ ուղղակի՛ տեսած, կենդանի վկան եղած ենք այս իրողութեան։ Ուստի աղօթքը, պաշտամունքը, հաւատքը պէտք չէ այսքան «ջրոտի» եւ այսքան սովորական ու հասարակային արարքի մը վերածուի։ Արդարեւ կան հաւատալիքներ, կան մարդկային արարքներ՝ որոնք պէտք է մի՛շտ վերը ըլլան եւ միշտ վերը մնան։ Մա՛րդ բջիջային հեռաձայնի խօսակիցը պէտք չէ՛ նոյնացնէ եւ կամ մասնակից ընէ Աստուծոյ հետ խօակցութեան…։
Աղօթքը ամէն ձեւակերպութենէ, ձեւապաշտութենէ պէտք է հեռո՛ւ ըլլայ, քանի որ աղօթքի համար պայմա՛ն է՝ անկեղծութիւնը, հօր եւ որդիի մտերմութիւնը։ Եւ եթէ ձեւականութիւն կը փնտռուի՝ այդ միայն կրնայ ըլլալ՝ ակնածանք, յարգանք ու մեծարանք արտայայտող կեցուածք, որոնց մէջ պայմա՛ն է՝ անկեղծութիւնը։ Այս իմաստով, շատ անգամ, աղօթքը պարզ շաղակրատութիւն մըն է՝ ձանձրալի կրկնութիւն մը կաղապարուած բառերու, որոնց մէջ պարունակութիւն չկա՛յ, սնամէջ խօսքեր միայն, սոսկ ձայն ու ծնծղայ։ Աղօթքը, մինչդեռ ձայնէն աւելի՛ն է։
Տեսնուած է, որ ոմանք կ՚աղօթեն՝ ինչպէս գաւաթ մը ջուր պիտի խմէին, նո՛յնքան անպատրաստութեամբ, անփոյթ ու անտարբերութեամբ։ Թէ՛ վատ, ստորին եւ աղտոտ խորհուրդներու եւ զգացումներու ճահիճի մը մէջ թափառիլ եւ թէ՛ նոյն ատեն Աստուծոյ երեսը տեսնել եւ զԱստուած վայելել, Աստուծոյ ներկայութիւնը ըմբոշխնել՝ անկարելի՛ է։ Մարդ երկու տէր չի կրնար ունենալ եւ երկուքին չի կրնար ծառայել։ Բարիի եւ չարի նկարագիրներն ալ չեն կրնար փոխուիլ՝ չարը միշտ «չա՛ր» է եւ բարին ալ միշտ «բարի»։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ՝ իւրաքանչիւր անձ՝ իր նկարագրին համեմատ հաւատք մը, հաւատալիք մը ունի եւ ըստ իր նկարագրին կը շարժի եւ մարդուս ամբողջ էութիւնը՝ մարմին-հոգի-միտք, անբաժան միութիւն մը կը կազմեն, որուն կ՚ըսենք. «մա՛րդ»։
Եւ մեր այսօրուան քրիստոնէութեան ընդհանուր եւ յատկանշական այլասերումը ասոր մէջ է, որ կ՚ուզենք զԱստուած վա՛ր քաշել եւ մեր կեցած մակարդակին վրայ, մեր քովը բերել, եւ մեզի հետ, մեզի հաւասար կանգնեցնել՝ փոխանակ մենք վեր ելլել ջանալու։ Այսօր եւ դժբախտաբար, ընդհանուր տեսարանը այն է, որ «առանց վեր բարձրանալու» մեր հեթանոս եւ հաւատալիքներու, ճշմարտութիւններու անտարբեր կեանքին մակարդակէն՝ կ՚ուզենք Աստուծոյ տեսիլը ունենալ, Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելել, զԱստուած ապրիլ եւ այս պայմաններու մէջ կ՚ուզենք «քրիստոնեայ» կոչուիլ, «քրիստոնեայ» ըլլալ։ Եւ աւելի լա՛ւ է ըսել՝ կ՚ուզենք առանց քրիստոնէութիւնը ապրելու՝ քրիստոնեայ երեւիլ…։
Անունով միայն քրիստոնեայ ըլլալ, բայց քրիստոնէութեան պատասխանատուութենէն զերծ մնալ։
Այս կը նմանի իրաւունքները վայելել, բայց պարտաւորութիւններէն եւ անոնց պատասխանատուութիւններէն խոյս տալ, պրծիլ։ Բայց կեանքի մէջ չկայ որեւէ վայելում առանց պարտականութեան, առանց պատասխանատուութեան։ Ամէն իրաւունք ունի իր համապատասխան պատասխանատուութիւնը։ Արդարեւ անկարելին է որ կը փորձենք, եւ տակաւին որեւէ նշան չկայ, թէ կը զգանք ու կ՚անդարդառնանք, թէ՝ անկարելին է որ կը փորձենք…։
Երբ որեւէ պատճառով յուսահատութեան մատնուի մարդ, Աստուած երկինքի երեսը իր բարի խոստումներուն անշարժ կնիքը կը դնէ գունազարդ աղեղով մը։ Ահաւասիկ, ծիածանն է ան՝ նոր յոյսերու, նոր ծրագիրներու, նոր կեանքի հաւաստիքն է։
Ծիածանը, Աստուծոյ՝ մարդոց հետ կնքած ուխտին կնի՛քն է. «Եւ աղեղը ամպին մէջ պիտի ըլլայ, ու անոր պիտի նայիմ եւ յաւիտենական ուխտը յիշեմ»։
Աստուած երբեք չի մոռնար իր ուխտը, քանի որ Աստուած հաւատարիմ է, իսկ մոռցողը մարդիկ են, քանի որ այնքան հաւատարիմ չեն իրենց հաւատարիմ Աստուծոյ։ Մարդիկ շուտ կը մոռնան եւ այդ մոռացութիւնը կը բերէ ապերախտութիւնը…։
Բայց հարցը սա է. մարդիկ ապերախտ ե՞ն քանի որ մոռացկոտ են, թէ՝ մոռացկոտ են, որովհետեւ ապերախտ են։ Ի՞նչ կը խորհիք, ես չկրցի որոշում մը տալ այս մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 20, 2016, Իսթանպուլ