ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐՊԷՍ ԱՐԺԷ՛Ք
Յաճախ կը խօսինք «կեանք»ի մասին այս սիւնակներուն մէջ։ Կը խօսինք քանի որ կեանքը միշտ մեզի հետ է, եւ մենք անոր հետ։ Արդարեւ, եթէ կեանք չըլլայ, մարդն ալ չ՚ըլլար։ Մարդ կա՛յ, քանի որ կեանքը կա՛յ…։
«Մարդ»ը եւ «կեանք»ը լուծել, հասկնալ կարելի չէ, անոնք միշտ «անծանօթներ» են իրարու։ Ինչո՞ւ կեանք կայ՝ մարդո՞ւն համար թէ՝ մարդ կա՛յ, մարդ գոյութիւն ունի կեանքին համար։ Ո՞ր մէկը կը յաջորդէ, կամ ըսենք, ո՞ր մէկը միւսը կ՚ամբողջացնէ։ Յայտնի չէ՛։ Բայց սա իրականութիւն մըն է, թէ՝ մարդը կ՚ապրի կեանք մը՝ ծնունդին եւ մահուան միջեւ «միջոց» մը։
Եթէ մարդ կայ, կեանք ալ կայ, եւ եթէ կեանք կայ, մարդ ալ կայ… ըսենք, եւ անցնինք…։ Բայց այդ կեանքը որ կայ, ինչպէ՞ս «պէ՛տք է ապրիլ», կարեւորը այդ է։ Կեանքը պէտք է ապրիլ «արժէք»ի սկզբունքին կապուած ըլլալով, մարդկային գոյութեան բոլոր երեսակներովը։ Եւ երբ կեանքը կ՚ապրուի արժէքի սկզբունքով, այն ատեն կեանքը ստեղծագործութիւն մըն է՝ կառուցում մը եւ արտադրութի՛ւն մը…։
Ամերիկացիներ կ՚ըսեն, թէ՝ երբ մարդ կ՚ուզէ մե՛ծ գործ մը կատարել, յաջողութիւն մը ձեռք ձգել մնայուն, պէտք է որ ամէն մարդու կատարած, հասարակ գործէ մը տարբեր, եզակի գործ մը կատարէ. իսկ եթէ այդ չի կրնար ընել՝ թող ամէն մարդու կատարած, հասարակ գործ մը՝ լաւագոյն կերպով կատարէ։ Եւ ահաւասիկ, կեանքը իր արժէքին համեմատ, կեանքը իր իմաստին համաձայն ապրելու՝ արժէքի սկզբունքին համաձայն վայելելու կերպը ա՛յս է։ Արդարեւ ամէն մարդ կ՚ապրի կեանքը, կասկած չկայ այդ մասին, բայց ոմանք կ՚ապրին զայն գիտակցութեամբ, զգալով, եւ ոմանք ալ՝ անգիտակցաբար, անզգա՛յ։ Ոմանք կեանքի արժէքը գիտնալով, ոմանք ալ՝ առանց արժէքը գիտնալու…։
Եւ կարծեմ կեանքը ապրելու, կեանքը վայելելու, կեանքի մը գոյութեան անդրադառնալու խնդիրին մէջ կարեւորը՝ զայն գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ապրելու մէջ կը կայանայ։ Ոմանք կեանքը կ՚ապրին պատահաբար, դիպուածի մը արդիւնք համարելով զայն, ոմանք ալ «արժէքի սկզբունք»ով եւ բանականութեամբ, միտք եւ զգացում դնելո՛վ։
Սակայն պէտք է խոստովանինք, որ գիտակցաբար կեանքը ապրողներու թիւը շատ աւելի քիչ է, քան՝ անգիտակցաբար ապրողներու թիւը։
Եւ ահաւասիկ բուն հարցը հո՛ս է։
Կեանքը ապրիլ կամ չապրիլ՝ արժէքի մը սկզբունքով։ Անգիտանալ, թէ՝ կեանքը արժէք մըն է։
Այս իմաստով եւ հասկցողութեամբ ահաւասիկ կարելի է բաժնել մարդիկ՝ «մեծ» մարդիկ, կամ «հասարակ» մարդիկ։ Կեանքը արժէքի սկզբունքով եւ գիտակցաբար, զգացումով ապրեցան եւ իրագործեցին ու ստեղծագործեցին «մեծ» մարդիկ՝ որ արձանագրած է մարդկային ընդհանուր պատմութիւնը։
Անոնց կեանքը պատմութեան մէջ կը յիշուի որպէս «տիպար», այն սերունդները, որոնք հանդիսացան «Վերածնունդի սերունդ»ներ կամ «ստեղծագործնե՛ր» իր իրական իմաստով։ Ուստի արժէքի հաւատքը, արժէքի հասկցողութիւնը իրենց հոգիին մէջ՝ արժէքներու արտայայտութիւնները քանդեցին այդ նուիրական «ստեղծագործ» սերունդները։ Այդ արժէքները կազմուած ու ձեւաւորուած էին իմաստէ ու հոգիէ, գեղեցկութենէ, բարութենէ եւ ճշմարտութենէ։
Արդարեւ, այն՝ որ գեղեցիկ է, բարի է եւ ճշմարիտ, արժէք մըն է, արժէքի սկզբունքին մաս կը կազմէ. անոնք հինը ջնջեցին եւ նորը կառուցանեցին։
Նորին ճաշակը, նորին ըմբռնումը, նորին գեղեցկութիւնը ներկայացուցին իսկական արժէքին մէջ։
Զոր օրինակ՝ Մեսրոպ Մաշտոց մը, Մաշտոցեան ամբողջ սերունդ մը այդպէս ապրեցան եւ կերտեցին «Ոսկեդար»ը՝ պարծանքը հայ գրական ու մշակութային կեանքի եւ պատմութեան։
Եւ ահաւասիկ, այս օրինակով եւ նմաններով, սերունդնե՜ր, եւ սերունդներու բազմերախտ նուիրական գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի վաստակաւորներ պիտի շարունակեն հոգեմտաւոր կեանքը հետզհետէ զարգացնելով, հետզհետէ ճոխացնելով եւ նոր արժէքներ ստեղծելով։ Այսպէս եթէ գործեն, այսպէս եթէ «արժէքի սկզբունք»ով շարժին նոր սերունդի գիտակից եւ զգայուն ներկայացուցիչներ, պիտի չմոռնան երբեք, պիտի չկորսնցնեն բնաւ իրենց հաւատքը գիտակցութեան եւ կեանքի դերակատարութեան մէջ։ Կեանքը արժէքի սկզբունքի գիտակցութեամբ ապրիլ, վարել՝ «մեծ գործ»եր կատարելու, նպատակի մը ծառայելու միակ ճամբա՛ն է։
Պէտք չէ մոռնալ, թէ՝ կեանքը յաջողութամբ ապրելու, մեծ գործեր կատարելու ծնո՛ւնդն է՝ արժէքի սկզբունքին վրայ հաստատուած միտքերու եւ գործիչներու գոյութիւնը։ Աւելի եւս անոնց բազմանալը՝ մեծամասնութիւն կազմելը հաւաքականութան մէջ։ Ասոր համար կեանքին պէտք է նայիլ՝ որպէս հաւաքականութեան բաղկացուցիչը։ Այս կը նշանակէ՝ իւրաքանչիւր անհատի գիտակցութիւնը հաւաքականութեան մէջ. գիտնալ ամէն մէկուն իրաւունքը, պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները, շարժիլ ըստ պատասխանատուութեան, չափ ու սահմանը լաւ որոշել ազատութիւններու, եւ ապրիլ ո՛չ թէ անհատական կիրքերու մղումով, այլ հաւաքականութեան մը անդամը՝ մասնիկը ըլլալու գիտակցութեամբ։ Ընկերային խաղաղութեան եւ երջանկութեան արգե՛լք է՝ ինքնակեդրոն, ինքնամոլ եւ եսամոլ մարդը։
Հաւաքականութեան մէջ կարեւոր է «իրարու համար ապրիլ», իրարու պակասը ամբողջացնել, իրարու տկարութիւնը զօրացնել, եւ մէկ խօսքով՝ «իրերօգնութի՛ւն», որուն կոչուած է մարդ էակը իր ստեղծագործութենէն իսկ։ Յատկապէս մեր օրերուն ո՜րքան կարօտը ունի մարդկութիւնը այս սերտութեան, անհատներու ներդաշնակութեան, ներքին եւ արտաքին խաղաղութեան, սիրոյ եւ իրերօգնութեա՛ն։
Եւ մարդկութիւնը, պատմութեան մէջ, եւ ներկայիս ո՜րքան տառապեր է եւ կը շարունակէ տառապիլ այն «բացակայութենէն», որ անուրանալի բարիքն ու օգուտը կը զլանայ իրեն՝ հարցերու, խնդիրներու եւ իրողութիւններու, պատահարներու եւ երեւոյթներու, անհատներու եւ հաւաքականութիւններու հանդէպ մօտեցման նկատմամբ։ Ուստի յստակ եւ առողջ դատելու եւ զատորոշումի՝ մարդուն տկարութիւնը եւ թերութիւնը ի՜նչ աւերներ կը գործեն հաւաքական կեանքով ձեռք բերուելիք շահերու հետապնդումի ճամբուն վրայ։
Այո՛, բնական է եւ բանակա՛ն, տեսակէտներ եւ գաղափարներ կրնան տարբեր ըլլալ, եւ պէ՛տք է ըլլան, կրթութիւն, ապրելակերպ, զգացում՝ նո՛յնպէս կրնան տարբեր ըլլալ։ Բայց այս բոլորէն վե՛ր կայ եւ պէ՛տք է ըլլայ «ընդհանրական միասնութիւն եւ հասարակաց զօրութիւն»ը՝ որ ամբողջութիւնը կը կազմէ հաւաքականութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 18, 2016, Իսթանպուլ