ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐ ԱՌՈՒՄՆԵՐՈՎ ԴԱՐՁԱՒ ԳԱՂԹԱԿԱՆ
Երբ անցնող 28 Փետրուարին Ռուսաստանի գերագոյն ուժերու հրամանատարութիւնը որոշում կ՚առնէր հեռացնելու իր «կարեւոր» համարուած ուժերը Սուրիայէն, բոլորին կը թուէր, թէ պատերազմը մօտեցած է իր աւարտական փուլին:
Սակայն գետնի վրայ եղած դէպքերը եւ Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն կատարած գործողութիւնները յօդս կը ցնդեցնէին այդ տեսակէտը:
Սիւննի աշխարհին ու մասնաւորապէս Ռիատի հովանին վայելող ուժերը, մտադ-րած էին ամէն գնով ծանր հարուած տալ Պեշար Էսատի կառավարական ուժերուն՝ այս անգամ խաղին մէջ մտնելով Հալէպի հիւսիսային շրջաններու պատուհանէն: Սուրիոյ բանակը եւ անոր կողքին կռուող «Հիզպուլլահ»ը ծանր կորուստներ կը կրէին Հալէպի մերձ եղող «Ալ Իս» աւանին մէջ: Մինչ «Ալ Ժազիրա» կայանը կը խօսէր «Հիզպուլլահ»ի հարիւրաւոր զոհեր ունենալու մասին, անդին «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդ Հասան Նասրալլա 24 Յունիսին պատկերասփռուած ելոյթի մը ընթացքին կը յայտնէր, թէ Յունիս ամսուան սկիզբէն ի վեր զոհուած են կազմակերպութեան քսանվեց զինեալներ:
Սուրիոյ պատերազմին մաս կը կազմէ նաեւ տեղեկատուական պայքարը եւ հակամարտող կողմերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ տեղեկութիւն տալ, նկատի առնելով իր շահերը ու մանաւանդ այդ լրատուութեան ունենալիք ազդեցութիւնը գետնի վրայ գրանցուող դէպքերուն վրայ:
Նոյն ծիրին մէջ պէտք է տեղադրել այս անգամ շիի մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն կողմէ կատարուած հաղորդումները, ուր բառացիօրէն կ՚ըսուի, թէ Յունիս ամսուան սկիզբէն ի վեր «չափաւորական» ճանչցուած խմբաւորումներու զոհերուն թիւը գերազանցած է վեց հարիւրը:
Սուրիան բզիկ-բզիկ ըրած պատերազմը հասած է այնպիսի փուլ մը, որ դէպքերուն մասին եղած լրատուութիւնն անգամ դրական «շոք» իրականացնելու ուժ չունի:
Ժընեւի ժողովները գրեթէ դադրած են: Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Սթեֆան տէ Միսթուրան «յոգնութեան» նշաններ ցոյց կու տայ եւ բանակցութեան ճամբով դրական տեղաշարժ կատարելու հնարաւորութիւնները այս հանգրուանին չքացած են:
Երբ կը լռէ բանակցութեան լեզուն, խօսքը, դարձեալ առիթ կը տրուի թնդանօթին: Ու այս պրիսմակէն դիտելով կարելի է տեսնել, որ յառաջիկայ զինուորական հիմնական ճակատամարտը տեղի պիտի ունենայ Հալէպի մէջ:
Իրանի անմիջական նեցուկով Միջին Արեւելքի ֆոնին վրայ ուժեղ ներկայութիւն դարձած «Հիզպուլլահ»ն այս «աւետիս»ը կը փոխանցէ: Անոր առաջնորդ Հասան Նասրալլան բացէ ի բաց կը յայտարարէ, որ Հալէպի պատերազմը պիտի ըլլայ կարեւորագոյն մարտ մը, որ պիտի պսակուի իրենց կողմի (Սուրիոյ բանակ, «Հիզպուլլահ», իրանեան ջոկատներ) անյետաձգելի յաղթանակով: Անոր համար Հալէպի մէջ սկիզբ առնելիք պայքարը «մահ ու կենաց» պայքար է եւ իր կարծիքով՝ Ռիատ եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն ամէն գնով տեղաշարժ մը ընել Հալէպի մէջ:
Խօսելով ընդդիմութեան մասին՝ պէտք է անպայման շեշտադրել, որ հակառակ իր կրած ծանր հարուածներուն, Սուրիոյ ընդդիմութիւնը տակաւին հեռու է «տարրալուծուելէ»: Հակառակ «Ժայշ Ալ Իսլամ»ի, «Ահրար Ալ Շամ»ի եւ «Ալ Նըսրա» ճակատի միջեւ տեղի ունեցած ներքին բախումներուն եւ դաւերուն, ընդդիմութեան ջոկատներ կը շարունակեն ազդեցութիւն գործել մանաւանդ Հալէպի շուրջ:
Ինչ խօսք, որ հայութեան համար եւս Հալէպը իր խորհրդանշական դիրքն ու իմաստը ունի: Գաղտնիք ալ չէ, որ այսօրուան տուեալներով Հալէպի մէջ մնացած է ամենաշատը ութ հազար հաշուող համայնք մը: Հոն գտնուողներէն շատեր անցնող Ապրիլին տեղի ունեցած ծանր հրթիռարձակումներէն ետք ու յոգնելով պատերազմի ծանր դրութենէն կը փորձեն վերջնականապէս լքել Հալէպը: Քիչ չէ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք ծանր պայմաններուն առջեւ տեղի տալով եւ չուզելով վերջնականապէս լքել Հալէպը, որոշած են տեղափոխուիլ Քեսապ: Քեսապ հաստատուած հալէպահայ ընտանիքներուն թիւը կը հասնի քսանի: Կան նաեւ ուրիշներ, որոնք նոյնպէս հաւատալով Հալէպի մէջ իրադրութեան կայունացման կամ առնուազն յոյս ունենելով, որ զինուորական գործողութիւնները պիտի դադրին, տեղափոխուած են ծովեզերեայ Թարթուս քաղաքը եւ նոյնիսկ անոր շուրջ եղող աւաններ. օրինակ՝ «Մաշթալ Հըլու» աւանը: Հոն հաստատուած հայ ընտանիքներուն թիւը կը հասնի հարիւրքսանի (Թարթուս եւ Մաշթալ Հըլու միասին): Սուրիահայութեան համար այլ վէրք է հեռաւոր ափեր գաղթելու երեւոյթը: Մինչ անցեալ ամիսներուն մեծ թիւով սուրիահայեր կը գաղթէին դէպի Գանատա, այս օրերուն անոնց կիզակէտը դարձած է Աւստրալիան: Մեծաթիւ հալէպահայեր ցամաքային ճանապարհով կը մեկնին Պէյրութ ու տեղւոյն ՄԱԿ-ի փախստականներու գրասենեակը դիմելով կը ստանան համապատասխան փաստաթուղթեր: Ապա անոնք կը դիմեն Պէյրութի Աւստրալիոյ դեսպանատուն եւ կը սպասեն իրենց հերթին... Հալէպէն ստացուած տեղեկութիւններու հիմքով Աւստրալիոյ կառավարութիւնը որոշած է մինչեւ տարեվերջ ընդունիլ երկու հազար փախստականներ ու այդ գաղթականներու մեծագոյն տոկոսը պէտք է ըլլան անդամ Սուրիոյ փոքրամասնական համայնքներուն, որոնցմէ են նաեւ հայերը:
Եթէ դէպքերը այս հունով ընթանան, ապա շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին Հալէպի հայութեան մնացած մասն ալ հեռանայ գաղութէն:
Տարբեր ամպիոններու ու մակարդակներու մտահոգութեան առանցք հանդիսացող հալէպահայութիւնը տարբեր ձեւերով պիտի «տարրալուծուի» այլ գաղութներու եւ Հայաստանի մէջ:
Այս վիճակը պէտք չէ տեղադրել ժխտական ընդհանուր տեսարանի մը մէջ, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ Հալէպի հայութիւնը Սուրիոյ մէջ դժուար թէ ունենայ իր երբեմնի «փառքի օրեր»ը:
Այս իրադրութեան առջեւ պատասխանատու են բոլորը, որովհետեւ արդէն հինգ տարիէ ի վեր արիւնահոսուող այս գաղութին համար իրատեսական եւ անկեղծ ծրագիրներ չեղան:
Քննադատութիւն ընելու կամ եղած բացթողումները պախարակելը բան չեն փոխեր իրադրութենէն:
Այսօր ամբողջ գաղութ մը կը տեղահանուի ու ատոր դիմաց, մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր մեղքի բաժինը:
Ճիշդ է, որ Սուրիոյ պատերազմը անկասելի է ու ճշմարիտ է նաեւ, որ մենք իբրեւ հայութիւն այդ պատերազմին դիմաց գործնական քայլեր առնելու ուժական գործօններ չունինք: Բայց այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ հայութիւնը իր տարբեր խաւերով կարողութիւնը ունէր այդ գաղութը դէպի Հայաստան տարհանելու: Թերեւս ստեղծելով առժամեայ բնակութեան վայրեր ու սպասելով, որ տագնապը ձեւով մը փարատի:
Բայց չեղաւ այդ մէկը:
Ու այսօր այդ բոլորին դիմաց սուրիահայութիւնը, որպէս գաղթական դարձած գաղութ կ՚ապրի իր կեանքի ամենէն դաժան օրերը:
Տխուր եւ մութ պատմութիւններ կը հիւսուին մեր շուրջ: Մեծ ու վտանգաւոր ալիքներէն փրկուած մեր հայրենակիցները ափէ-ափ կը զարնուին եւ թախիծով կը գրեն իրենց նոր կենսագրութեան դաժանագոյն էջերը:
Ճշմարտութիւն է նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմը Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ շրջաններու մէջ գրեթէ հարիւր տարիէ ի վեր ապրող հայութեան համար «մահ ու կենաց» պատերազմ մը չեղաւ: Այս խնդիրը լուրջ վերլուծման արժանի է, որովհետեւ սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը նախընտրեց թողել ամէն ինչ եւ յանուն իր կեանքի փրկութեան հեռանալ այդ քաղաքներէն:
Ոչ ոք այպանելի է:
Սուրիոյ մէջ եղող պատերազմը հայ ժողովուրդի պատերազմը չէ ու այս խօսքին գլխաւոր ապացոյցը, ոչ թէ խօսուած ճառերն ու քարոզներն են, այլ շուրջ քառասուն-յիսուն հազար հայորդիները, որոնք այսօր գաղթականի դժուար կեանք կը վարեն տարբեր երկինքներու տակ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան