11 ­Յու­լիս. «Աշ­խար­հի Բ­նակ­չու­թեան Օր»ը. Երկ­րա­գուն­դի Բնակ­չու­թեան Հսկա­յա­քայլ Ա­ճին Մեծ Հո­գե­րը

Աս­կէ ե­րեք տաս­նա­մեակ յե­տոյ, 2046 թը-ւա­կա­նին, ե­թէ ան­նա­խա­տե­սե­լի ո­րե­ւէ ա­ղէտ չպա­տա­հի եւ մարդ­կու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ իր ա­ճի ներ­կայ կշռոյ­թը, մաս­նա­գէտ­նե­րու գնա­հա­տու­մով՝ մեր երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թեան թի­ւը պի­տի անց­նի 9 մի­լիա­ռը։

Իսկ այ­սօր ար­դէն կ­­՚ապ­րինք ա­ւե­լի քան 7 մի­լիառ մարդ ապ­րեց­նող երկ­րա­գուն­դի մը վրայ, որ կը դի­մագ­րա­ւէ ոչ միայն մարդ­կու­թեան թո­ւա­կան ա­ճը հա­կակշ­ռե­լու եւ հա­մա­հա­ւա­սար զար­գա­ցում ու բա­րե­կե­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու մեծ մար­տահ­րա­ւէ­րը, այ­լեւ՝ երկ­րա­գուն­դը մարդ էա­կի գոր­ծած ա­ւեր­նե­րուն, ա­պա­կա­նում­նե­րուն եւ մսխում­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նե­լու կե­նաց-մա­հու խնդի­րը։

11 ­Յու­լիս 1987-ին, երբ երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թեան թի­ւը ան­ցաւ 5.000.000.000-ը, ա­ւե­լի լաւ ու բա­րօր աշ­խար­հի մը պա­հան­ջով թափ ա­ռած հա­սա­րա­կա­կան շար­ժում­նե­րը սկսան ճնշում բա­նեց­նել Մ­ԱԿ-ի վրայ, որ­պէս­զի կա­յաց­նէ աշ­խար­հի Բնակ­չու­թեան մի­ջազ­գա­յին օր մը հաս­տա­տե­լու ո­րո­շու­մը՝ զայն նո­ւի­րե­լով մարդ­կու­թեան ժո­ղովր­դագ­րա­կան ա­պա­գան բա­րե­լա­ւե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քին։

Երկ­բե­ւեռ աշ­խար­հա­կար­գի փլուզ­ման նա­խօ­րէն էր։ Եր­կու տա­րո­ւան ճամ­բայ կտրած էր ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թեան «կոր­պա­չե­ւեան վե­րա­կա­ռուց­ման» յու­սա­հա­տա­կան փոր­ձը։ Ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը կը տես­նէր ու կը գի­տակ­ցէր, որ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թիւ­նը լրիւ սնան­կա­ցած էր՝ թէ՛ քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան, թէ՛ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին ա­ռում­նե­րով։ Այ­սու­հան­դերձ՝ 1987-ին դեռ ոչ ոք վստահ էր, որ մէկ ձեռ­քի մատ­նե­րուն վրայ համ­րո­ւող տա­րի­ներ միայն մնա­ցած էին «­Չա­րի­քի ­կայս­րու­թեան» վերջ­նա­կան փլու­զու­մին հա­մար։

Նախ 1989-ին փուլ պի­տի գար ­Պեր­լի­նի պա­տը, որ Եւ­րո­պան եւ ամ­բողջ աշ­խար­հը երկ­փեղ­կած էր շուրջ կէս դար եւ ո­րուն պի­տի հե­տե­ւէր, 1991-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­Խոր-հըր­դա­յին ­Միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան լու­ծա­րու­մը։

1987-ին նոյն­պէս տե­սա­նե­լի էին նա­խան­ը-շան­նե­րը Ա­մե­րի­կեան ­Կայ­սե­րա­պե­տու­թեան ե­լեւմ­տա­կան ճգնա­ժա­մին, բայց դար­ձեալ ոչ ոք ստու­գա­պէս կը նա­խա­տե­սէր, որ տնտե­սա­կան-ե­լեւմ­տա­կան ինչ­պի­սի՛ ա­հա­ւոր ան­կու­մի մը նա­խօ­րէին կանգ­նած էր ողջ մարդ­կու­թիւ­նը։

Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, ի տես ա­րա­գօ­րէն ա­ճող աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան թո­ւա­քա­նա­կին, յատ­կա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան մեծ մա­սին սպառ­նա­ցող ա­մէն կար­գի ա­ռող­ջա­պա­հա­կան եւ տըն-տե­սա­կան մա­հա­ցու վտանգ­նե­րուն, հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ թափ ա­ռած ըն­կե­րա­յին շար­ժում­նե­րը ար­դէն ի վի­ճա­կի դար­ձած էին ի­րենց օ­րա­կար­գը պար­տադ­րե­լու երկ­րա­գուն­դի ճա­կա­տա­գի­րը ղե­կա­վա­րող ու­ժե­րուն, որ­պէս­զի այս վեր­ջին­նե­րը ար­մա­տա­կան վե­րա­նայ­ման են­թար­կեն ի­րենց ե­սա­սի­րու­թիւ­նը եւ ան­մարդ­կա­յին ան­տար­բե­րու­թիւնն ու ան­հո­գու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան լքեալ, անս­նունդ, վա­տա­ռողջ եւ մե­ծա­քա­նակ մա­հա­ցող մե­ծա­մաս­նու­թեան նկատ­մամբ։

Այդ ճնշում­նե­րը ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւե­ցան 1989-ին, երբ Մ­ԱԿ-ի ­Զար­գաց­ման ծ­­րագ­րի ­ղե­կա­վար ­խոր­հուր­դը իր թիւ 89/46 ո­րո­շու­մով Մ­ԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին յանձ­նա­րա­րեց ­Յու­լիս 11-ը հռչա­կել «Աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան օր»։­

Այդ­պէս ալ ե­ղաւ։­
Եւ ­Յու­լիս 11-ը, Մ­ԱԿ-ի ո­րո­շու­մով, 27 տա­րիէ ի վեր կը նշո­ւի իբ­րեւ «Աշ­խար­հի բ­­նակ­չու­թեան օր»ը։

Այդ ո­րո­շու­մին ար­դիւն­քը ան­մի­ջա­պէս զգա­լի դար­ձաւ նախ ժո­ղովր­դագ­րա­կան հար­ցե­րուն ստա­ցած ա­ռաջ­նա­հերթ նշա­նա­կու­թեամբ՝ ամ­բողջ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը տագ­նա­պեց­նող ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ։

Նո­րա­ծին­նե­րու մա­հա­ցու­թեան ա­րա­գըն­թաց յաղ­թա­հա­րու­մէն մին­չեւ սո­վա­հար­նե­րու փրկու­թեան ուղ­ղո­ւած մի­ջազ­գա­յին օգ­նու­թեանց կազ­մա­կեր­պու­մը, անց­նե­լով կեն­սո­լոր­տի պաշտ­պա­նու­թե­նէն եւ յե­տամ­նա­ցու­թեան մատ­նո­ւած լքեալ­նե­րուն հա­մար զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ա­պա­հո­վու­մէն, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ա­րա­գօ­րէն լծո­ւե­ցաւ երկ­րա­գուն­դը ամ­բողջ մարդ­կու­թեան հա­մար ա­ւե­լի բա­րօր եւ ար­դար աշ­խար­հի մը վե­րա­ծե­լու հա­ւա­քա­կան ճի­գին։

Նոյն այդ ո­րո­շու­մին ար­գա­սի­քը ե­ղաւ ­Հա­զա­րա­մեա­կի ծ­­րագ­րին որ­դեգ­րու­մը, որ ա­հա եր­կու տաս­նա­մեա­կէ ի վեր հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կ­­՚աշ­խա­տի ի սպաս ոչ միայն երկ­րա­գուն­դի բա­րիք­նե­րուն ա­ւե­լի ար­դար վե­րա­բաշ­խու­մին, այ­լեւ մարդ­կա­յին քա­ղա­քակըր-թու­թեան ձեռք­բե­րում­նե­րը հա­ւա­սա­րա­պէս բո­լո­րին մատ­չե­լի դարձ­նե­լու նպա­տա­կին։

Կաս­կա­ծէ վեր է, որ միայն ճամ­բուն սկըզբ-նա­ւո­րու­թեան կը գտնո­ւի մարդ­կու­թիւ­նը։ ­Գաղ­թա­տի­րու­թեան եւ կայ­սե­րա­պաշ­տու­թեան դա­րաշր­ջան­նե­րուն պատ­ճա­ռած չա­րիք­նե­րը՝ ի­րա­ւազր­կում­նե­րը, կե­ղե­քում­նե­րը, ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­ներն ու ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը այն­քան խոր ար­մատ­ներ նե­տած են երկ­րա­գուն­դի ողջ տա­րած­քին, որ նոյ­նիսկ բա­րեա­ցա­կա­մու­թեան լիար­ժէք առ­կա­յու­թեան պա­րա­գա­յին, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը եր­կար ժա­մա­նա­կի եւ ար­մա­տա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րու կա­րի­քը ու­նի, որ­պէս­զի կա­րե­նայ շօ­շա­փե­լի նո­ւա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րել Աշ­խար­հի բ­­նակ­չու­թեան օ­րո­ւան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ճամ­բուն վրայ։

Ինչ­պէս որ Մ­ԱԿ-ի Բ­­նակ­չու­թեան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ հրա­պա­րա­կո­ւած «Աշ­խար­հի բնակ­չու­թիւ­նը 2011-ին» զե­կոյ­ցով նշո­ւած էր՝ «­Մեր այժ­մեան քայ­լե­րէն է կա­խո­ւած, թէ ար­դե­օք մենք ա­պա­գա­յին կ­­՚ապ­րի՞նք ա­ռողջ, կա­յուն կեն­սո­լոր­տով եւ բար­գա­ւաճ կեանքով, թէ՞ դա­տա­պար­տո­ւած կ­­՚ըլ­լանք քա­ղե­լու ան­հա­ւա­սա­րու­թեան եւ տնտե­սա­կան ան­կու­մի պտուղ­նե­րը»:

«­Ճիշդ ծրագ­րու­մի եւ մար­դոց նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած ողջ­միտ ներդ­րում­նե­րու ի­րա­գործ­ման պա­րա­գա­յին, ո­րոնց նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ ոչ միայն վեր­ջին­նե­րուս, այ­լեւ աշ­խար­հի տե­սան­կիւ­նէն ճիշդ ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու ա­նոնց ու­նա­կու­թեան զար­գա­ցու­մը, 7 մի­լիառնոց աշ­խար­հի բնո­րոշ գի­ծե­րը կրնան դառ­նալ բար­գա­ւաճ, կեն­սո­լոր­տով կա­յուն քա­ղաք­նե­րը, ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տու­ժը, որ կ­­՚ա­պա­հո­վէ տնտե­սու­թեան ա­ճը, եւ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, որ իր նպաս­տը կը բե­րէ հա­սա­րա­կու­թեան բա­րե­կե­ցու­թեան», ընդգ­ծած է ա­տե­նին Մ­ԱԿ-ի Բ­­նակ­չու­թեան ­հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Տքթ. ­Բա­բա­տուն­դէ Օ­սո­տի­մե­հի­նի՝ «­Մար­դիկ եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը 7 մի­լիա­ռնոց աշ­խար­հին մէջ» են­թա­վեր­նագ­րով իր զե­կոյ­ցի նա­խա­բա­նով:

Ի­րո­ղու­թիւն է, որ այ­սօր մար­դիկ ա­ւե­լի եր­կար եւ ա­ռողջ կ­­՚ապ­րին ու ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի շատ ե­րա­խա­նե­րու կեան­քը կը յա­ջո­ղո­ւի փրկել: ­Բայց բո­լո­րը չեն, որ կը կա­րե­նան օգ­տո­ւիլ այս ձեռք­բե­րում­նե­րէն կամ կեան­քի ա­ւե­լի բարձր ո­րա­կէն:

Տա­կա­ւին շատ մեծ են ու խոր ան­հա­ւա­սա­րու­թիւն­նե­րը երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թիւ­նը կազ­մող տար­բեր եր­կիր­նե­րուն եւ ցա­մա­քա­մա­սե­րուն մի­ջեւ։

Ամ­բողջ երկ­րա­գուն­դին իբ­րեւ մեր մեծ տու­նը նա­յե­լու եւ ա­նոր հո­գե­րուն ու հե­ռան­կար­նե­րուն ըստ ար­ժան­ւոյն ըն­դա­ռա­ջե­լու հրա­մա­յա­կա­նը շեշ­տող օրն է ­Յու­լիս 11-ը՝ Աշ­խար­հի բ­­նակ­չու­թեան ­մի­ջազ­գա­յին օ­րը։

Այ­սօ­րի­նակ հո­գե­րուն եւ յատ­կա­պէս երկ­րա­գուն­դի բնակ­չու­թեան ե­րի­տա­սարդ տար­րին դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թեանց լու­ծում գտնե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը շեշ­տե­լով՝ եր­կու տա­րի ա­ռաջ, Աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան ­մի­ջազ­գա­յին օ­րուան ա­ռի­թով, Մ­ԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ­քար­տու­ղար Պան Քի Մուն ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէր եւ կը շեշ­տէր.

«­Մե­րօ­րեայ աշ­խար­հին մէջ կ­­՚ապ­րի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­մե­նա­մեծ սե­րուն­դը ողջ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին՝ 1.8 մի­լիառ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնց մեծ մա­սը զար­գա­ցող եր­կիր­նե­րու մէջ է եւ կը տի­րա­պե­տէ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րու դէմ պայ­քա­րին նպաս­տե­լու ահ­ռե­լի նե­րու­ժի: ­Բայց չա­փա­զանց մե­ծա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ զրկո­ւած են ո­րա­կեալ կրթու­թիւն ստա­նա­լու, ար­ժա­նա­պա­տիւ աշ­խա­տանք գտնե­լու եւ ի­րենց հա­սա­րա­կու­թեանց մէջ քա­ղա­քա­կան կեան­քին մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւա­չափ հնա­րա­ւո­րութիւն­նե­րէ:

«Բ­­նակ­չու­թեան ­մի­ջազ­գա­յին օ­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն է, որ­պէս­զի վերս­տանձ­նենք հա­սա­րա­կու­թեան մէջ յա­ռա­ջըն­թա­ցը խթա­նե­լու ա­ռու­մով ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն օգ­նե­լու մեր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը:

«­Գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կան կայ: ­Չա­փա­զանց մե­ծա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ չու­նին աղ­քա­տու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­ներ: ­Յատ­կա­պէս ան­հանգս­տա­ցած եմ ան­չա­փա­հաս աղ­ջիկ­նե­րու հաշ­ւոյն, ո­րոնք կը բա­խին խտրա­կա­նու­թեան, սե­ռա­յին բռնու­թեան, վա­ղա­հաս ա­մուս­նու­թեան եւ ան­ցան­կա­լի յղու­թեան խնդիր­նե­րուն»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2016