ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի ու պարի համոյթի հիմնադիրներէն եւ գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր պարուսոյց Կարպիս Չափքան արժանացաւ Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» ոսկեայ շքանշանին։ Այս առթիւ Սամաթիոյ Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ եկեղեցական արարողութիւն մը՝ հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Զաքէոս Ծ․ Վրդ․ Օհանեան։ Օրուան Ս․ Պատարագը մատոյց Տ․ Շիրվան Քհնյ․ Միւրզեան։ Ս․ Սեղանին սպասարկեցին Գէորգ Ներկիզ, Ալէն Տիրան Ներկիզ, Արման Պուլտուքեան սարկաւագներն ու այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան Դպրաց Դասու անդամներուն կողմէ՝ Սեւան Ակօշեանի խմբավարութեամբ։
Արարողութեան ներկայ էին Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ ատենապետ Եսայի Տէմիրի գլխաւորութեամբ, Էսաեան սանուց միութեան վարչայինները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանի, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, «Մարալ» համոյթի վարչայինները, պարողներն ու պարուհիները, համակիրներ։
Նախքան Տէրունական աղօթքը Տ․ Զաքէոս Ծ․ Վրդ․ Օհանեան ընթերցեց Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեանի օրհնութեան գիրը, ապա Սրբազան Հայրը Կարպիս Չափքանին յանձնեց «Օրմանեան» ոսկեայ շքանշանը։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ եւս անդրադարձաւ Կարպիս Չափքանի, ինչպէս նաեւ վերջինիս կողակցի՝ Իրիս Չափքանի գործունէութեան եւ «Մարալ» համոյթի կարեւորութեան։ Ան ըսաւ, որ Կարպիս Չափքան իր տաղանդը բաժնած է ուրիշներուն եւ հայկական տոհմիկ պարերը փոխանցած՝ նոր սերունդին։
Յաւարտ Ս․ Պատարագի կայացաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Թաղային խորհրդարանին մէջ ալ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։
Կարպիս Չափքան մեր մշակութային կեանքի արդի նուիրեալներէն մին է եւ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ իրեն շնորհուած պարգեւը մեր կարծիքով իր արդար իրաւունքը կը նկատուի։ Տասնամեակներէ ի վեր ան կը գործէ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ եւ իր աշխատանքին շնորհիւ մեր պա-րարուեստի աւանդութիւնները կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ։ Կարպիս Չափքանի իմաստուն մականին ներքեւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը շարունակէ իր գոյութիւնը ու կը մնայ իսկապէս բարձրութեան վրայ՝ ծանօթացնելով հայ մշակոյթը եւ այսպէսով պատիւ բերելով նաեւ մեր համայնքին։
Ուստի, ջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք Կարպիս Չափքանը ու կը մաղթենք, որ ան տակաւին երկար տարիներ կարենայ իր եռանդը ներդնել մեր պարարուեստին համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024