«ՇԻՐԱԿ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՍԱՅԵԱԹ-ՆՈՎԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԳԱՐԱՆԸ

Վեր­ջերս՝ 28 Յու­նի­սին ստա­ցանք Պէյ­րու­թի նշա­նա­ւոր «Շի­րակ» հրա­տա­րակ­չա­տան լոյս ըն­ծա­յած՝ «Շի­րակ Եր­գա­րան 2016»ի յա­տուկ թո­ղար­կու­մը, որ նուի­րուած է մեր մե­ծա­գոյն ա­շուղ, ան­զու­գա­կան Սա­յեաթ-Նո­վա­յի կեան­քին եւ մա­նա­ւանդ ա­նոր ան­մահ եր­գե­րուն ու տա­ղե­րուն, ո­րոնք ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան կ՚եր­գուին ա­ւե­լի քան տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր, մեր ժո­ղո­վուր­դին գրե­թէ բո­լոր ազ­գա­յին թէ ժո­ղովր­դա­կան ա­ռիթ­նե­րուն:

«Շի­րակ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր հրա­պա­րակ կ՚ի­ջեց­նէ «Շի­րակ» եր­գա­րան­նե­րու շար­քը, իւ­րա­քան­չիւր ան­գամ ա­նոր մէջ տեղ յատ­կաց­նե­լով հայ­կա­կան նո­րա­գոյն եր­գե­րուն՝ հա­յաս­տա­նեան թէ սփիւռ­քեան: Նոյ­նիսկ դպրո­ցա­կան­նե­րու յա­տուկ, ինչ­պէս նաեւ նօ­թա­նե­րով օժ­տուած եր­գա­րան լոյս տե­սած է նոյն հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն:

Այս ի­մաս­տով հսկա­յա­կան գործ տե­սած են Հան­նէ­սեան եղ­բայր­նե­րը՝ Կա­րա­պետն ու Յով­հան­նէ­սը, ո­րոնք ջանք չեն խնա­յած հայ ա­րուես­տա­սէ­րին եւ մա­նա­ւանդ եր­գա­րուես­տի սի­րա­հար­նե­րուն՝ հրամց­նե­լու հայ­կա­կան գրե­թէ բո­լոր մար­զե­րուն պատ­կա­նող եր­գեր՝ սի­րա­յին, ժո­ղովր­դա­յին, ա­շու­ղա­կան-գու­սա­նա­կան, ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան թէ այլ բնոյ­թի: եւ այս շնոր­հա­շատ ա­ւան­դու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուած է եր­կար տա­րի­ներ:

Այժմ հրա­պա­րակ ի­ջած է «Շի­րակ Եր­գա­րան 2016»ը, որ ինչ­պէս նշե­ցինք վե­րը, յատ­կա­ցուած է մեծն Սա­յեաթ-Նո­վա­յի կեան­քին ու ա­նոր բազ­մա­պի­սի տա­ղե­րուն եւ եր­գե­րուն, ո­րոնք միշտ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած են մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն մօտ:

Գու­նա­ւոր եւ գե­ղա­տիպ եր­գա­րա­նին կողք ընտ­րուած է՝ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­կան նկա­րիչ Սու­րէն Սա­ֆա­րեա­նի «Սա­յեաթ Նո­վա» խո­րագ­րեալ գոր­ծը, ուր մեր մե­ծա­նուն ա­շու­ղը մտա­ծու­մի մէջ ին­կած է, իսկ ան­դին կ՚ե­րե­ւին հայ գե­ղա­նի աղ­ջիկ­նե­րը:

Եր­գա­րա­նը մտայ­ղա­ցումն ու ի­րա­գոր­ծումն է հրա­տա­րակ­չա­տան պա­տաս­խա­նա­տու Կա­րա­պետ Հան­նէ­սեա­նին, եր­գե­րու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծե­լը՝ Աբ­րա­համ Ա­լի­քեա­նին, իսկ երկ­րորդ հրա­տա­րա­կու­թեան խմբա­գիրն է Ե­րուանդ Տէր Խա­չատ­րեա­նը: Նշուած է երկ­րորդ բա­րե­փո­խուած հրա­տա­րա­կու­թիւն, Պէյ­րութ, 2016:

Եր­կու խօս­քին մէջ կ՚ը­սուի.

«Այս գիր­քին ա­ռա­ջին տպագ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք 1992 թուա­կա­նին: Մեր ժո­ղո­վուր­դին սէրն ու հիա­ցու­մը Սա­յեաթ-Նո­վա­յի եւ ա­նոր եր­գե­րուն հան­դէպ միշտ ե­ղած է ջերմ եւ ան­վե­րա­պահ, այն­պէս որ մեր ամ­բողջ տպա­քա­նա­կը սպա­ռե­ցաւ շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ: Սա­յեաթ-Նո­վա­յի սի­րա­հար­նե­րուն շա­րու­նա­կուող հար­ցում­ներն ու մշտա­կան պա­հանջ­նե­րը մեզ մղե­ցին ի­րա­գոր­ծե­լու այս երկ­րորդ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը:

«Մեր այս հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը զգա­լիօ­րէն կը տար­բե­րի նա­խոր­դէն:

«Նախ, մե­ծա­պէս ճշտուած ու ճշգրտուած են Սա­յեաթ-Նո­վա­յի խա­ղե­րու բնա­գիր­նե­րուն ուղ­ղու­թիւնն ու կէ­տադ­րու­թիւ­նը:

«Եւ ա­պա, հրա­տա­րակ­չու­թիւնս անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րեց գիր­քը օժ­տել Սա­յեաթ-Նո­վա­յի կեանքն ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող հա­մա­ռօտ խօս­քով:

«Հրա­տա­րակ­չա­տունս անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին եւ մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ իր աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ հրա­տա­րա­կե­լով գիր­քեր, բա­ռա­րան­ներ, ձայ­նագ­րեալ եր­գա­րան­ներ, ո­րոնք կը ծա­ռա­յեն հայ գրա­կա­նու­թեան, հա­յե­րէն լե­զուի եւ հայ եր­գի տա­րած­ման կեն­սա­կան գոր­ծին»:

Ա­պա տրուած է ա­ռա­ջին հրա­տա­րա­կու­թեան յա­ռա­ջա­բա­նը, գրուած Կա­րա­պետ Հան­նէ­սեա­նի կող­մէ 1992-ին, որ եր­գա­րա­նի ա­ռա­ջին տպագ­րու­թեան թուա­կանն է:

Ե­րուանդ Տէր Խա­չա­տու­րեան կու տայ Սա­յեաթ-Նո­վա­յի կեն­սագ­րու­թիւ­նը, ուր կը կար­դանք.

«Սի­րոյ մեծ եր­գիչ Սա­յեաթ-Նո­վան հայ գրա­կա­նու­թեան ու մշա­կոյ­թի փառ­քե­րէն է:

Իր մա­սին կեն­սագ­րա­կան շատ քիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան:

«Սա­յեաթ-Նո­վան (բուն ա­նու­նով՝ Յա­րու­թիւն Սա­յա­թեան, Սա­յեաթ-Նո­վան իր ա­շու­ղա­կան ծած­կա­նունն է) ծնած է 1722 թուին Կով­կա­սի Տփղիս (Թիֆ­լիզ) քա­ղա­քը: Հայ­րը Հա­լէ­պէն Տիփ­ղիս հա­սած Մահ­տե­սի Կա­րա­պետն էր, մայ­րը՝ Տփղի­սի հայ­կա­կան Հաւ­լա­բար թա­ղա­մա­սի բնակ­չու­հի Սա­ռան: Քսան տա­րե­կա­նին Յա­րու­թիւ­նը դար­ձեր է ա­շուղ, սկսեր է ստեղ­ծա­գոր­ծել։ Դա­տե­լով իր երգ-բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն (ին­քը զա­նոնք կը կո­չէ խաղ), Սա­յեաթ-Նո­վան ան­շուշտ ո­րոշ կրթու­թիւն մը ստա­ցեր է. ե՞րբ, ո՞ւր՝ մե­զի ծա­նօթ չէ: Ան ստեղ­ծա­գոր­ծեր է ե­րեք լե­զու­նե­րով՝ հա­յե­րէն, վրա­ցե­րէն եւ թրքե­րէն: եւ նոյ­նիսկ ու­նի երգ մը՝ գրուած չորս լե­զուով (վե­րո­յի­շեալ ե­րեք լե­զու­նե­րով ու նաեւ պարս­կե­րէն): Ըստ ո­րոշ տուեալ­նե­րու, ան ե­ղած է պա­լա­տա­կան եր­գիչ, վրա­ցա­կան ար­քու­նի­քին մէջ շատ ճանչ­ցուած եւ սի­րուած անձ­նա­ւո­րու­թիւն:

«Սա­յեաթ-Նո­վան ստեղ­ծա­գոր­ծեր է հա­մե­մա­տա­բար կարճ ժա­մա­նակ՝ 1742-էն մին­չեւ 1759 թուա­կանը: Որ­մէ ետք, այ­սօր մե­զի ան­յայտ պատ­ճառ­նե­րով, հա­ւա­նա­բար ամ­բաս­տա­նու­թեամբ մը զինք հե­ռա­ցու­ցեր են պա­լա­տէն եւ ար­քու­նի­քէն:

«Այ­նու­հե­տեւ՝ 1762 թուին զինք պար­տադ­րա­բար կը ձեռ­նադ­րեն քա­հա­նայ, Տէր-Ստեփա­նոս ա­նու­նով, եւ կ՚ու­ղար­կեն հե­ռա­ւոր փոք­րիկ անն­շան գիւղ մը:

«Սա­յեաթ-Նո­վա­յէն մե­զի հա­սած է 185 խաղ: Մեծ թիւ չէ, բայց ա­նոնք բո­լորն ալ ըն­տիր ու կա­տա­րեալ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ են: Սա­յեաթ-Նո­վա­յի հա­յե­րէն խա­ղե­րը գրուած են Տփղի­սի բար­բա­ռով, վրա­ցա­կան մայ­րա­քա­ղա­քի բնակ­չու­թեան ե­րեք քա­ռոր­դի ա­ռօ­րեայ խօ­սակ­ցա­կան լե­զուով:

«Սա­յեաթ-Նո­վան սի­րոյ ան­զու­գա­կան, ան­գե­րա­զան­ցե­լի եր­գիչ է: Ա­նոր մա­սին հրա­շա­լի խօսք ու­նի մեր մեծ բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նը. «Եւ ինչ գե­ղե­ցիկ է, ճշմա­րիտ, որ էս­պէս՝ մի հոյա­կապ սի­րա­հար է, բռնուած ու բռնկած սի­րոյ հրդե­հով, նրա լոյ­սի տակ էլ նկա­տում է աշ­խարհքն ու ի­րե­րը, զգում է, որ էր­ւում, վեր­ջա­նում է ին­քը, բայց մնում է ա­րի ու բա­րի, ան­չար ու ա­նա­չառ, վեհ ու վսեմ, որ­պէս աշ­խարհ­քի ու մար­դու մեծ բա­րե­կա­մը...»:

«Սա­յեաթ-Նո­վա­յի սի­րա­յին քնա­րեր­գու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր խո­հա­կան­ փի­լի­սո­փա­յա­կան սքան­չե­լի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դին հո­գիի գե­ղեց­կու­թեան ու նրբու­թեան, զգաց­մուն­քա­յին հարս­տու­թեան եւ խո­րա­պէս մար­դա­սի­րա­կան էու­թեան վկա­յու­թիւն­ներն են: Մենք միշտ կրնանք ու­րիշ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն մա­տու­ցել Սա­յեաթ-Նո­վա­յի սի­րոյ եր­գե­րը եւ ը­սել. «Ա­հա՛, հայ մար­դը այս­պէս կը սի­րէ, հայ հո­գին ըն­դու­նակ է այ­պի­սի մեծ, հզօր, գե­ղե­ցիկ ու հա­մա­պար­փակ զգա­ցու­մի»:

«Ար­հես­տով ա­շուղ ըլ­լա­լով՝ Սա­յեաթ-Նո­վան միեւ­նոյն ա­տեն մեծ բա­նաս­տեղծ է, բա­ցա­ռիկ օժ­տուած բա­նաս­տեղծ, որ ստեղ­ծեր է եր­գա­յին ու բա­նաս­տեղ­ծա­կան մեծ ա­րուեստ:

«Ժո­ղո­վուր­դը Սա­յեաթ-Նո­վա­յին սի­րած է գրե­թէ ա­ռաս­պե­լա­կան սի­րով, ա­նոր ան­ձին եւ ա­նուան շուրջ հիւ­սե­լով զար­մա­նա­լի պատ­մու­թիւն­ներ ու ա­ւան­դազ­րոյց­ներ: Ա­նոնց­մէ մէ­կը կ՚ը­սէ, թէ հան­ճա­րեղ եր­գի­չին սպան­ներ են 1795 թուին Տփղիս ներ­խու­ժած Ա­ղա-Մահ­մէտ խա­նի հրո­սակ­նե­րը հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ շե­մին, ու­րիշ ա­ւան­դու­թիւն մը կ՚ը­սէ, թէ ան վախ­ճա­նած է իր բնա­կան մա­հով 1800 թուա­կա­նէն ետք...։­

«Այս գիր­քը, Սա­յեաթ-Նո­վա­յի միւս բա­զում հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը, իր ա­րուես­տին սի­րա­հար­նե­րը եւ, ի վեր­ջոյ, բո­վան­դակ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը վկա­յեն մեծ եր­գի­չին ան­մա­հու­թիւ­նը»:

Ա­պա յա­ջոր­դա­բար կը տրուին Սա­յեաթ-Նո­վա­յի 57 եր­գե­րու բա­ռե­րը, ինչ­պէս որ կ՚եր­գուին, եւ ա­նոնց ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծուած բա­ռե­րը: Կրնանք ը­սել, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը ծա­նօ­թա­նանք մեծ ա­շու­ղի եր­գե­րու բա­ռե­րուն, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով:

Էջ 139-ի վրայ կը ներ­կա­յա­ցուին ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­ներ, Սա­յեաթ-Նո­վա­յի տա­ղե­րուն մէջ յի­շուած եւ մե­զի ան­ծա­նօթ բա­ռե­րուն կամ հե­րոս­նե­րուն մա­սին:

Մեր մեծ ա­շու­ղի մա­սին էջ 141-ի վրայ վկա­յու­թիւն­ներ տուած են Յա­կոբ Օ­շա­կա­նը, Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նը, Վա­լե­րի Պրիւ­սո­վը եւ Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցը:

Էջ 143-147-ի վրայ կայ եր­գա­րա­նին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը՝ իւ­րա­քան­չիւր եր­գին վեր­նա­գի­րի վե­րա­ծուած ա­ռա­ջին տո­ղը, ան­շուշտ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թեամբ: Չենք գի­տեր ին­չո՞ւ ա­նոնք չեն տրուած իւ­րա­քան­չիւր եր­գին սկիզ­բը եւ ձգուած են վեր­ջա­ւո­րու­թեան:

148 էջ, ա­ռա­ւել գու­նա­տիպ կող­քը, կը կազ­մեն «Շի­րակ Եր­գա­րան 2016»ը, որ մա­նա­ւանդ այս օ­րե­րուն, մեծ նուէր մը կը նկա­տուի հայ եր­գի եւ ի մաս­նա­ւո­րի Սա­յեաթ-Նո­վա­յի եր­գե­րու սի­րա­հար­նե­րուն, ո­րոնք մէկ գիր­քի մէջ կը գտնեն ա­նոր եր­գե­րը՝ այդ օ­րե­րուն օգ­տա­գոր­ծուող եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն բա­ռե­րով:

Իս­կա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նի գործ մը, ո­րուն հա­մար պէտք է շնոր­հա­ւո­րել «Շի­րակ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը եւ ա­նոր պա­տասխա­նա­տու­նե­րը, մա­նա­ւանդ այս գոր­ծին լոյս աշ­խարհ գա­լուն հսկած մար­դե­րը՝ Կա­րա­պետ Հան­նէ­սեա­նը եւ միւս­նե­րը:

ԶՕՀ­ՐԱՊ ՏԷՕՔ­ՄԷ­ՃԵԱՆ

«Զար­թօնք»

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016