ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ գեղանկարիչ Սարգիս Խաչատուրեանի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած յոբելենական ցուցահանդէս մը։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը, որ կ՚արժանանայ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պատկերասրահի աւագ գիտաշխատող Գոհար Չեմենեան նշեց, թէ ծրագրին շրջագծով առաջին անգամ ներկայացուած են Սարգիս Խաչատուրեանի գեղանկարչական եւ կրաֆիքի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հնդկական եւ պարսկական ընդօրինակութիւններ։
«Մեր նպատակն է սփիւռքահայ նկարիչներու աշխատանքները պարբերաբար ցուցադրել, որպէսզի մեր երիտասարդ սերունդը ծանօթանայ արտասահմանի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած հայ նկարիչներուն։ Սարգիս Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները գտած են իրենց արժանի տեղը Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ Հնդկաստանի զանազան թանգարաններուն մէջ։ Իր ստեղծագործութիւնները ունին իւրայատուկ ոճ մը։ Սարգիս Խաչատուրեանի նկարներուն բնորոշ է լոյսով ողողուած ըլլալը։ Այդ լոյսը կը ստեղծէ նրբերանգներ եւ գոյներուն կու տայ պայծառութիւն, ինչ որ իր ստեղծագործութիւններուն մասնայատկութիւնը կը համարուի», ըսաւ Գոհար Չեմենեան։
Սարգիս Խաչատուրեան ծնած էր 1886 թուականին։ 1908-1911 թուականներուն ան ուսանած էր Հռոմի Գեղարուեստի ակադեմիոյ մէջ։ 1916-1920 թուականներուն ստեղծագործած էր աւելի քան հինգ հարիւր բնանկար եւ գաղթականութեան նիւթով գործեր։ Անոնք կը ցուցադրուին եւրոպական զանազան քաղաքներուն մէջ՝ նպատակ ունենալով ներկայացնել հայ ժողովուրդին ճակատագիրը։ 1930-1933 թուականներուն նկարիչը ընդօրինակած էր մօտաւորապէս 150 որմնանկարներ, որոնք կը վկայեն Սեֆեւեան դարաշրջանի արուեստի մէջ հայ նկարիչներու վրձինի պատուոյ տեղը։ 1939-1940 թուականներուն նկարիչը Հնդկաստանի մէջ ընդօրինակած էր հնդկական որմնանկարներէն աւելի քան հարիւր նմոյշներ, որոնցմէ քանի մը տասնեակը կը գտնուին աշխարհի զանազան թանգարաններուն մէջ, զգալի մէկ մասն ալ ի պահ դրուած են Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մօտ։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024