ՌԱՖՖԻ ԵՏԱԼԵԱՆ. «ԵՐՋԱՆԻԿ ԵՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐԸ ՈՒ ԵՍ ԱՅԴ ԵՐՋԱՆԻԿՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ ԵՄ»

Հայ ժո­ղո­վուր­դը բո­լոր դա­րե­րուն ե­ղած է աշ­խար­հա­ճա­նաչ՝ իր ստեղ­ծած մշա­կու­թա­յին ա­նանց ար­ժէք­նե­րով, ա­րուես­տի գլուխ ­գոր­ծոց­նե­րով, հո­գե­ւոր դաշ­տի ան­հատ­նում գան­ձե­րով: Աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը այ­սօր ալ ա­մէ­նուր այ­դօ­րի­նակ մեծ ար­ժէք­նե­րու կրող­ներն են. Սփիւռ­քի տար­բեր հատուած­նե­րու մէջ ապ­րող ու ստեղ­ծա­գոր­ծող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը՝ Հայ­րե­նի­քէն հե­ռու կը պա­հեն ու կը պահ­պա­նեն այն թանկ ու նուի­րա­կան զգա­ցու­մը, որ թե­րեւս չարչր­կուած, բայց քաղցր ա­նուն մը ու­նի՝ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն: Այդ­պի­սի հա­յոր­դիի մը՝ լի­բա­նա­նա­հայ նկա­րիչ եւ քան­դա­կա­գործ Ռաֆ­ֆի Ե­տա­լեա­նի հետ ա­ռիթ ու­նե­ցայ զ­­րու­ցե­լու «Հա­յերն այ­սօր»ի խմբագ­րու­թեան մէջ:

-Ռաֆ­ֆի՛, ինչ­պէ՞ս դար­ձաք գե­ղան­կա­րիչ, ո՞վ ուղ­ղոր­դեց Ձեզ, գեր­դաս­տա­նին մէջ ե­ղա՞ծ են նկա­րիչ­ներ:

-Իմ մեծմայրս տա­ղան­դա­ւոր հա­յու­հի ե­ղած է, իւ­ղան­կար­ներ ը­րած է եւ փո­րագ­րու­թիւն­ներ՝ փայ­տի վրայ։ Հիմ­նա­կա­նին մէջ բնա­պատ­կեր­ներ ստեղ­ծած է, կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հը պատ­կե­րած: Ես զինքը չեմ տե­սած, սա­կայն ան­կէ ժա­ռան­գա­բար ին­ծի փո­-խանցուած է նկա­րե­լու շնոր­հը: Մինչ օրս մեծմօրս աշ­խա­տանք­նե­րէն մեր տու­նին մէջ կը պահ­պա­նուին ո­րոշ գոր­ծեր. ա­նոնք թանկ մա­սունք­ներ են: Մեր ըն­տա­նի­քին մէջ մեծմօր­մէս ետք միայն ես ա­րուես­տի բնա­գա­ւա­ռին մէջ եմ:

-Կրնա՞ք յի­շել, թէ ո՞ր տա­րի­քին նկա­րած էք ա­ռա­ջին նկա­րը:

-Դեռ­եւս փոքր տար­իք­էս հայ­կա­կան թե­մա­ներ­ով քան­ի մը նկարն­եր ը­րած եմ, որ­ոնք մինչ օրս կը պա­հեմ: Ե­րեւ­ի 10-12 տար­ե­կան էի, երբ ստեղծ­եց­ի այդ նկար­ներ­ը: Սփիւռք­ի մէջ ապ­րողն­եր­ուն հա­մար Հայ­րեն­իք­ը ա­ռաւ­ել մեծ ի­մաստ ուն­ի, ան մ­­եր ա­րեան մ­­էջ է: Դեռ մա­նուկ հա­սա­կէս մենք ապ­րած ենք Հայ­րե­նի­քի ե­րա­զո­վ ու կա­րօ­տո­վ եւ ա­տի­կա է պատ­ճա­ռը, որ վաղ տա­րի­քի­ն անդ­րա­դար­ձած եմ հայ­րե­նա­սի­րա­կան թե­մա­նե­րուն:

-Ո­րո­՞ւն ցոյց տուած է­ք Ձեր ա­ռա­ջի­ն ն­կա­րը­, ո՞վ ե­ղած է ա­ռա­ջի­ն ան­գամ Ձեզ ո­գե­ւո­րո­ղը­, խրա­խու­սո­ղը­, Ձեր շնոր­հը գնա­հա­տո­ղը­:

-Ծնող­նե­րս գի­տէ­ին, որ ես տա­ղանդ ու­նի­մ, սա­կայն ա­նոնք ո­րո­շե­ցի­ն զիս ու­ղար­կել կի­թա­ռի դա­սե­րու: Մէկ ա­միս յա­ճա­խե­ցի ու հասկ­ցայ, որ ա­տի­կա իմ տեղս չէ: Տասներկու տա­րե­կան է­ի, դպրո­ցի­ն մէջ ունէի յոյն նկար­չու­թե­ան ու­սու­ցի­չ մը, որ ստա­նա­լով ծնող­նե­րուս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը­, զիս կը տա­նէ­ր ցու­ցա­հան­դէս­նե­- րու: Իմ ա­ռա­ջի­ն ցու­ցա­հան­դէ­սը 1992-ին դպրո­ցի­ն մէջ ե­ղաւ, երբ ես ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի մէջ էի: Այս­պէս սկսած եմ իմ ճա­նա­պարհին: Հե­տա­գա­յի­ն շատ ցու­ցա­հան­դէս­նե­ր ու­նե­ցած ե­մ Լի­բա­նա­նի­, Լոն­տո­նի եւ Ա­րա­բա­կան եր­կի­րնե­րու մէջ. ցա­ւօ­ք, Հա­յաս­տա­նի մէջ դեռ չեմ ու­նե­ցած ցու­ցա­հան­դէս:

Ե­ղած եմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Սփի­ւռքի նա­խա­րա­րի­ն մօտ, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ի­նծի ա­ռա­ջարկեց, որ Հայ­րե­նի­քի մէջ եւս ցու­ցա­հան­դէս կազ­մա­կեր­պե­մ: Ու­րախ կ՚ըլ­լամ, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ զիս ճանչ­նան: Շատ մրցա­նակ­ներ ստա­ցած ե­մ, մաս­նակ­ցած եմ մի­ջազ­գա­յին նշա­նա­կու­թե­ամբ մրցո­յթնե­րու: Շնոր­հա­կալ եմ ժա­ռան­գա­բար ի­նծի փո­խան­ցուած այս շնորհի­ն հա­մար, շնոր­հա­կալ եմ իմ ա­րուե­ստս գ­նա­հա­տող­նե­րուն, սա­կայն ի­նծի հա­մար ա­մե­նա­թանկ մրցա­նա­կը իմ գոր­ծե­րս են:

-Ռաֆ­ֆի­՛, դուք նաե­ւ քան­դա­կա­գո­րծ էք. որ­մէ ա­ռա­ւե­լ վար­պե­տա­ցած էք, յայտ­նի ու կա­յա­ցած:

-Սկիզ­բը կը քան­դա­կէի ին­ծի հա­մար. ունէի գոր­ծե­ր, ո­րո­նք չէի ցու­ցադ­րեր: Շատ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ­նե­ր քա­ջա­լե­րե­ցի­ն զի­ս, որ ես ցու­ցադ­րեմ իմ քան­դակ­ներս, եւ ես տես­նե­լո­վ, որ քան­դակ­նե­րուս հան­դէպ մեծ հե­տաքրք­րու­թի­ւն կայ, սկսայ ա­տոնք նե­րա­ռել գե­ղա-ն­ըկար­նե­րուս ցու­ցա­հան­դէս­նե­րուն մէջ: Ես մի­շտ ձգտած եմ, որ­պէս­զի մէկ ցու­ցա­հան­դէ­սի մէջ հա­մադ­րեմ գե­ղան­կար­նե­րս ու քան­դակ­ներս: Beirut International Awards Festivals-ի յաղ­թան­շա­նը իմ աշ­խա­տանքս է­: Մինչ այ­սօր աշ­խար­հի չորս կող­մե­րու մէջ մրցոյթ­նե­րու յաղ­թո­ղնե­րուն իմ պատ­րաս­տած յաղ­թան­շա­նը կու տան:

-Ի՞նչ նի­ւթի վրայ կը քան­դա­կէք:

-Սո­վո­րա­բար ե­ս քա­րի վրայ չեմ քան­դա­կեր, այլ փայ­տի, մե­տա­ղի. պրոնզ է իմ գոր­ծե­րուս գե­րակշ­ռող մա­սը­: Քա­րի վրայ ե­ղած աշ­խա­տանք ու­նի­մ Լի­բանա­նի Զալ­քա­յի շրջա­նի Սուրբ Խաչ ե­կե­ղեց­ւո­յ մէջ. խո­րա­նի վրա­յի չորս հրեշ­տակ­նե­րը քան­դա­կած եմ, ե­կե­ղե­ցւո­յ ա­պա­կեայ գու­նան­կար­նե­րը իմս են (վիթ­րաժ­ներ): Այս փո­քրի­կ ա­ռիթ­նե­րն ու պա­հանջ­նե­րը­, որ ստեղ­ծուե­ցան, ա­ռիթ դար­ձան, որ­պէ­սզի ես քան­դա­կով ա­ւե­լի շատ զբա­ղիմ: 2015-ին՝ Եղեռնին 100-րդ տա­րե­լի­ցի­ն ա­ռի­թո­վ, Պէյ­րու­թի մէջ տեղադրեցի 4.5 մեթր բարձ­րու­թե­ամբ կո­թո­ղ մը, որ կը խորհր­դան­շէ լի­բա­նա­նա­հա­յե­րու ե­րախ­տա­գի­տու­թի­ւնը Լի­բա­նա­նին: Ներ­կա­յա­ցու­ցած ե­մ ե­րեք ան­ձով կա­ռու­ցուածք. մէջտե­ղը Մեծ Եղեռնէն փր­կուած հայն է­՝ տան­ջուած դէմ­քո­վ, իսկ եր­կու կող­մե­րուն կան գլուխ­նե­րը ի­րարու միացուած եր­կու ան­ձեր՝ դէ­պի եր­կի­նք, դէ­պի վեր ձգուած. ա­տի­կա խորհր­դա­նիշն է լի­բա­նա­նա­հայ եւ լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուր­դին:

Այդ եր­կու կեր­պար­նե­րու ձեռ­քե­րը­, իբ­րեւ միաս­նու­թե­ան ու բա­րե­կա­մու­թե­ան խո­րհրդա­նիշ, ի­րարու կը միա­նան: 2012-ին Յա­կո­բ Մե­ղա­պար­տի քան­դա­կը ը­րած ե­մ, որ տե­ղադ­րուած է Զմմա­ռի Տի­րա­մօր վան­քի­ն մէջ. մենք կը տօ­նէ­ինք մեր գրատ­պու­թե­ան 500-ա­մեա­կը. երբ Պե­նե­տիկ­տո­ս Պա­պը Լի­բա­նան այ­ցե­լե­ց, ինք ան­ձամբ օրհ­նե­ց եւ այդ գոր­ծի­ս բա­ցու­մը կա­տա­րեց: Մե­ղա­պար­տը ներ­կա­յա­ցու­ցած եմ ծուն­կի ե­կած, հա­յեաց­քը վան­քին, ձեռ­քի­ն Ուր­բա­թա­գի­րքը­: Զմմա­ռի վան­քի­ն մէջ տե­ղադ­րած եմ Մար­տի­նի հա­յո­ց կա­թո­լի­կ ա­ռաջ­նո­րդ, Մեծ Ե­ղեռ­նի զոհ, Հռո­մի Յով­հան­նէս Պօ­ղո­ս Բ. Պա­պի­ կող­մէ Ե­րա­նե­լի­նե­րու շար­քի­ն դա­սուած՝ Իգ­նա­տիոս Արք. Մա­լո­յե­ա­նի պրոն­զէ ար­ձա­նը­: Օ­գո­ստո­ս 7-ին այդ ար­ձա­նին բա­ցու­մը պի­տի ըլ­լայ:

Ես ա­մե­նէ­ն շատ խօ­սե­ցայ քա­նի մը գոր­ծե­րու մա­սի­ն միայն, սա­կայն ի­մ հե­տաքրք­րա­կան գո­րծե­րէ­ս են նաե­ւ «Ա­զա­տու­թի­ւն­»ը, «Տու­տուկ»ը եւ շատ այլ աշ­խա­տանք­ներ:

-Ռաֆ­ֆի­՛, Հա­յաս­տա­նի մէջ ցու­ցադ­րուած ո­րե­ւէ գործ ու­նի­՞ք:

-2008-ին Մեծ Եղեռնի հե­րթա­կան տա­րե­լի­ցի­ն ա­ռի­թո­վ ինձ­մէ խնդրե­ցի­ն, որ ա­րուե­ստի գործ մը ներ­կա­յաց­նեմ: «Վե­րապ­րող վկա­նե­ր» ա­նու­նո­վ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­ան թան­գա­րան-հիմ­նար­կին մէջ աշ­խա­տանք մը ու­նի­մ. ներ­կա­յա­ցու­ցած ե­մ հայ ժո­ղո­վուր­դը՝ մեծ ու փոքր, մո­մե­րը վա­ռած, ե­կե­ղե­ցւո­յ մէջ, ե­կե­ղե­ցւո­յ շուրջ հա­ւա­քուած, իսկ ներ­քե­ւը կտոր մը տա­րածք է­, ուր ներ­կա­յա­ցուած է աղէտը: Աշ­խա­տած ե­մ կարմ­րա­գոյ­նով, ծի­րա­նա­գո­յնո­վ, կրա­կի­ գո­յնե­րո­վ: Լի­բա­նա­նի­՝ Պէյ­րու­թի մէջ, ա­մէն Ապ­րիլի 24-ին կը հա­ւա­քուի­նք, այդ ժա­մա­նակ բո­լո­ր ներ­կա­նե­րուն յայ­տա­րա­րե­ցի­, որ իւ­րա­քան­չի­ւրը իր մատ­նա­հետ­քը պէտք է ձգէ նկա­րի­ն վ­րայ... հրա՛շք կա­տա­րուե­ցաւ՝ նկա­րի­ն վ­րայ դրուե­ցաւ ճի­շդ 301 մատ­նա­հետք: Այդ գոր­ծը այ­սօր Ե­րե­ւա­նի­՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­ան թան­գա­րա­նին մէջն է:

-Ի՞նչ ա­ռի­թո­վ Հա­յաս­տան ե­կած եք, կա­րօ­տի թե­ւե­րո­՞վ Հայ­րե­նի­քի մէջ էք...։

-Ըն­տա­նի­քի­ս հետ պտոյ­տի ե­կած ե­մ, ութ եւ չորս տա­րե­կան զա­ւակ­նե­րս ա­ռա­ջի­ն ան­գամ Հա­յաս­տան կու գան ու չեն ու­զե­ր վե­րա­դառ­նալ: Ես ալ ա­ռա­ջի­ն ան­գամ Հայ­րե­նիք կու գամ:

-Ի՞նչ յի­շար­ժան դէպք կրնաք յի­շե­լ Ձեր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քէն:

-2015-ին երբ Վա­տի­կա­նի մէջ Մեծ Եղեռնի տա­րե­լի­ցի­ն ա­ռի­թո­վ Սուրբ Պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­ցաւ, ինձմէ խնդրե­ցի­ն, որ Մա­լո­յե­ա­նի գե­ղան­կա­րը ցու­ցադ­րեմ, ես ա­տոր ման­րա­կեր­տը նուի­րե­ցի Ֆրան­սի­սկո­ս Պա­պի­ն. Վա­տի­կա­նը այդ գե­ղան­կա­րէ­ն դ­րոշ­մա­թուղթ տպագ­րե­ց:

-Ի՞նչ հե­տաքրք­րա­կան ծրա­գիր­նե­ր ու­նի­ք յա­ռա­ջի­կա­յին:

-Կը նա­խա­պատ­րաս­տուի­մ քա­նի մը ցու­ցա­հան­դէս­նե­ր կազ­մա­կեր­պե­լու Լի­բա­նա­նի մէջ:

-Ո­րո­՞ւն գոր­ծե­րը բարձր կը գնա­հա­տէք Հա­յաս­տա­նի նկա­րի­չնե­րէ­ն ու քան­դա­կա­գո­րծնե­րէ­ն:

-Ե­րուանդ Քո­չա­րի, Սա­րե­ա­նի, Մի­նա­սի, Կա­լե­նցի­:

-Եթէ առիթը ներկայանար՝ Լի­բա­նա­նէ­ն դուրս ու­րի­շ ո՞ր եր­կի­րի մէջ կ՚ապ­րէիք:

-Ե­թէ օր մը ո­րո­շե­մ դուրս գալ Լի­բա­նա­նէ­ն, ա­պա միայն կ՚ապ­րիմ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Շատ գե­ղե­ցի­կ է մեր եր­կի­րը­, մենք պէտք է ի­մա­նանք Հայ­րե­նի­քի ար­ժէ­քը­. եր­ջա­նի՛կ են Հայ­րե­նի­ք ու­նե­ցող­նե­րը­, եւ ես ա­նոնց­մէ մէկն եմ:

Ու ես հրա­ժե­շտ կու տամ այդ եր­ջա­նիկ ու տա­ղան­դա­ւոր ե­րի­տա­սար­դին հպար­տու­թե­ան այն­պի­սի զգա­ցու­մո­վ, որ­ո­վ հա­մա­կուած կ՚ըլ­լաս հայ մար­դու այ­դօ­րի­նակ տե­սա­կին հան­դի­պե­լո­վ:

ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

«Զարթօնք»

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016