ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՆՊԱՇՏՕՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ
Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. շաբաթավերջին այցելեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ յարակից Գարակէօզեան Տան Կազդուրման կայանը։
Յունաց Պատրիարքը շաբաթավերջին Գնալը կղզիի բարձունքի յունաց Այլակերպութեան վանքին մէջ նախագահեց Պայծառակերպութեան տօնակատարութիւններուն։ Յոյն եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն կատարուած այդ հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց մասնակցութիւն բերին նաեւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։
Այդ արարողութիւններէն վերջ, Նորին Սրբութիւնը անպաշտօն այցելութիւն մը տուաւ Կազդուրման կայան, ուր դիմաւորուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, Թամար Ներկիզի, Խնամատար մարմնէն Պետրոս Թերճանի եւ Նատիա Շատեանի, ինչպէս նաեւ աշակերտութեան կողմէ։ Յունաց Պատրիարքի կողքին էր Կղզեաց Եագովոս Մետրապոլիտը, ինչպէս նաեւ կղզիի յունաց Կազդուրման կայանի տնօրէն Սթաւրօ Ռաֆայիլիտիս, որ եղբայրն է պատրիարքին։ Կազդուրման կայանի փոքրիկները ծաղիկներ ի ձեռին յունարէնով ողջունեցին Նորին Սրբութիւնը եւ ստացան անոր օրհնութիւնը։ Պարթոլոմէոս Պատրիարք փոքրիկ սրբապատկերներ նուիրեց աշակերտներուն։ Յունաց Պատրիարքը անցեալի մէջ բազմիցս հիւրընկալուած էր Կազդուրման կայանի երդիքին տակ, իսկ այս անգամուան այցը զուգադիպեցաւ հաստատութեան հիմնադրութեան 50-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Ան կայանի պատուոյ տոմարը ստորագրեց այս առթիւ։
Կազդուրման կայանի երդիքին տակ տեղի ունեցած հիւրասիրութենէն վերջ Յունաց Պատրիարքը կարճ աղօթք մը կատարեց նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր երգուեցան Պայծառակերպութեան շարականներ՝ հայերէնով եւ յունարէնով։ Ներկաներուն իր օրհնութիւնը փոխանցելէ վերջ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք հրաժեշտ առաւ բարձր տրամադրութեամբ եւ դրական տպաւորութիւն գործած ըլլալով բոլորին վրայ։