ՍԵԼԻՆԱ ՄԱՆԱՆԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Սելինա Մանան փայլուն նուաճում մը արձանագրած է համալսարանական մտից քննութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, ան յաջողած է մուտք գործել Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի բժշկութեան բաժինը։ Ծանօթ է, որ համալսարանի մտից քննութիւններու դժուարին դրութեան մէջ այս արդիւնքին հասնիլ կը նշանակէ գերազանց մակարդակի մը վրայ գտնուիլ։
Սելինա Մանան, որ 1998-ին ծնած է Իսթանպուլի մէջ, մանկապարտէզէն սկսեալ աշակերտած է Մխիթարեան վարժարան, որու լիսէի բաժնէն վկայուած է 2015-2016 շրջանի աւարտին։ Մխիթարեանցի հարազատ սանի մը արձանագրած այս փայլուն յաջողութիւնը մեծ ուրախութեան առիթ հանդիսացած է նաեւ Մխիթարեանի ընտանիքէն ներս։ Արդարեւ, բոլորը կը վկայեն, թէ Սելինա Մանան առաջին իսկ օրէն եղած է օրինակելի աշակերտուհի մը, միշտ արժանացած է իր ուսուցիչներու անվերապահ գնահատանքին, նաեւ միշտ մեծ համակրանք ու սէր վայելած՝ իր դասընկերներուն մօտ։ Իրեն բնորոշ մասնայատկութիւնները եղած են՝ ուշիմութիւնը, պարտաճանաչութիւնը եւ խոր գիտակցութիւնը, ինչ որ զինքը առաջնորդած է արդէն բարձրագոյն ուսման հանգրուան։ Համալսարանական հարթութեան վրայ ալ ապահովաբար ան պիտի տեւականացնէ իր յաջող ընթացքը եւ բժշկական կալուածէ ներս ապագային պիտի դառնայ հեղինակութիւն մը։
Այս բացառիկ յաջողութեան առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սելինա Մանանը, որուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ թէ՛ բարձրագոյն ուսման տարիներուն եւ թէ բժշկութեան նուիրական ասպարէզի աւելի հեռահար տարիներուն։ Այս առթիւ կը բաժնենք իր ընտանիքին երջանկութիւնը, նաեւ Մխիթարեանի մեծ ընտանիքին ուրախութիւնը՝ մանաւանդ, որ պատմական վարժարանէն ցարդ հասած է առողջապահութեան ասպարէզին նուիրուած երախտաշատ անուններու պատուաբեր փաղանգ մը։