ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ-2016»ԻՆ

«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթին Հայաս­տան այս տարի կը մասնակցի զուգերգով մը։ Այս­պէս, «Ման­կա­կան եւ­րո­տե­սիլ-2016» եր­գի մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցոյ­թին այս տա­րի Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Մե­րի Վար­դա­նեանն ու Ա­նա­հիտ Ա­դա­մեա­նը: Ա­նոնց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը հաս­տա­տած է Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բը՝ ներ­քին ընտ­րու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք:

13-ա­մեայ Ա­նա­հիտ Ա­դա­մեան ծնած է Սո­չի։ Ան ման­կու­թե­նէն ի վեր կը սի­րէ եր­գել, իսկ ե­րաժշ­տա­կան ա­ռա­ջին մաս­նա­գի­տա­կան քայ­լե­րուն սկսած է 2013 թուա­կա­նին, ու­սա­նած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ: Իսկ Մե­րի Վար­դա­նեան, որ նոյն­պէս տաս­նե­րեք տա­րե­կան է, ծնած է Գե­ղար­քու­նի­քի Վար­դե­նիս քա­ղա­քին մէջ: Ե­րաժշ­տու­թեան մէջ ա­ռա­ջին լուրջ քայ­լե­րուն սկսած է 2011 թուա­կա­նին եւ սկսած է ու­սա­նիլ «Է­մի-փի» ըն­կե­րու­թեան «Տօ-ռէ-մի» եարժշտական դպրո­ցին մէջ:

Մրցու­թա­յին եր­գը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի աշ­նան սկիզ­բը:

Հա­յաս­տան «Ման­կա­կան եւ­րո­տե­սիլ» եր­գի մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թին կը մաս­նակ­ցի 2007 թուա­կա­նէն ի վեր:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016