ՄԻՇԱՅԻՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
«Մանկական նոր ալիք-2016» երգի միջազգային մրցոյթը տեղի ունեցած է Խրիմի «Արթեկ» կեդրոնին մէջ։ Հայաստանը ներկայացուցած է ութամեայ Միքայէլ Գրիգորեան՝ Միշա:
«Մանկական նոր ալիք-2016»ի հայաստանեան պատուիրակ Միքայէլ Գրիգորեան՝ Միշա փայլուն ելոյթով մը հանդէս եկած է մրցոյթի շրջանակներէն ներս ու գրաւած է մրցանակային երկրորդ հորիզոնականը՝ զայն կիսելով Մալթայի ներկայացուցչին հետ:
Միշան երկու մրցութային օրերու ընթացքին արժանացած է հաւասարաչափ 87-ական միաւորներու։ Երկու օրերն ալ դատակազմի ութ անդամներէն եօթը Հայաստանի ներկայացուցիչի ելոյթը գնահատած են առաւելագոյն 11 միաւորով, իսկ ութերորդը՝ 10 միաւորով:
Միշան «Մանկական նոր ալիք-2016»ի բեմէն կատարած է «Փոքրիկ ղարաբաղցին» եւ Uptown Funk երգերը եւ իր եզրափակիչ խօսքով՝ բոլորը հրաւիրած է իր հայրենիքը:
«Բոլորը հրաւիրեցի այստեղ, որովհետեւ կը ցանկամ, որ բոլորը գան Հայաստան եւ Արցախ, ծանօթանան մեր մշակոյթին: Իսկ արտերկրի մէջ շատ լաւ ժամանակ անցուցի, նոր ընկերներու հետ ծանօթացայ, նոր ապրումներ ունեցայ: Վստահ եմ դեռ երկար կը յիշեմ այնտեղ անցուցած իւրաքանչիւր պահը», նշած է փոքրիկն Միքայէլ Գրիգորեան՝ Միշա:
«Ան բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը դարձած էր, իրմով հիացած էին, կը զարմանային, երբ կը տեղեկանային, որ ան մասնակիցներուն ամենափոքրն է: Բացի մրցանակային հորիզոնական գրաւելէն, շարք մը հրաւէրներէ ստացած ենք համագործակցութեան առաջարկներ, որոնց մասին այժմ տակաւին կանխու է բարձրաձայնելը», ըսած է «Արցախի ձայներ» նախագծի հիմնադիր-ղեկավար Լիրա Քոչարեան:
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը «Մանկական նոր ալիք-2016»ի պաշտօնական հեռարձակողն է: Կանոններու համաձայն, մրցոյթի հեռուստատեսային տարբերակը կրնան ներկայացնել մրցոյթէն օրեր վերջ միայն:
Միւս կողմէ, «Մանկական նոր ալիք» երգի միջազգային մրցոյթը առաջին անգամ իրականացուած է Մոսկուայի մէջ 2008-ին: Ան սկսած է լայն տարածում գտնել 2009-էն վերջ, երբ մրցոյթի կազմակերպիչները ստացած են մասնակցութեան աւելի քան 4 հազար դիմում: 2010-ին մրցոյթը սկսած է իրականացուիլ «Արթեկ» միջազգային մանկապատանեկան կեդրոնին մէջ: