ԼԻԲԱՆԱՆ-ԿԱՅԾՈՌԻԿՆԵՐ
Ինչ որ մարդու կը վերաբերի, ամբողջութեամբ կարելի է վերագրել նաեւ կենդանական (անասնական) աշխարհի: Կ՚ըսենք հայրենասիրութիւն. միթէ՞ անտառի անասունները չունին իրենց հայրենիքը… ու երբեմն զիրար խաչաձեւելով՝ նաեւ մահացու մարտեր կը մղեն իրարու միջեւ, երբ իրարու սահմանները ասպատակած են, քանի որ ամէն անասուն ինք կը գծէ իր սահմանը: Գալով ազատասիրութեան, նոյնպէս է պատկերը: Շրջան մը Ռիատ կեցութեանս, չորս կատուներ կային մեր պարտէզին մէջ. անոնցմէ մին կոչած էինք «Վագր» իր խիզախութեան համար. կը սիրէինք ու կը խնամէինք հեռակայ. չէինք համարձակեր շատ մօտենալ, մօտեցում ցոյց չէր տար, ոչ ալ թշնամական-յարձակողական վիճակ կը զգենուր… եւ օր մը որոշեցինք մեր «վիլլա»ն տանիլ ու նպատակնիս իրագործեցինք զինք տուփի մը մէջ արգելափակելով. սակայն՝ ո՛չ մէկ վայրկեան հանգիստ ըրինք. ո՛չ ալ ինք. այլեւս ստիպուեցանք ազատագրել զինք… իսկ անկէ ետք, երբ տեսնէր մեզմէ մին՝ ակռաները ցոյց տալով կը մռլտար ու կռուի պատրաստ դիրք կ՚ընդունէր…։
Հայրենիքը քաղցր է- մարդու պարագային գիտակից անձը զայն իր հոգւոյն մէջ կը կրէ… այդ միաձոյլ է իր արեան հետ, եթէ ոչ արիւնն իսկ է-խորքն է. մնացեալը՝ քաղաքացիութիւն, տուեալ երկիրի վարքն ու բարքը, լեզուն, մշակոյթը եւ մասամբք նորին… ստացական են, կեղեւը:
-«Դեռ չտեսած կը սիրեմ քեզ
Անկեղծ որդին իր մայրն որպէս»: (Ա. Աբարտեան)
Դասընկեր էինք. պատանիներ ու արշաւ մը կար բանաստեղծութիւն գրելու… ի հարկէ մեր չափանիշով. սակայն երբեմն այնպիսի անկեղծութեամբ իրականութիւն մը կը յայտնուի, ինչպէս վերի երկտողը, սէր կը բխի տակաւին չտեսա՜ծ Հայրենիքին հանդէպ:
Մենք՝ գաղթի սերունդին անդրանիկ որդիները, հայրենասիրութիւնը ոչ միայն մեր ծնողներէն, այլեւ մանկապարտէզէն սկսեալ կը մուծուէր մեր մէջ:
Ինծի համար Մեծմօրս ու Մեծհօրս ներկայութիւնը, որոնք եկած էին ներգաղթելու, խոր նշանակութիւն ունէր. խօսակցութիւնը քիչ մը դժուար հաս-կընալի էր, ուրֆացի էին… իսկ հօրս թրքախօս ըլլալն ալ ա՛յլ պատմութիւն, ու ընդհանուր մթնոլորտը՝ «Այ կարաւան, ճան կարաւան, ճշդիր քո ճամբան»… էր:
Մեծ ծնողքս բաւական սպասեցին, ու երբ չկարողացան ներգաղթել, Մեծհայրս Պէյրութ, պարուտ (վառօդ) ըսաւ ու կողակիցին հետ մեկնեցաւ Ղամիշլի…։
Պէյրութ՝ պարուտ…։
Տակաւին կ՚արձագանգէ։
-«Չսնեցայ օտար հողի
Ծովէն լեռնէն անհարազատ»: (Ս. Արմէն)
Բանաստեղծ Լեւոն Արտազեան քեր-թուած մը ունի, ուր Լիբանանին համար գործածած է «անհարազատ» ածականը. այսինքն առանձին չեմ, բայց երբ կը գրէի «ծովէն, լեռնէն» բառերը, ի մտի ունէի բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանը՝ իր «Մայրիներու Արմատները» եւ «Միջերկրական լոյսերուն դիմաց» գիրքերը, ու Լիբանանը, իմ ծննդավայրս եւ տակաւին ապրած երկիրս է, իբրեւ…։
«Ալեքսանտրէթի անկայունութենէն Լիբանան գաղթած ծնողքս կը հաստատուի Պուրճ Համմուտ. երկու ամիս ետք՝ 1939-ին «Փետրուարն էր, որ զիս օր մը նետեց աշխարհ, ու կ՚աւելնայ եօթներորդ կարգի քաղաքացի մը»:
Անգլիական հոգեբանական ամսաթերթէ մը կարդացեր եմ, թէ երկու հիւրասենեակ ունեցողներ չեն զիջիր մէկ հիւրասենեակ ունեցողներուն, չեն ուզեր հաւասարէ-հաւասար շաղուիլ… ալ ո՛ւր մնաց Լիբանանի պէս յարան-ւանական երկիրի մը մէջ, նախագահական յարանուանութենէ դիբի մը հետ հայ կամ այլ կարգի քաղաքացի մը ինքզինք զգայ լիիրաւ քաղաքացի:
Լաօ Ցէ կ՚ըսէ՝ «Ճշմարիտ խօսքերը անուշ չեն»:
Ճշմարիտ խօսքերը անուշ են ճշմարտութեան հետամուտ եղողներուն:
-Լիբանան անունը «Կիլկամիշի Հերոսամարտ»ին մէջ կը կարդանք:
Արդարեւ հին անուն, բայց ի հարկէ սահմանային եւ բնակչութեան հարց կամ տեղեկութիւն չկայ:
Լիբանան կը յիշուի նաեւ Հին կտակարանի Սաղմոսներէն թիւ 29-ին մէջ:
«Տիրոջը ձայնը եղեւնիները կը կոտրէ
Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւնիները
Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս.
Լիբանանը ու Սարիոնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս»:
Լիբանանցիները եթէ փիւնիկեցիներէ սերած են, վստահաբար մենք՝ հայերս անոնցմէ չենք, սակայն մնացեալ 17 յարանուանութիւններէն ո՞ր մէկն է արդեօք…։ Անոր նախագահական աթոռին տիրակա՞լն է, ուրեմն տեսնենք նաեւ հռոմէացիներու «խարդախութեան» բառին բացատրութիւնը՝ քիչ մը շաքարապատ, որն է «ֆիտես փիւնիքա» (փիւնիկեան հաւատարմութիւն):
Լիբանան այս սահմաններով եւ այս 18 յարանուանական կազմով անկախութեան տիրացաւ 1943-ին, ուստի ես կատակով երբ տարիքի հարց ծագի, կ՚ըսեմ՝ «Ես Լիբանանէն մեծ եմ»…։ Լիբանան կազմուեցաւ, սակայն կարելի՞ է, որ լիբանանցիութիւն կազմուէր այսքան կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ, 18 յարանուանութիւններով… եւ այնքա՞ն իրարու հակադիր:
Պատասխանը գործնական, ապրուած ու աչքառու առօրեային մէջ է:
«Ապտակ մը զարկաւ երեսիս
Առանց պատճառի.
Սեւ չէի… հայ էի…» (Ս. Արմէն)
- Ոեւէ խմբակցութիւն իբրեւ միութիւն կամ այլ, որ սկիզբ ունեցած է կամ կը հիմնուի, ի հարկէ հեռանը-կար ալ կ՚ունենայ եւ առ այդ՝ ժամանակի առընթեր կը պատրաստէ նոր սերունդ, շղթային օղակները ագուցելու յօգուտ միութեան շարունակականութեան եւ ամրացման: Այս մէկը մանաւանդ ֆութպոլի խումբերուն գլխաւոր հարցն է. ֆութպոլը օրինակ առինք քանի որ ամենէն ժողովրդային եւ տեսանելին է: Բայց այս օրերուս, ամիսներուս, տարիներուս ալ կարելի է ըսել նաեւ Լիբանանի նախագահական թեկնածութեան. ի հարկէ ՄԻԱԿ թեկնածուի մը պատրաստութեան, որ զլացուեցաւ կամ չկատարուեցաւ ինչ-ինչ պատճառներով. բան մը, որ ժողովուրդին կարողութեան հասու չէ, եւ սակայն տակաւին աթոռը թափուր է:
Ո՞ւր է վէրքը:
Ենթադրելի էր, որ վերջին նախագահը արդէն մթ-նոլորտը պատրաստած կ՚ըլլայ թեկնածուի մը, ապա՝ իր ժամկէտին փոխանցելու Նորեկին:
Բայց այդպէս չեղաւ. զինուորական ճշգրտութեամբ ճիշդ ժամկէտին թողուց աթոռը… երբ իր նախորդները երեք տարիով երկարաձգած էին աթոռակալութիւնը…։ Ի՜նչ փառաւոր օրինակ…։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք», Պէյրութ