ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Երբ յա­ճախ կը խոր­հինք ու կը խօ­սինք կեան­քի մա­սին՝ ա­նոր ա­նի­մա­նա­լի խոր­հուր­դին ու գաղտ­նիք­նե­րուն վրայ, չենք անդ­րա­դառ­նար, չենք նկա­տեր, որ ա­նոր զա­նա­զան դրուագ­նե­րուն մէջ տար­բե­րու­թիւն չկա՛յ, այլ՝ կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թի՛ւն։ Ուս­տի մա՛հն ալ մար­դուս հա­մար «կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւն» մըն է. բո­վան­դա­կու­թեան, էու­թեան փո­փո­խու­թիւն չկայ, քա­նի որ մի­ջու­կը, կո­րի­զը միշտ կեա՛նքն է։ Ար­դա­րեւ «կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ կեր­պա­րան­քէ մը ու­րիշ կեր­պա­րանք անց­նիլ, ձե­ւա­փո­խու­թիւն, կեր­պա­փո­խու­թիւն։ Իսկ «փո­փո­խու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ բո­լո­րո­վին շրջում, հո­լո­վում՝ այ­լա­զա­նու­թիւն, որ կ՚են­թադ­րէ էա­պէս փո­փո­խու­թիւն, կար­գի զա­նա­զա­նու­թիւն։ Ու­րեմն «կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւն» եւ «փո­փո­խու­թիւն» բո­լո­րո­վին տար­բեր ե­րե­ւոյթ­ներ են։

Կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւ­նը՝ պա­րու­նա­կու­թեան փո­փո­խու­թիւն չէ՝ կե­ղե­ւը միայն կը փո­խուի։ Իսկ փո­փո­խու­թիւ­նը՝ պա­րու­նա­կու­թեամբ, բո­վան­դա­կու­թեամբ տար­բեր ըլ­լա­լու վի­ճակ մըն է։ Ու­րեմն կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւ­նը ար­տա­քին փո­փո­խու­թիւն մըն է՝ ձա­ւա­կան, կեր­պա­րան­քի վե­րա­բե­րեան, իսկ փո­փո­խու­թիւ­նը՝ ներ­քին, էա­կան եւ հիմ­նա­կա՛ն։

Այս ի­րո­ղու­թե­նէն կը հե­տե­ւի, թէ մարդ էա­կը կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թեան են­թա­կայ, էա­պէս նոյն, բայց ձե­ւա­կա­նօ­րէն, ար­տա­քնա­պէս փո­փո­խու­թեան հպա­տակ բա­նա­ւոր կեն­դա­նի, ապ­րող էակ մըն է։

Ը­սինք, որ «մա՛հ»ն ալ մար­դուս հա­մար կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թիւն մըն է, ինչ­պէս Ա­ռա­քեա­լը կ՚ը­սէ. «Ա­մէնքս ալ պի­տի փո­խուինք…», բայց փո­խուե­լու եւ կեր­պա­րա­նա­փո­խուե­լու տար­բե­րու­թիւ­նը մատ­նան­շե­լու հա­մար կ՚ա­ւելց­նէ եւ կը հաս­տա­տէ, թէ՝ այդ փո­փո­խու­թիւ­նը մահ­կա­նա­ցու մար­դուն՝ ան­մա­հու­թեան մա­կա­րդա­կին անց­նե­լու մէջ կը կա­յա­նայ, եւ ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ՝ կեան­քի ան­դառ­նա­լի վճռա­կա­նու­թիւ­նը եւ տե­ւա­կա­նու­թիւ­նը, եւ երբ Ա­ռա­քեա­լին ի՛ր բա­ռե­րով ը­սենք՝ յաղ­թու­թի՛ւ­նը։

Ու­րեմն պարզ խօս­քով՝ կեան­քը չի փո­խուիր, այլ տար­բեր մա­կար­դա­կի վրայ, ու­րիշ մի­ջո­ցի մէջ կը կեր­պա­րա­նա­փո­խուի, եւ ա՛յս է կեան­քի յաղ­թու­թիւ­նը։

Պար­տու­թե­նէ՝ յաղ­թու­թիւն, տկա­րու­թե­նէ՝ զօ­րու­թիւն, ան­կա­տա­րու­թե­նէ՝ կա­տա­րե­լու­թիւն. ա­հա­ւա­սի՛կ այս է «կեանք»ը իր էու­թեամբ, իր խոր­քով, իր բո­վան­դա­կու­թեամբ, թէ՛ մա­հէն ա­ռաջ, թէ՛ մա­հէն յե­տոյ։ Ուս­տի մա­հը «ե­րե­ւոյթ»ն է եւ կեա՛նքն է «ի­րա­կա­նու­թիւն»ը։

Վկայ եւ կամ փաստ կ՚ու­զէ՞ք։ Դի­տե­ցէք բնու­թիւ­նը, զոր օ­րի­նակ ծա­ռը՝ ա­մա­ռը փար­թամ կա­նաչ տե­րեւ­նե­րով զար­դա­րուած, բայց ձմե­ռը՝ գօս, չոր ու վտիտ, բայց դար­ձեալ ծա՛ռ իր էու­թեամբ, նո­րէն, տա­կա­ւին կեն­սու­նակ իր տե­րե­ւա­զուրկ տես­քին մէջ՝ ժպտուն իր կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թեա­նը մէջ։ Եւ ո՞վ կրնայ ը­սել, որ ան նո՛յն ծա­ռը չէ, ե­թէ նոյ­նիսկ վրան կա­նաչ տե­րեւ մը իսկ չու­նի։ Ծա­ռը միշտ «ծա՛ռ» է, մար­դը՝ միշտ «մա՛րդ» ե­թէ նոյ­նիսկ մա­հուան պատ­ճա­ռով կեր­պա­րա­նա­փո­խուի՝ ա­ռանց մարմ­նի հո­գի մնայ միայն։

Ուս­տի բնու­թեան մէջ, ո­րե­ւէ կեն­դա­նի էակ, եւ յատ­կա­պէս մար­դը, ան­գամ մը որ ծնի, միշտ կը մնայ նոյ­նը էա­պէս, ե­թէ նոյ­նիսկ կեր­պա­րա­նա­փո­խու­թեան են­թար­կուի։

Կեան­քը՝ «կեանք» է երբ ան չէ կորսն­ցու­ցած իր էու­թիւ­նը, իր գե­ղեց­կու­թիւ­նը, իր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ ըլ­լայ երկ­րի վրայ եւ ըլ­լայ երկն­քի մէջ։ Կեան­քը ար­դէն մա՛հ է, երբ գե­ղե­ցիկ չէ, երբ ճշմա­րիտ չէ։ Այս կը նշա­նա­կէ, որ ժա­մա­նա­կը, ժա­մա­նա­կի տար­րը չէ՛ որ կու տայ կեան­քին իս­կա­կան սահ­մա­նը, ան չ՚ո­րո­շեր այդ չա­փը, հա­պա՝ իր նկա­րա­գի­րը, իր յատ­կու­թիւ­նը, իր ո­րակն է, բո­վան­դա­կու­թիւ­նը եւ պա­րու­նա­կու­թիւ­նը, որ կ՚ո­րո­շէ աս­տի­ճա­նը։

Կարճ կեանք, կամ եր­կար կեանք՝ ո՛չ մէկ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ. ճշմար­տու­թիւնն է, գե­ղեց­կու­թիւնն է էա­կա­նը, յա­ւի­տե­նա­կա­նը եւ մշտնջե­նա­ւո­րը եւ ո՛չ տա­րի­նե­րու թի­ւը։ Եւ մարդ էա­կին յատ­կու­թիւնն ու նկա­րա­գի­րը յա­ւի­տե­նա­կան է, քա­նի որ ա­նոր կո­չուած եւ այդ պատ­ճա­ռով ու նպա­տա­կով ստեղ­ծուած է ան։

Բնու­թիւ­նը տե­սակ մը ցու­ցա­տախ­տակ է՝ ո­րուն վրայ Աս­տուած կը յայտ­նէ ու կը յայ­տա­րա­րէ Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը, Ան է «Ալ­ֆա»ն եւ «Օ­մե­կա»ն, Ան է սկիզբն ու վախ­ճա­նը, ա­ւե­լի ճի՛շդ է ը­սել. Ա՛ն է Անս­կիզբն ու Ան­վախ­ճա­նը։

Յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թի՜ւն=Աս­տուա՛ծ։

Եւ այս յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան՝ Ստեղ­ծի­չին ու Ա­րա­րի­չին ստեղ­ծածն ալ, ա­րա­րածն ալ ան­շուշտ, յա­ւի­տե­նա­կան պի­տի ըլ­լայ, քա­նի որ ա­մէն «գործ» զայն գոր­ծո­ղին նկա­րագ­րին հա­մե­մատ ու հա­մա­ձայն կը ձե­ւա­ւո­րուի ու նկա­րա­գիր եւ յատ­կու­թիւն կը ստա­նայ։ Ու­րիշ խօս­քով՝ գոր­ծը գոր­ծո­ղին հա­յե­լին է՝ ուր կը ցո­լա­նայ ա­նոր պատ­կե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ։ Եւ այս ան­յեղ­լի ի­րո­ղու­թեան մարմ­նա­ցեալ յայտ­նու­թիւնն է ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, ամ­բողջ տիե­զեր­քը, եւ այս աշ­խար­հը՝ իբ­րեւ մէկ մաս­նի­կը տիե­զեր­քին։

Ամ­րան պայ­ծառ ա­րե­ւը վկա՛յ մըն է յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան։

Բա­նաս­տեղ­ծին գլուխ-գոր­ծոցն է ա­րե­ւը՝ որ մար­դուս գլխուն վրայ կը թա­ւա­լի եւ վա­հա­նի մը նման կը բո­լո­րէ ա­մէն ինչ երկ­րի վրայ։ Եւ ա­մէն խօսք՝ որ կ՚ը­սուի ա­նոր մա­սին, ի վեր­ջոյ կը սպա­ռի, եւ այդ վեր­ջէն յե­տոյ կը մնայ ա­նոր յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը որ­պէս ծայ­րա­գոյն դա­տավ­ճի­ռը՝ իր նկա­րագ­րին էու­թեան։ Եւ այդ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը ա­ւե­լի ճշմա­րիտ է քան ո­րե­ւէ խօսք։ Խոր­հե­ցէ՛ք, սի­րե­լի­ներ պահ մը. այն ա­րե­ւը՝ որ այ­սօր, սա պա­հուս կը փայ­լի մեր գլխուն վրայ եւ կը լու­սա­ւո­րէ մեզ, կը փայ­լէր նաեւ աշ­խար­հի սկիզ­բէն ի վեր, երբ Ա­դամ եւ Ե­ւա՝ ի­րենց դրախ­տա­յի՜ն ի­րո­ղու­թիւ­նը՝ որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ դրախ­տա­յին ե­րա­նու­թեան, կը վա­յե­լէին, շլա­ցած էին երկ­նա­կա­մա­րին գո­գը լու­սա­վառ ու պայ­ծառ նոյն այդ ա­րե­ւէն։

Պահ մը երբ խոր­հի մարդ, ի՜նչ հրա­շա­լի է, եւ որ­քան սքան­չե­լի՝ Ա­դամ եւ Ե­ւա­յի, Քրիս­տո­սի եւ այն բո­լոր պատ­մա­կան ու պա­տուա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներն ալ լու­սա­ւո­րուե­ցան, ջեր­մու­թիւ­նը զգա­ցին ու վա­յե­լե­ցին՝ սա մեզ լու­սա­ւո­րող, ջեր­մու­թիւ­նը զգաց­նող նոյն ա­րե­ւը՝ զոր այ­սօր մենք կը վա­յե­լենք… եւ խոր­հիլ նաեւ, թէ ա­պա­գա­յին ալ ո՜վ գի­տէ ո՜վ­քեր պի­տի լու­սա­ւո­րէ եւ իր ջեր­մու­թիւ­նը պի­տի տայ դար­ձեալ նոյն ա­րե­ւը՝ որ աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թե­նէն ի վեր ան­դա­դար եւ ան­խա­փան կը շա­րու­նա­կէ իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։

Ի­րա­պէ՛ս, խոր­հի­լը իսկ սքան­չա­ցում կը պատ­ճա­ռէ։

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, հա­պա ի՞նչ կա­րե­լի է ը­սել գի­շե­րուան աստ­ղե­րուն մա­սին՝ նոյն­պէս ներ­դաշ­նակ եւ յա­ւի­տե­նա­պէս վա­ռած կան­թեղ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան երկն­քի ե­րե­սը, եւ ա­նոնք ալ կա­յին երբ այս աշ­խար­հը դեռ ան­ձեւ պա­րա­պու­թիւն մըն էր՝ մո՛ւթ։

Եւ ա­մէն ան­գամ որ մարդ կ՚ան­ջա­տէ տե­ւա­կա­նու­թեան, ան­ձան­ձիր ու ան­դա­դար, եւ ներ­դաշ­նակ յա­րա­կա­յու­թեան խոր­հուր­դը՝ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թե­նէն, կ՚ան­ժէ­քազր­կենք զայն։ Ու­րիշ ար­տա­յայ­տու­թեան ձե­ւով՝ ո՛չ մէկ բան տե­ւա­կան է որ յա­ւի­տե­նա­կան չէ։

Բնու­թիւ­նը դի­տե­ցէ՛ք սի­րե­լի­նե՜ր, նոյն խոր­հուր­դը պի­տի շեշ­տուի ձեր միտ­քե­րուն մէջ. ամ­բողջ մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին կա­յին ա­նոնք, ա­նոնք լուռ, ան­խօս վկա­ներ ե­ղան պատ­մու­թեան, եւ ո՜վ գի­տէ ի՜ն­չե­րու պի­տի վկա­յեն եւ ո՜վ գի­տէ ո՛ր ան­ծա­նօթ աչ­քեր պի­տի դի­տեն, տես­նեն զա­նոնք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 5, 2016, Գնա­լը կղզի

Շաբաթ, Օգոստոս 20, 2016