ՏԱԹԵՒԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Հայ հոգեւոր երաժշտութեան «Շարական» փառատօնը առաջին անգամ տեղի պտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերի 14-16 թուականներուն միջեւ, Տաթեւի վանական համալիրէն ներս:
«Շարական» փառատօնի նպատակն է պահպանել եւ խթանել հայ հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը: «Շարական» փառատօնը ամէնամեայ փառատօն մըն է, որ շարունակաբար պիտի զարգացնէ հայ հոգեւոր երաժշտութեան կարեւորութեան գաղափարը եւ ազդեցութիւնը ընդհանրապէս, կ՚ըսուի փառատօնի կազմակերպիչներու հաղորդագրութեան մէջ:
Փառատօնը հայ երաժիշտներուն եւ հետաքրքրուած հանդիսատեսին պիտի տրամադրէ հարթակ մը՝ այս հարուստ եւ բազմաբովանդակ երաժշտութեան ու արուեստին աւելի խոր ձեւով ծանօթանալու համար:
Փառատօնի կազմակերպիչներն են Music of Armenia-ն եւ «Տաթեւի վերածնունդ» հիմնադրամը: