ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ԵՐԵՒԱՆԻ ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի Թէ­քէեան կեդ­րո­նը ժա­մադ­րա­վայրն էր պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու, մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ մշա­կու­­թա­սէր հան­րու­թեան, ո­րուն մէջ աչ­քա­ռու էր ե­րի­տա­սար­դու­թեան մեծ թի­ւը:

Ար­դա­րեւ, Ուր­բաթ, Օ­գոս­տոսի 19-ին, «Զար­թօնք»ի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եր­կու գիր­քե­րու շնոր­հա­հան­դէ­սը կա­տար-ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Թէ­քէեան կեդ­րո­նի մեծ սրա­հին մէջ:

Այն­տեղ ներ­կա­յա­ցուե­ցան Զա­ւէն Մսըր­լեա­նի հե­ղի­նա­կած «Մկրտիչ Մսըր­լեա­նի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը» եւ Յով­սէփ Ար­թի­նեա­նի պատ­րաս­տած՝ «Գուր­գէն Եա­նի­գեա­նի ա­րար­քին ար­ձա­գանգ­նե­րու եւ հայ-թր-քա­կան հա­կա­մար­տու­թեան մա­սին հրա­պա­րա­կում­նե­րու մա­տե­նա­գի­տու­թիւն» հա­տոր­նե­րը:

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ «Զար­թօնք»ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Սե­ւակ Յա­կո­բեան: Ա­պա բեմ հրա­ւի­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի փոխ-նա­խա­րար Սերժ Սրա­պիո­նեան, որ ներ­կա­նե­րուն փո-­խան­ցե­լէ ետք Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի ող­ջոյն­նե­րը, իր սրտի խօս­քը ար­տա­յայ­տեց, դրուա­տի­քով ու մեծ հիա­ցու­մով խօ­սե­լով եր­կու գիր­քե­րուն նիւթ հան­դի­սա­ցող՝ Մկրտիչ Մսըր­լեա­նի եւ Գուր­գէն Եա­նի­գեա­նի ան­ձե­րուն մա­սին:

Շնոր­հա­հան­դէ­սին առաջին գիր­քը հա­մա­պար­փա­կօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց Յո­վիկ Էօր­տէ­քեան, իսկ երկրորդ գիր­քը ներ­կա­յա­ցուց Տքթ. Թո­րոս Թո­րա­նեան, որ իր խօս­քին ընդ­մէ­ջէն ի­րեն յա­տուկ ո­ճով ո­գե­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը եւ ող­ջու­նեց ներ­կայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը:

Խօսք տրուե­ցաւ նաեւ ա­զատ լրագ­րող եւ պատ­մա­բան Գէորգ Եազ­ճեա­նին, որ իր շնոր­հա­կալ դե­րը ու­նե­ցած էր երկ­րորդ գիր­քի հրա­տա­րա­կու­թեան գոր­ծին մէջ:

Ձեռ­նար­կին ա­նակն­կա­լը Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու միութեան նա­խա­գա­հին՝ Կա­րէն Ա­ղա­մեա­նի ա­րուես­տի գոր­ծը հան­դի­սա­ցող՝ Գուր­գէն Եա­նի­գեա­նին նուի­րուած գե­ղան­կա­րին ցու­ցադ­րու­թիւնն էր սրա­հէն ներս:

Ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, որու ընթացքին ներկաներն առիթն ունեցան զրուցելու իրարու հետ։

«Զարթօնք», Պէյրութ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2016