ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ներ­կայ աշ­նա­նա­մու­տին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ար­դէն աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած են 2016-2017 շրջա­նի սի­րոյ սե­ղան­նե­րուն հա­մար։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, այս ե­ղա­նա­կի ա­ռա­ջին սի­րոյ սե­ղա­նը պի­տի սար­քուի ի նպաստ Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի։ 25 Սեպ­տեմ­բե­րին նա­խա­տե­սուած մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան սկսան նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը այս առ­թիւ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ կազ­մա­կեր­պեց հա­մայն­քա­յին հա­ւա­քոյթ մը։ Այս­պէ­սով ար­դէն պաշ­տօ­նա­պէս սկիզբ ա­ռին տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։

Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Սա­մա­թիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան։ Ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուած էին նաեւ հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ եւ հիւ­րեր։

Ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տե­մի­րի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Ե­սա­յի Տե­միր, Սա­հա­կեան-Նու­նեան լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու, թա­ղի պա­տուոյ ա­տե­նա­պետ Մել­քոն Քա­րա­քէօ­սէ, Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ե­սա­յի Տե­միր խօ­սե­ցաւ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քի հո­վա­նիին ներ­քեւ գոր­ծող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու այժ­մու կա­ցու­թեան շուրջ եւ զօ­րակ­ցու­թեան կոչ ուղ­ղեց ամ­բողջ հա­մայն­քին։ Իր կար­գին, Թա­լին Մա­թո­սօղ­լուն ալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ դպրո­ցի վի­ճա­կին շուրջ՝ ընդգ­ծե­լով, որ յա­ջո­ղա­գոյն ա­շա­կերտ­նե­րուն ուղ­ղեալ բա­ցուած մաս­նա­ւոր դա­սա­րա­նը կը բազ­մա­պատ­կէ յա­ջո­ղու­թիւ­նը։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016