«3 ՇԱԲԱԹ ԵՐԵՒԱՆՈՒՄ»ԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Ար­փա» հիմ­նար­կին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի եւ Վա­հիկ Փիր­համ­զէիի բե­մադ­րած «3 շա­բաթ Ե­րե­ւա­նում» ժա­պա­ւէ­նը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի ցու­ցադ­րուի յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի 14-ին, Չո­րեք­շաբ­թի, Հո­լի­վու­տի «Egyptian Theatre»ի մէջ: Ժա­պա­ւէ­նի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք հար­ցազ­րոյց մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ե­րեք կեդ­րո­նա­կան դե­րա­սան­նե­րուն՝ Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի (հե­ղի­նակ, բե­մադ­րիչ), Վա­հիկ Փիր­համ­զէիի (ար­տադ­րիչ, բե­մադ­րիչ) եւ Հրանդ Թո­խա­թեա­նի հետ: Իսկ Սեպ­տեմ­բե­րի 16-էն սկսեալ, շարժապատկերը պի­տի ցու­ցադ­րուի Էն­սի­նո­յի եւ Փա­սա­տի­նա­յի «Laemmle» սրահ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Կլեն­տէյ­լի «MGN Five Star Cinemas»ի մէջ:

Հա­յե­րէ­նով պատ­րաս­տուած (անգ­լե­րէն են­թա­գիր­նե­րով) շարժապատկերը կը պատ­մէ, թէ ինչ­պէ՛ս եր­կու ըն­կեր­ներ, մէ­կը՝ լի­բա­նա­նա­հայ, միւ­սը՝ ի­րա­նա­հայ, Ե­րե­ւան կ՚եր­թան ի­րենց հա­յաս­տան­ցի գոր­ծա­կի­ցին հետ ժա­պա­ւէն մը պատ­րաս­տե­լու հա­մար, բայց շու­տով կ՚անդ­րա­դառ­նան, որ ո­չինչ պի­տի ըն­թա­նայ ի­րենց ակն­կա­լա­ծին պէս:

Վա­հէ Պէր­պէ­րեա­նի բե­մագ­րու­թիւ­նը, որ հիմ­նուած է Նար­բէ Նա­զա­րեա­նի հե­ղի­նա­կած պատ­մու­թեան վրայ, կը ներ­կա­յաց­նէ ազ­նիւ եւ հա­ճե­լի պատ­մու­թիւն մը, որ հա­րուստ է հո­յա­կապ կեր­պար­նե­րով: Կեր­պար­ներ, զորս կը մարմ­նա­ւո­րեն Ա­շոտ Ղա­զա­րեա­նի, Նա­րեկ Տու­րեա­նի, Խո­րէն Լե­ւո­նեա­նի եւ Լե­ւոն Յա­րու­թիւ­նեա­նի նման տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սան­ներ: Ա­նոնց կող­քին, ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն նե­ցուկ կանգ­նե­լու հա­մար, մանր դե­րե­րով ի­րենց հա­ճե­լի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած են նաեւ ծանօթ եր­գիչ­ներ Թա­թա Սի­մո­նեան, Նու­նէ Ե­սա­յեան, Ին­գա եւ Ա­նուշ, Է­րիք, Քրիս­թի­նէ Բէ­բէ­լեան, Շու­շան Պետ­րո­սեան, Ա­րա­մօ եւ շարք մը այլ տա­ղանդ­ներ:

«3 շա­բաթ Ե­րե­ւա­նում» ֆիլ­մին փրէօ­մի­րէ­րը պի­տի կա­տա­րուի Չո­րեք­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան, ժա­մը 7-ին՝ քոք­թէյ­լով, իսկ ֆիլ­մը պի­տի ներ­կա­յա­ցուի ժա­մը 8-ին եւ ան­կէ ետք տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հար­ցազ­րոյ­ցը:

Տոմ­սե­րը սահ­մա­նա­փակ են։

«Շատ կա­րե­ւոր է, որ բաց­ման ա­ռա­ջին շա­բա­թը շար­ժապատկերին բո­լոր ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ՝ matinee-նե­րը, ան­պայ­մա՛ն լե­ցուին, որ­պէս­զի շար­ժան­կա­րի սրահ­նե­րը շա­րու­նա­կեն ցու­ցադ­րել շար­ժա­պատ­կե­րը», կ՚ը­սէ ար­տադ­րիչ Վահիկ Փիր­համ­զէի, ա­ւելց­նե­լով, որ հան­դի­սա­տե­սին կող­մէ ա­ռա­ջին շա­բա­թը ցու­ցա­բե­րուած հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կ՚ո­րո­շէ շար­ժա­պատ­կե­րին ճա­կա­տա­գի­րը, եւ նկա­տի առ­նե­լով, որ ան միայն հայ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար պատ­րաս­տուած չէ, որ­քա՛ն եր­կար ցու­ցադ­րուի՝ այն­քա՛ն ա­ւե­լի օ­տար­ներ ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նան դի­տե­լու»:

Լոս Ան­ճե­լը­սէն ետք, շարժապատկերը պի­տի սկսի ցու­ցադ­րուիլ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, ա­պա նաեւ Սփիւռ­քի հա­յա­շատ քա­ղաք­նե­րուն մէջ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2016