ԵՐԵՒԱՆԻ «ՉԱՅՔՈՎՍԿԻ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է հիմնանորոգուած Երեւանի Չայքովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի բացման արարողութեան։
Հանրապետութեան նախագահը Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ երաժշտական դպրոցի ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է նորաբաց դպրոցին մէջ, ուր ծանօթացած է ուսումնառութեան պայմաններուն, զրուցած է դպրոցի ուսուցիչներու ու սաներու հետ, որմէ ետք հիմնանորոգուած դահլիճին մէջ ունկնդրած է տարբեր միջազգային եւ հանրապետական մրցոյթներու դափնեկիր՝ դպրոցի տաղանդաւոր աշակերտներու կատարումներուն:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ իրականացուած լայնածաւալ աշխատանքներու աւարտէն ետք կրթօճախի բացման առիթով ելոյթներ ունեցած են դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեան, Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան եւ Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի ատենապետ Խորէն Բանդազեան, որոնք գոհունակութեամբ նշած են, որ հիմնանորոգման շնորհիւ նոր աստիճանի բարձրացած է դպրոցի կարգավիճակը, եւ այժմ հնարաւորութիւն կայ կազմակերպելու նաեւ հանրապետութեան հեռաւոր շրջաններէն, Արցախէն, արտերկրէն շնորհալի, տաղանդաւոր երախաներու ուսումը դպրոցին մէջ՝ կատարելագործելով ուսումնական գործընթացն ու հասնելով նոր նուաճումներու:
Հիմնանորոգուած կրթօճախին մէջ ներկայիս կ՚ուսանին աւելի քան վեց հարիւր աշակերտներ, որոնք բարձրակարգ երաժշտական կրթութեան զուգահեռ կը ստանան հանրակրթական կրթութիւն:
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024