ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Կէ­տիկ­փա­շա­յի Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նա­խա­գահ Տ. Զա­ւէն Քհնյ. Պը­չաք­ճեան եւ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ յա­ռա­ջի­կայ 2 Հոկ­տեմ­բե­րին կրօ­նա­կան եւ աշխ­ար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով պի­տի նշուին դպրաց դա­սու եւ երգ­չա­խում­բի կրկնակ տա­րե­դարձ­նե­րը՝ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Դպրաց Դա­սը պի­տի նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 80-ա­մեա­կը։ Նոյն շրջա­նին կը զու­գա­դի­պի նաեւ ման­կանց երգ­չա­խում­բի կազ­մու­թեան 60-ա­մեա­կը։ Յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նի սե­մին երգ­չա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Գում­գա­բուի մէջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին Զուարթ­նո­ցի ըն­տա­նի­քին կող­մէ յա­ռաջ տա­րուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ անդ­րա­դար­ձան դպրաց դա­սու ե­րէց ան­դամ­նե­րու նուի­րեալ ու գո­վե­լի ծա­ռա­յու­թեան մա­սին։ Ար­դա­րեւ, ե­րէց դպիր­նե­րը հա­ւա­տար­մօ­րէն կը կա­տա­րեն ի­րենց վի­ճա­կած պաշ­տօ­նը՝ եր­բեմ­նի հա­յա­հոծ այս թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան հա­մար։ Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը խնդրե­ցին նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը՝ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց այ­ցե­լու­թեան հա­մար ու գնա­հա­տեց Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Այժ­մէն շնոր­հա­ւո­րե­լով մօ­տա­լուտ տա­րե­դարձ­նե­րը՝ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը յա­ջո­ղու­թիւն եւ կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2016