ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՅԱՋՈՂ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ

Իս­թան­պու­լի մէջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Մի­ջազ­գա­յին ճատ­րա­կի բաց մրցա­շար­քը։ Մին­չեւ տաս­ներ­կու տա­րե­կան­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մէջ այս մրցա­շար­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րէն Մա­սիս Քա­րա, որ խա­ղե­րը ա­ռանց պար­տու­թեան ա­ւար­տե­լով բաժ­նեց երկ­րորդ կար­գը։ Մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թա­ցին ի­րեն յանձ­նուե­ցան՝ բա­ժակ մը, մե­տայլ ու դրա­մա­կան պար­գեւ։

Բաց աս­տի, նոյն վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րէն Ար­թուն Էօզ­պիւլ­պիւլն ալ բաժ­նեց ու­թե­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նը։ Ա­ռա­ջին տասն կար­գե­րը գրա­ւած բո­լոր մար­զիկ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան դրա­մա­կան պար­գեւ­նե­րու։   

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2016