«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
«Մարալ» միութեան համոյթը, անցեալ շաբթուան մէջ, պայրամի արձակուրդի օրերուն «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»ը ներկայացուց Երեւանի մէջ։ Երկրի անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին ձօնուած «Իմ Հայաստան» փառատօնին շրջագծով, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առընթեր ձեռնարկին ներկայ էր Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ խօսք մը արտասանեց բացման։ Գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին «Մարալ» միութեան խումբի ելոյթին նկատմամբ։ Ներկայացման աւարտին Հրանոյշ Յակոբեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։ «Յակոբ Պարոնեան» թատրոնի բեմին վրայ կազմակերպուած երեկոյթին առթիւ Յակոբեան «Մարալ» միութիւնը պարգեւատրեց իր նախարարութեան ոսկէ մետայլով։
Խումբը վառ տպաւորութիւններով վերադարձաւ քաղաքս։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս ուղեւորութեան հովանաւորները եղած էին մեր բարերարներէն Պետրոս Շիրինօղլու եւ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։