ԲԱԶՄԱԴԱՐԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառին մէջ պոլսահայ մտաւորական, պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ Արմաւենի Միրօղլուի «Պոլսահայերը (1923-1939)» գիրքին շնորհանդէսէն ետք ԺԱՄԱՆԱԿ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Արմաւենի Միրօղլուին հետ:
-Տիկին Արմաւենի, ինչպէ՞ս մտայղացումը ունեցաք նման գիրք մը պատրաստելու:
-Իմ մտայղացումը չէր թեկնածուական մը պաշտպանել, այլ Պոլսոյ Ամենապատիւ Մեսրոպ Պատրիարքին թելադրանքով, կարելի է ըսել նաեւ հրահանգով ես որոշեցի կամ ինք որոշեց, որ պէտք է թեկնածուական մը պաշտպանեմ: Այդպէս, դիմում կատարեցինք Ակադեմիա եւ սկսանք, եւ քանի որ քիմիագիտութենէն մագիստրատուրա (ատենալակութիւն) ունէի, նախ մագիստրատուրան աւարտեցի, ապա թեկնածուականը պաշտպանեցի, եւ շուրջ չորսուկէս տարի ջանացի, որպէսզի գիրքը Պոլսոյ մէջ հրատարակուի, բայց Ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի հրատարակութեամբ է որ լոյս տեսաւ:
Այս գիրքը նաեւ յիշատակի տուրք մըն է հօրս բարի հոգիին, քանի որ ան մինչեւ իր վերջին շունչը երազեց օգտաշատ ծառայութիւն մը մատուցել իր հայրենիքին: Բայց երիտասարդութեան շրջանին թէ՛ նիւթական, թէ՛ քաղաքական պատճառներով չկրցաւ իրականացնել այդ փափաքը: Իսկ հասուն տարիքին արդէն առողջութիւնը չէր ներեր իր միակ երազը իրականացնել՝ գալ հայրենիք, նոյնիսկ գտնել իր ազգակիցները, իր բարեկամները: Ինք, դժբախտաբար, նոյնիսկ չրկցաւ տեղեկանալ իմ կատարած բարձրագոյն ուսման մասին: Որքան պիտի հպարտանար, երբ լսէր, թէ իմ ազգակիցները երբեք չզլացան իրենց օգնութիւնն ու աջակցութիւնը, որպէսզի ես կատարելապէս վերջացնեմ, աւարտին հասցնեմ Սրբազան Պատրիարքին ինծի թելադրած այս պարտականութիւնը:
Այս աշխատութիւնս կը ձօնեմ բոլոր անոնց բարի յիշատակին, որոնց հոգիներուն մէջ միշտ վառ մնաց օր մը հայրենիքը ըմբոշխնելու, հայրենիքի մէջ արթննալու, արշալոյսը տեսնելու, իր ազգակիցներուն աջակցելու, օգտաշատ աշխատանքներ ծաւալելու հեռանկարը:
-Դժուա՞ր էր նման ձեռնարկի մը իրականացումը. մանաւանդ աղբիւրներ գտնելու եւ համադրելու առումով ի՞նչ աշխատանք կատարուեցաւ:
-Աղբիւրներու առումով դժուարութիւններ կային, այո, որովհետեւ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենար նման հետազօտութիւն մը Հանրապետական շրջանին մասին, որ գիտական հիմքերու վրայ լոյս աշխարհ կու գայ: Ես պարտաւորուեցայ թերթերու տողերուն ընդմէջէն որսալ նիւթերը: Հիմնականօրէն ուսումնասիրած եմ արեւմտահայ մամուլը, Փարիզ գացած եւ «Նուպարեան» մատենադարանէն օգտուած եմ, «Յառաջ» օրաթերթի հաւաքածոները ինծի շատ օգտակար եղան: Իսկ Հայաստանի մէջ արդէն Ազգային գրադարանը, Եղիշէ Չարենցի անուան գրանակութեան արուեստի թանգարանը, Պետական արխիւը, Ակադեմիոյ հիմնարար գրադարանը, Պատմութեան կաճառի գրադարանը մեծապէս օգտակար եղած են ինծի: Ինչպէս նաեւ թուրք հեղինակներու անձնական արխիւներէն օգ-տըւած եմ: Շուրջ հինգուկէս տարիներու աշխատանքի մը արդիւնքն է ասիկա:
Ես այս աշխատութեամբ ջանացած եմ ներկայացնել Թուրքիոյ Հանրապետութեան այն տասնվեց տարիները, երբ ազգային փոքրամասնութիւններու հասարակական, քաղաքական ու մշակութային կեանքին մասին տեղի ունեցան ցնցիչ փոփոխութիւններ: Ջանացած եմ բացայայտել քեմալական հանրապետութեան ազգ ու պետութիւն կազմելու նպատակը իրականացնելու համար փոքրամասնութիւններուն հանդէպ տածած քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով պոլսահայութեան ստուար մէկ մասին երկրէն հեռացումը, իսկ մնացողներուն կանգուն մնալու, ինչպէս նաեւ՝ իրենց հաստատութիւնները, եկեղեցիներն ու դպրոցները կանգուն պահելու ջանքը, եւ հակառակ ամէն գնով կանգուն պահելու անոնց անուրանալի ջանքերուն, անկում ալ կը նկատուի հասարակական, մշակութային կեանքէն ներս:
-Ձեր կարծիքով՝ ինչպէ՞ս կ՚ընդունուի, ինչպիսի՞ արձագանգներ կը սպասէք թէ՛ ընթերցողներէն, թէ՛ գիտական աշխարհէն:
-Յոյսով եմ, որ գիրքը ընթերցող պիտի գտնէ, որովհետեւ դժբախտաբար սփիւռքի եւ Պոլսոյ մէջ հայերէն ընթերցողներուն թիւը շատ նուազած է:
-Որո՞նք աջակցած են ձեզի նման աշխատութիւն մը հրատարակելու գործին մէջ:
-Հայաստանի մէջ Ակադեմիոյ բոլոր դասախօսներս միշտ ինծի աջակից եղած են: Ուսումնառութեանս տարիներուն շնորհիւ՝ հորիզոնիս մէջ ընդգրկուեցաւ բազմադարեան հայոց պատմութիւնը:
-Պոլսահայերու մասին է ուսումնասիրութիւնը, իսկ այսօր ինչպէ՞ս կը բնորոշէք պոլսահայերը եւ պոլսահայ գաղութը, որ ցրուած է աշխարհով մէկ, իսկ Պոլսոյ մէջ ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:
-Մէկ բառով ըսեմ՝ խճողուած, տակնուվրայ: Ընդհանուր հարցեր են՝ թէ՛ աշխարհի, թէ՛ հայկական իրականութեան առումով, որ զիրենք պատած է, բայց Պոլիսը, իսկապէս, իր դպրոցները, եկեղեցիները եւ ազգապատկան կալուածները իր ուժերով կանգուն կը պահէ, եւ այդ առումով ես հպարտ եմ, որ պոլսահայ եմ: Մենք որեւէ պետական օգնութիւն չունինք: Պոլսահայերը, մեր բարերարները, ինչպէս նաեւ՝ համայնքը, իւրաքանչիւրը իր լուման կը բերէ՝ պահպանելու համար իր հաստատութիւնները:
-Հայաստանի գիտական աշխարհը ինչպէ՞ս կը բնորոշէք, ձեր երկար տարիներու առընչուածութեան որպէս հետեւանք:
-Պէտք է ըսեմ, որ հայրենիքիս մէջ հպարտութեամբ նկատեցի, թէ որքան համեստ են մեր գիտնականները: Իսկապէս, պարծանքով կ՚արտայայտեմ այս կարծիքը ամէն տեղ ու ամէն առիթի, որոնցմէ մէկն է ղեկավարս, որ եղաւ նաեւ խմբագիրս՝ Ալպերթ Խառատեանը:
-Այսինքն համեստ՝ իրենց կատարած աշխատանքի՞ն համար: Ուրիշ երկրի մը մէջ, թերեւս այդ նոյն աշխատանքը կատարողը աւելի վերամբարձ կ'ըլլայ:
-Մենք չենք տեսած: Այդպէս ըսեմ. գոնէ Թուրքիոյ մէջ մեր գիտնականներուն մօտենալը քիչ մը դժուար է: Պիտի շողոքորթես իրենց, մինչ իրենք միշտ պիտի շահագործեն քու բարոյական կամ նիւթական հնարաւորութիւններդ:
-Շարունակութիւն պիտի ունենա՞յ այս աշխատութիւնը, թէ՛ այս նիւթը եւ թէ այլ թեմաներ կա՞ն, որ կ՚ուզէիք անդրադառնալ, գիտական հիմքերու վրայ դնել:
-Ակադեմիայէն թէ՛ ղեկավարս, թէ՛ բոլոր ծանօթ գիտնականներ կ՚ուզեն, որ ես շարունակեմ մինչեւ 40-50-ական թուականները, բայց այժմ ես արդէն կը պաշտօնավարեմ Պոլսոյ մէջ՝ Էսաեան ազգային վարժարանէն ներս, մէյ մըն ալ անձնական նկատառում կայ՝ մօտ օրէն մեծ մայր պիտի դառնամ, թերեւս ընդմիջում մը ըլլայ որոշ շրջան մը, բայց յետոյ շարունակեմ:
-Քանի որ խօսեցաք դպրոցի մասին, դպրոցական կեանքի մասին, քիչ մը ներկայացուցէք, թէ ինչպէ՞ս են հայ աշակերտներուն տրամադրութիւնները՝ հայերէն սորվելու, հայեցի կրթութիւն ստանալու առումով:
-Անպայման կ՚ուզեն սորվիլ, բայց արեւմտահայերէնը արեւելահայերենէն քիչ մը դժուար կը թուի աշակերտութեան՝ իր ուղղագրութիւնով: Ես կը կարծեմ, որ խոչընդոտներ ալ կան, մեր շրջանին մենք չունէինք հեռատեսիլ, չունէինք համակարգիչներ, ժամանակակից խելախօսներ եւ ընդհանրապէս ընթերցելով գիտելիքներուն տէր կը դառնայինք։ Այսօր այդ առումով դիւրութիւններ ստեղծուած են, ատիկա ես կը կարծեմ, որ մեր մայրենիին ժխտականօրէն կ՚ազդէ, տղաքը առօրեային մէջ տեղւոյն լեզուն կ՚օգտագործեն: Հոս ալ, կը նկատեմ նոյն բանը՝ երիտասարդները անգլերէնով, իսկ մեր հասակակիցները՝ ռուսերէնով կ՚օգտագործեն հայերէնը, Պոլսոյ մէջ ալ՝ թրքերէնով է: Այդ առումով մայրենի լեզուի ուսուցչուհին միշտ ալ դժուարութեան դէմ է:
-Ի՞նչ կարելի է ընել այդ առումով, ի՞նչ կ՚առաջարկէք:
-Ես, օրինակ, միշտ մտածած եմ եւ կը մտածեմ, որ հայերէն լեզուի ուսուցչուհիէն աշակերտին ստանալիք նիշը շատ ալ կարեւոր բան պէտք չէ ըլլալ, քանի որ աշակերտը կը խրտչի, եթէ տկար նիշ մը ստանայ: Ես հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդեմ եւ միշտ ուշադիր ըլլալու կը ջանամ իմ աշակերտներուս, չեմ ուզեր իրենց մայրենի լեզուն տկար ըլլայ: Այնպէս մը կ՚ընեմ, որ աշակերտը ձեւով մը յաջողութիւն ունենայ եւ բարձր նիշ ստանայ, կը մտածեմ, որ անիկա պէտք է օգնէ՝ աշակերտը մօտեցնէ իր մայրենի լեզուին:
ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ՝ ԳՐՔԻ ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԷՆ
Պոլսոյ հայ համայնքի ազգային կեանքի եւ իրականութեան ուսումնասիրութիւնը, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումէն մինչեւ 1939 (Բ. Համաշխարհային պատերազմ), սոյն համայնքի պատմութեան բացայայտման համար այժմէական նշանակութիւն ունի: Այսօր, երբ շատ աւելի լայն շփումներ եւ փոխադարձ կապեր կը հաստատուին Հայաստանի ու Սփիւռքի հանրութիւններու միջեւ, մասնաւորաբար համազգային-մշակութային ձեռնարկներով, կարեւոր նշանակութիւն կ՚ունենայ արեւմտահայ երբեմնի մեծագոյն գաղթօճախի հայութեան ազգային, իրաւական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին գիտական եւ գործնական կերպով ծանօթանալը:
... Այս ուսումնասիրութեամբ առաջին անգամն է, որ գիտական քննարկումի առարկայ կը դառնայ պոլսահայ համայնքի 1923-1939 թուականներու պատմութիւնը:
Ուսումնասիրութիւնը կը բովանդակէ պոլսահայ պատմութեան այն իւրայատուկ եւ դժուար ժամանակահատ-ւածներէն մէկը, երբ Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութիւնն ու ազգային վարչութիւնները երբեմն օրինական, իսկ աւելի յաճախ ապօրինի ստիպումով կը համակերպին կարգադրութիւններու, որոնց ժխտական ազդեցութիւնը այսօր եւս զգալի է համայնքային կեանքէն ներս:
Ուստի նորութիւն պէտք է համարել Հանրապետական Թուրքիոյ գրեթէ առաջին երկու տասնամեակներու ընթացքին համայնքի, Պատրիարքութեան եւ ազգային հաստատութիւններու ազգապահպանման ուղղուած ջանքերուն բնութագիրն ու գնահատականը: Նորութիւն է նոյնպէս պոլսահայ համայնքի տնտեսական կեանքի եւ հայոց «Լքեալ գոյքերու» հարցին այժմէական վերլուծութիւնը, ինչպէս եւ այն որ համայնքի ազգային, հոգեւոր մշակութային ու տնտեսական կացութեան վերաբերող հարցերը կը հետազօտուին ոչ թէ մեկուսի, այլ իրենց ներքին միասնութեան մէջ, Թուրքիոյ հասարակական ու տնտեսական իրականութեան ընդհանուր խորքին վրայ:
Ուսումնասիրութեան այս հանգամանքը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռնէ պատկերացնելու Պոլսահայ համայնքի տեղն ու նշանակութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան 1920-1930-ական տարիներու եւ հայկական սփիւռքի բարդ ու հակասական պատմութեան մէջ:
Ուսումնասիրութիւնը շարադրուած է անտիպ ու հրապարակուած հայերէն ու օտարալեզու արխիւային նիւթերու, վաւերագիրներու, մամուլի հրապարակումներու, ինչպէս նաեւ համապատասխան գրականութեան տուեալներու պատմահամեմատական քննարկումի մէթոտով: Խնդրոյ առարկայ հիմնահարցերը վերլուծութեան ենթարկուած են փաստագրական ու վիճակագրական տուեալներու համադրմամբ եւ վերլուծութեամբ՝ հիմք ընդունելով անկողմնակալութիւնը:
Հայկական պատմագիտութեան մէջ գոյութիւն չունին պոլսահայ համայնքի 1923-1939 տարիներու պատմութեան նուիրուած գիտական ուսումնասիրութիւններ: Սակայն այս նիւթի առանձին հարցերուն իրենց աշխատութիւններուն մէջ առաւել կամ նուազ չափով անդրադարձած են հայ եւ օտար պատմաբաններ, ինչպէս նաեւ՝ պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւններու հեղինակներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024