ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ եր­կու ար­ժէ­քա­ւոր ա­նուն­ներ՝ Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուք­ճու եւ Կա­րօ Ա­կօ­շեան։ Մօտ օ­րէն Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը պի­տի նշէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ ե­րեք յո­բե­լեան­ներ։ Դպրաց-Դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 125-րդ, երգ­չա­խում­բի կազ­մու­թեան 80-րդ եւ Հա­րիւր ման­կանց երգ­չա­խում­բի ստեղծ­ման 60-րդ ե­ռեակ տա­րե­դարձ­նե­րը պի­տի նշուին ա­ւան­դա­կան շու­քով։

Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուք­ճու եւ Կա­րօ Ա­կօ­շեան ե­րէ­կուան մեր հա­ճե­լի զրոյ­ցին ըն­թաց­քին նշե­ցին, թէ այս հանգ­րուա­նը բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ի­րենց տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, երգ­չա­խում­բի ներ­կայ կազ­մին կո­րի­զը կը հան­դի­սա­նան այն դպիր­նե­րը, ո­րոնք վաթ­սուն տա­րի ա­ռաջ հան­գու­ցեալ Վարդ­գէս Գաբ­րիէ­լեա­նի կող­մէ հիմ­նուած Հա­րիւր ման­կանց երգ­չա­խում­բին մէջ էին։ Հե­տե­ւա­բար, ե­րէց ան­դամ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը պի­տի նշէ իր դպրա­կան ծա­ռա­յու­թեան 60-ա­մեա­կը։ Բաց աս­տի, ար­տա­սահ­մա­նէն երգ­չա­խում­բի բազ­մա­թիւ ան­դամ­ներ քա­ղաքս կ՚այ­ցե­լեն այս ե­ռեակ յո­բե­լեան­նե­րուն առ­թիւ։ Այս­պէս, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Ար­ժան­թի­նէն, Ու­րու­կուա­յէն, Աւստ­րա­լիա­յէն, Ֆրան­սա­յէն, Գեր­մա­նիա­յէն եւ Զուի­ցե­րիա­յէն բազ­մա­թիւ հիւ­րեր պի­տի հա­մախմ­բուին տա­րե­դար­ձի առ­թիւ։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Կէ­տիկ­փա­շա­յի նախ­կին թա­ղե­ցի­ներ են։ Յո­բե­լեա­նը ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ, որ շուրջ յի­սուն տա­րի վերջ բազ­մա­թիւ ըն­կեր­ներ զի­րար վե­րագտ­նեն։

Գէորգ Չաղ­լը­չու­պուք­ճու եւ Կա­րօ Ա­կօ­շեան ե­րէկ յայտ­նե­ցին, որ Զուարթ­նոց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը ներ­կա­յիս 34 ան­դա­մով կը շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ա­մէն տա­րի երգ­չա­խում­բը առ­նուազն կ՚եր­գէ տասն­հինգ Ս. Պա­տա­րագ։ Ա­րե­ւա­գալ­նե­րուն եւ շարք մը հիմ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն կամ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ ամ­բող­ջա­կան կազ­մը կ՚ըլ­լայ պատ­րաստ։ Բաց աս­տի, ա­մէն Կի­րա­կի Զուարթ­նոց երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը հեր­թով կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րագ­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը։ Երգ­չա­խում­բը կար­գա­պահ ձե­ւով ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ նաեւ կա­նո­նա­ւոր փոր­ձեր։

Չաղ­լը­չու­պուք­ճու եւ Ա­կօ­շեան մատ­նան­շե­ցին, թէ Զուարթ­նոց երգ­չա­խում­բը բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն կու տայ մօ­տա­լուտ յո­բե­լեա­նին, որ ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ նաեւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի ան­ցեա­լի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու վե­րա­կեն­դա­նաց­ման։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2016