ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ԴԱՄԲԱՐԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս արդէն աւարտին հասած է արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներուն շիրմին վերանորոգութիւնը։ Յուշարձանի մը ձեւաչափին մէջ վերանորոգուած է շիրիմը, Փարիզէն՝ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբարներու բարերարութեամբ եւ «Հայճար»ի նպաստով։
Այս յուշարձան-շիրմի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթավերջին։ Երկու տարուան աշխատանքով մը կեանքի կոչուած է ծրագիրը։ Կազմակերպիչները կը տեղեկացնեն, որ բացման արարողութեան մասնակցութիւն պիտի բերեն Մշակոյթի նախարար Նապի Ավճը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ։