ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ՝ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ե­րէկ, Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ շաբ­թուան հեր­թա­կան Ս. Պա­տա­րա­գը՝ ձե­ռամբ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ գտնուե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Մու­րատ Իչ­լի­նալ­չա­յի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Ներ­կայ էին Հրաչ Սրկ. Սու­րէ­նեան, Օն­նիկ Սրկ. Պո­յա­ճեան, Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան, ինչ­պէս նաեւ դպիր­ներ՝ Յա­կոբ Սու­րէ­նեան, Գէորգ Թիւյ­սիւ­զեան, Եփ­րեմ Միհ­րա­նեան, Անդ­րա­նիկ Տու­փի­նեան, Հա­ճը Եըլ­մազ, Մար­տի­րոս Մար­տի­կեան, Հեր­ման Պա­քը­րէլ, Շա­հին Քա­լայ, Կար­պիս Տէր­տէ­րեան եւ այլք։ Բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ հա­ղոր­դուե­ցան եւ Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ տե­ղի ու­նե­ցաւ խա­չա­հան­գիստ։

Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ ա­կա­նա­տես ե­ղան, թէ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ ձեռ­նար­կուած շարք մը բա­րե­կարգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ար­դէն ա­ւար­տած են։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան յա­րա­կից սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, ո­րու ըն­թաց­քին ա­տե­նա­պետ Ե­դուարդ Այ­վա­զեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016