ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՔՐԻՍՏԻՆ ԾԱՌՈՒԿ ՆՈՒԱՃԵՑ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Քրիստին Ծառուկ վերջերս շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ կօշիկներու գծագրման մրցոյթի մը մէջ։
Իսթանպուլի Կաշիի եւ կաշեղէններու արտածողներու միութեան կողմէ կազմակերպուած եւ Տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ խրախուսուած 2016 թուականի Իսթանպուլի միջազգային կօշիկներու ծրագրաւորման երկրորդ մրցոյթին մասնակցեցաւ 1800 նախագիծ։ Քրիստին Ծառուկի նախագիծը առաջին քսանեակին մաս կազմեց՝ լիսէներու, միջնակարգերու եւ նախակրթարաններու դասաւորման մէջ։ Նախընթաց օր «Քոնրատ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական երեկոյթը, որուն մասնակցեցան տեղացի եւ օտար բազմաթիւ նորաձեւութեան կազմակերպութիւններ։ Արդիւնքին, դատակազմը Քրիստին Ծառուկի ստեղծագործութիւնը առաջնութեան մրցանակի արժանի նկատեց իր դասաւորման մէջ։
Քրիստին Ծառուկ, որ Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանին կ՚աշակերտի, մրցանակը ստացաւ ձեռամբ՝ Ստեղծագործ երախաներու միութեան նախագահ Տիտէմ Չափայի եւ Իսթանպուլի Կաշիի եւ կաշեղէններու արտածողներու միութեան նախագահ Մուսթաֆա Շէնօճաքի։ Քրիստին Ծառուկ այս առթիւ յայտնեց, թէ ծովը շատ կը սիրէ եւ այս պատճառով իր երեւակայութեան մէջ օգտուած է անկէ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր ծնողներուն եւ ուսուցչին՝ Սերքան Շահինին, որոնք միշտ կը խրախուսեն զինքը։
Այս առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք Քրսիտին Ծառուկը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։