«ԲԵՄ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Ամրան ամիսներուն Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ յառաջ տարուեցան շարք մը աշխատանքներ՝ համախմբելու համար մանուկները։ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի օրհնութեամբ սկսան աշխատանքները, որոնց շրջագծով արժէքաւոր արուեստագիտուհի Նաթալի Դաւիթեանի մականին ներքեւ ստեղծուեցաւ մանկապատանեկան թատերախումբ մը։ Տասնհինգ անդամներէ բաղկացեալ այս խումբը աշխատեցաւ Կղզեաց մշակոյթի միութեան մէջ։ Առաւել չափով Օգոստոսի մէջ թափ ստացած այս աշխատանքին պտուղը շաբաթավերջին ներկայացուեցաւ խանդավառ ձեռնարկով մը։ Կղզիէն քաղաք վերադառնալէ վերջ «Բեմ» նորաստեղծ մանկապատանեկան թատերախումբի տղաքը չընդհատեցին իրենց աշխատանքը եւ շաբաթավերջին իրենց անդրանիկ ներկայացումով հանդէս եկան Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։
Ընդամէնը ինն փորձի արդիւնքով կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Զէքիեան Գերապայծառ, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, ծնողներ եւ հիւրեր։ Իսկապէս ծափահարելի էր խումբին շուրջ միամսեայ աշխատանքին պտուղը։ «Ատաքամփինկ» անուն խաղը տղաքը ներկայացուցին յաջողութեամբ։ Իրենց ծնողներն ալ ուրախ տրամադրութեամբ հետեւեցան այս ներկայացման։
Զէքիեան Գերապայծառի շնորհաւորութեան խօսքով աւարտին հասաւ ներկայացումը եւ այս առթիւ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։