ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ կա­թո­ղի­կէից վիճակաւոր Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զե­քիեան ե­րէկ երեկոյեան բա­նա­խօ­սու­թիւն մը սար­քեց Ս․ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ։ Հարկ է նշել, թէ Հայ կա­թո­ղի­կէ արքեպիսկոպոսարանը ձեռ­նար­կած է դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քի մը եւ Զեքիեան Գե­րա­պայ­ծառի այս ե­լոյ­թը ե­ղաւ հեր­թա­կան ձեռնարկը։ «Օս­մա­նեան Պո­լիսն ու հա­յե­րը» խո­րագ­րին տակ, գե­րա­պայ­ծառ բա­նա­խօ­սը ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Պոլ­սոյ պատ­մու­թեան մէջ հա­յե­րուն ու­նե­ցած դե­րին եւ փո­խա­դար­ձա­բար, հա­յե­րուն ներ­կա­յու­թեան եւ ազ­դե­ցու­թեան՝ Պոլ­սոյ մէջ։ Ան նշեց, թէ Պո­լի­սը ե­ղած է խորհր­դան­շա­կան մայ­րա­քա­ղաք մը հա­յե­րուն հա­մար՝ քա­ղա­քա­կան, հա­սա­րա­կա­կան ու մշա­կու­թա­յին մար­զե­րուն մէջ։ Բա­նա­խօ­սը նշեց, թէ հա­յոց ազ­գին մեծ մա­սը կը բնա­կէր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ եւ հայերու պատ­մա­կան ներ­կա­յու­թեան մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ ան ը­սաւ, որ Մեծն Ներ­սէս, Մես­րոպ Մաշ­տոց եւ իր սա­նե­րը, Ներ­սէս Լամբ­րո­նա­ցի ան­ցած են այս քա­ղա­քէն։ Նոյնպէս Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պարագային Զէքիեան կանգ ա­ռաւ ա­ռեւտ­րա­կան դա­սու գոր­ծու­նէու­թեան, սուլ­թան­նե­րու կող­մէ դէ­պի Պո­լիս հա­յեր գաղ­թեց­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ՝ անդ­րա­դառ­նա­լով նաեւ հա­սա­րա­կա­կան տար­բեր խա­ւե­րու յա­ռա­ջա­ցու­մին։ Ան բացատրեց, թէ հա­յերը միշտ գտնուած են ա­րեւ­մուտ­քի եւ ա­րե­ւել­քի մի­ջեւ նախընտ­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լու հար­կադ­րան­քին առ­ջեւ։ Ըստ ի­րեն, Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան փլուզ­ման պատ­ճա­ռը ե­ղած է ոչ թէ «միլ­լէ­թ»ի հա­մա­կարգը, այլ ա­րեւ­մուտ­քէն թա­փան­ցած ազ­գայ­նա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը։

Դա­սա­խօու­թեան ա­ւար­տին գե­րա­պայ­ծա­ռը պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն, մինչ խօսք առաւ նաեւ Ս․ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ, որ տեղեկացուց թէ շա­բա­թա­վեր­ջին պի­տի կա­տա­րուի հիմ­նար­կէք՝ հի­ւան­դա­նո­ցին ու յարակից համալիրի շի­նա­րա­րութեան տա­րած­քին վրա­յ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015