ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ՝ «ՄԵԾՆ ԿՈՎԿԱՍ»Ի ՆԱԽԱՔԱՅԼ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի օրերս Երեւան կատարած այցը մի քանի առումներով կարեւոր պատգամներ կը փոխանցէ:
Նախ հաշուի պէտք է առնել, որ Փութին Հայաստանի մէջ ներկայ եղաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) հերթական գագաթաժողովին: Հանգրուանի մը, երբ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները բառացիօրէն մտած են փակուղի:
Բացի այդ, որ Ռուսաստան ամրօրէն կառչած կը մնայ Միջին Արեւելքի (նկատի ունիմ Սուրիա) մէջ, իր փորած «խրամատներ»ուն, յստակ է նաեւ, որ Մոսկուա կարեւոր ճիգեր տանելով յաջողեցաւ Թուրքիան դարձնել հին օրերէն եկած «նեղ օրերու» բարեկամ:
Արաբական լրատուական ծառայութիւններ, որոնք բացայայտօրէն կարեւորեցին Փութինի Անգարա տուած այցը երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւններու ընդհանուր ծիրը համարեցին նախ եւ առաջ տնտեսական շահագրգռուածութիւններէ արմատ ստացող ընթացակարգ մը, որուն մէջ քաղաքական «արմատներ»ը մեծ նշանակութիւն մը չունին:
Բայց խորքին մէջ այդպէս չէ: Մոսկուա կարեւոր «նուէր» մը ըրաւ Անգարային՝ սատար կանգնելով Սուրիոյ սահմանային հատուածներուն մէջ քրդական պետութիւն մը ստեղծելու «երազ»ին կազմաքանդման: Այդ կը նշանակէ, որ Մոսկուա դադրեցնելով քրդական ջոկատներուն վերազինումը, նոյնպէս «օրհնեց» Անգարայի շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը եւ իր լռութեամբ թոյլ տուաւ, որ Թուրք զինեալ ուժերը «քրդական երազ»ի մը առաջքը առնէ:
Այս բոլորէն զատ ու վերադառնալով Երեւան տուած իր այցին, պէտք է հասկնալ, որ Ռուսաստանի ղեկավարին կատարած այս այցելութիւնը կը միտի անգամ մը եւս ցոյց տալ Կովկասին իր իրական դէմքը:
Այսինքն Վլատիմիր Փութին, որ հայկական բարձրաւանդակին մէջ մինչեւ երէկ հաւանական «խառնակչութիւններու» կամ տարբեր ձեւաչափի «անհանգստութիւններու» դէմ յանդիման կրնար գտնուիլ, այսօր ապահովելով Անգարայի թիկունքը՝ կրնայ խօսիլ նոր ձեւաչափով:
Այդ ձեւաչափը բնականաբար «Մեծն Կովկաս»ի տրամագիծն է, ուրկէ Ռուսաստանի նախագահը պիտի փորձէ ամէն գնով «հզօր լեզուով» մը խօսիլ:
Սուրիոյ պատերազմին հետ համընթաց մեծ լարումներու հասան ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Մինչ եւրոպական թեւը, ընդհանրապէս կը բացակայի տեղի ունեցող գործընթացներէն, ամերիկեան կողմը ոչ միայն անհանգիստ է ռուսական ուղղակի միջամտութենէն, այլ կը փորձէ ամէն գնով պատուար հանդիսանալ ռուսական ուժերու նեցուկով մասնաւորապէս Հալէպի մէջ յառաջխաղաց կատարել փորձող սուրիական բանակին:
Երեւելի է նաեւ, որ սուրիական դէպքերուն մէջ անմիջական ազդեցութիւն ունեցող իրանեան եւ սէուտական կողմերը անցած են խնդրի «լոքոմոթիւ»ի վերջին վակոնները: Ու այս ալ բնական հետեւանք է, երբ խաղին հիմնական երկու տէրերը «մէյտան» իջնելով կը ճակատին իրարու դէմ:
Մինչ Ռուսաստան կարեւոր կարգադրութիւններով եւ Տումայի կողմէ պատրաստուած օրէնքներով կ՚ամրագրէ իր ներկայութիւն՝ ապահովելով «Հմեմին» օդակայանի եւ Թարթուսի բոլոր կարեւոր զինուորական խարիսխները, անդին Միացեալ Նահանգներ Հալէպի մէջ «երկրորդ ձեռքով» կը կռուի արդիական զէնքեր տրամադրելով Սուրիոյ Ազատ բանակին ու յատկապէս Հալէպի արեւելեան շրջաններուն մէջ պատերազմող ընդդիմադիր ջոկատներուն:
Այս ընդհանուր հունին մէջ է, որ Վլատիմիր Փութին կը ներկայանայ ՀԱՊԿ-ի ժողովին: Մոսկուա բնականաբար պիտի փորձէ ամէն գնով ապահովել այս զինուորական դաշինքին «բարոյական աջակցութիւն»ը՝ Արեւմուտքին ալ ըսելու համար, թէ գետնի վրայ ռուսերը առանձին չեն եւ ՆԱԹՕ-ն նախկինին նման միակ «խաղացող»ը:
Գաղափարական բաւական խճճուած իրադրութեան մը մէջ յստակ է նաեւ, որ թէ՛ Ուաշինկթըն եւ թէ Մոսկուա մեծ դժուարութիւններու առջեւ են:
Այսպէս, մինչ Անգարա որոշ վերապահութիւններ ունի ՆԱԹՕ-ի կատարած քայլերուն դիմաց, երեւելի կը դառնայ, որ Սպիտակ Ռուսիոյ Նախագահ Ալեքսանտր Լուքանշենքօ ռուսերու յառաջիկայ հաւանական քայլերուն փոխարէն յստակ տարակարծութիւններ կրնայ ունենալ:
Նշեմ, որ նոյն Լուքաշենքոն նախքան Երեւան ժամանելը, առանց բառերը ծամծմելու ըսած էր, թէ իրենք պատրաստ չեն մասնակցիլ Ռուսաստանի շահերուն համար մղուելիք որեւէ պատերազմի:
Հայաստանի «արեւմտամէտ» համար-ւող մէկէ աւելի կայքեր վերջերս ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովին մասին անդրադարձումներ կատարեցին: Անոնց հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ միւս տէրութեանց հետ համեմատած «փոքրիկ Հայաստան»ը ինչպիսի դերի մը մէջ պիտի յայտնուի այս բաւական բարդ դրութեան մէջ: Անոնք բաւական վտանգաւոր կը համարեն նաեւ այս ժողովէն բխող եւ Արեւմուտքին ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն ուղղեալ որեւէ պատգամ՝ նկատել տալով, որ Հայաստանի կողմէ «համառուսական» կեցուածքներուն որդեգրումը կրնայ բաւական բարդ վիճակի մը մատնել երկիրը:
Թերեւս տեղին է մտահոգուիլ, բայց եւ այնպէս հաշուի չառնել, որ այս ժողովը կամ անկէ ետք տեղի ունենալիք գործընթացները դրական չեն Հայաստանի համար, առնուազն կարճատեսութիւն է: Այս ժողովին ընթացքին է դարձեալ, որ Հայաստան «առանց քաշուելու» պէտք է խօսի ղարաբաղեան հիմնախնդրին մասին: Ոչ անպայման լուծումներ սպասելով, այլ բարձրաձայնելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «տէ ֆաքթօ» անկախ ըլլալը եւ այդ առումով անվտանգութեան բաւարար եւ համոզիչ վստահեցումներ պահանջելը: Ի վերջոյ Կովկասի մէջ անվտանգութեան ընդհանուր համակարգ մը ստեղծելու ռուսական ընդհանուր պատկերացումներուն մէջ Հայաստան պարտաւոր է յուշել Արցախի ու անոր խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան երաշխաւորման մասին:
Փաստ է նաեւ, որ նոր դէպքերու բերումով Կովկասը պիտի դառնայ ռուսական արտաքին քաղաքականութեան ամենէն աշխոյժ գետինը, հոն ստեղծելով տնտեսական կայուն իրավիճակ եւ բանալով բոլոր փակ համարուած առիթները:
Տնտեսական, գերարդիական, գիտական ու յատկապէս զինուորական առումներով Մոսկուա մեծ ակնկալիքներ պիտի ունենայ Կովկասէն ու հոն գտնուող իր դաշնակից երկիրներէն՝ Հայաստանէն ու Իրանէն: Բացի այս բոլորէն, Ատրպէյճանի «հարցերը» կարգի բերելով Անգարայի հետ: Իսկ «կարգի չբերել»ը կը նշանակէ ամէն գնով պահպանել այս տարածքի խաղաղութիւնը եւ գետին պատրաստել յառաջիկայ ընելիքներուն համար:
Հիմնական աշխատանքներու վերադասաւորման եւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ժողովներուն լոյսին տակ աւելի յստակ պիտի դառնայ Մոսկուայի ունեցած ծանրակշիռ դերը:
Ուժերու այս նոր վերադասաւորումը անպայման չի նշանակեր, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան կրնան մեծ եւ անսպասելի բախումներու երթալ: Այդքան ալ հեշտ չէ խօսիլ համաշխարհային երրորդ պատերազմի մը մասին, որուն հետեւանքները կրնան յանգեցնել համատարած քանդումի:
Խաղը այդ չէ: Հիմա եղած գործընթացը եւ յստակօրէն երեւցող պարանաձգութիւնը կը միտի երանգաւորել երկու հիմնական խաղացողներուն գալիք անցումային փուլերը:
Այսպէս, մինչ Միացեալ Նահանգներ կը պատրաս-տըւի նախագահական ընտրութիւններու, Ռուսաստան կը փորձէ բանալ սիւնիի աշխարհի փակ դռները:
Ու այս ընդհանուր դրութեան մէջ սպասելի է նոյնիսկ, որ անցնող տարիներուն Միացեալ Նահանգներու համար հաւատարիմ համարուող դաշնակիցներ ստիպուած ըլլան փոխել իրենց դիրքորոշումը, եթէ Ամերիկայի յառաջիկայ նախագահը վերատեսութեան չենթարկէ իր Միջին Արեւելքի ծայր աստիճան «ձախաւեր» քաղաքականութիւնը:
Ասոր փոխարէն յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ իր ունեցած դերով Փութին հանդէս պիտի գայ որպէս անզիջող կողմ մը, որովհետեւ բոլորին համար ալ յստակ է, որ Մոսկուա Միջին Արեւելքի մէջ այլեւս կորսնցնելու տեղ չունի: Զինուորական պայմանագրերու գնով, արեան գնով, մեծ կորուստներու գնով յստակ չէ, սակայն Քրեմլինի կողմէ վճռուած է ամէն գնով պահպանել սուրիական իր ամենավերջին ու ամենաթանկ ամրոցը:
Գալով պաշտօնական Երեւանին՝ յստակ է, որ Մոսկուայի կողմէ «քաղաքական նեցուկ» ունեցող երկրի նոր վարչապետը կոչուած է բացի դրական նոր «տինամիզմ»էն, կատարել նաեւ «վիրաբուժական» գործողութիւններ, որոնք պիտի ստեղծեն քաղաքական, բայց մանաւանդ տնտեսական դրական պայմաններ: Հայաստանի վարչապետը կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ կամ ոչ, յստակ չէ տակաւին, սակայն յստակ է, որ ռուսական կողմին մօտ Հայաստանի ընդհանուր գետինը աւելի դրական հունի մը մէջ դնելու որոշումը պատահական չէ: Ու այս խօսքին ամենէն վաւերական ապացոյցը երկրի իշխանական օղակներուն ամենէն «կայուն»ին՝ Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի պաշտօնէն հեռացումն է: Բան մը, որ պէտք է համարել «վիրաբուժական» գործողութիւններու սկիզբ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի տարածքաշրջանային հասկացողութիւններուն, այս կարեւոր ժողովը առիթ մըն է անգամ մը եւս գիտակցելու՝ Երեւանի Կովկասի մէջ ունեցած ռազմաքաղաքական հիմնարար դերին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան