ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ, ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի նախագահութեամբ, 26 Հոկտեմբեր 2016, Չորեքշաբթի օր կայացած Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար Ժողովի որոշման մասին, նոյն օրը զեկոյց մը հրապարակուած էր Համագումար Ժողովի դիւանի կողմէ։
Կը յիշեցնենք թէ՝ Հանրապետական Շրջանին կատարուած վերջին երեք Պատրիարքական Ընտրութեանց (1961, 1990, 1998) գործընթացքները յառաջ տարուած են վախճանեալ պատրիարքներու կողմէ նշանակուած ոչ-ընտրեալ Պատրիարքական Փոխանորդներու գլխաւորութեամբ։
Այսու կու գանք, հաղորդել թէ՝ Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը, Պատրիարքական Փոխանորդ նշանակուած էր Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Անցումային այս շրջանին համար, Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումարը Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ընտրած եւ պաշտօնի կոչած էր։ Նաեւ այս ընտրութիւնը ճանաչում գտած էր պատկան իշխանութեանց կողմէ։ Ուստի նկատի ունենալով այս պարագան, Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումարը օրակարգի նիւթ չէ դարձուցած վարչական այլ փոփոխութիւն մը կատարել։
Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, մանաւանդ անցումային այս նոր շրջանին, Քրիստոսաւանդ սէրը եւ խաղաղութիւնը տիրէ մեր բոլորին սրտերէն ներս։ Կ՚ակնկալենք մեր ժողովուրդի աղօթակցութիւնը, որպէսզի Պատրիարքական Աթոռը օժտուի մեր աւանդական կանոններուն համաձայն ընտրուած նոր Պատրիարքով։
ԴԻՒԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎՈՅ
27 Հոկտեմբեր 2016
10947
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024