ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ ՆՇԵՑԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­րէկ ո­գե­ւոր հան­դէ­սով մը նշե­ցին Թարգ­ման­չաց տօ­նը։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դէ­սը, ո­րու յայ­տա­գի­րը պատ­րաս­տուած էր գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի Հե­րա Իս­կէն­տէ­րօղ­լուի եւ իր խումբ մը գոր­ծա­կից­նե­րուն։ Օ­րուան յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին խմբերգ­ներ, ո­րոնց ժա­մա­նակ ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Գա­րին Սուս­մա­քի կող­մէ։

Դպրո­ցի բո­լոր դա­սա­րան­նե­րէն ա­շա­կերտ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան օ­րուան յայ­տագ­րին՝ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու պա­րե­րով։ Յայ­տագ­րին տե­ւո­ղու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Հե­րա Իս­կէն­տէ­րօղ­լուի եւ Լու­սիա Քը­լընչ­լըի կող­մէ պատ­րաս­տուած հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­ցին տղա­քը, ինչ որ բնո­րո­շեց վառ փու­լե­րէն մին։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­փա­հա­րե­ցին ի­րա­րու յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ այդ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ար­տա­յայ­տե­ցին նաեւ ի­րենց յար­գան­քը՝ Ս. Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի, Ս. Սա­հակ Պար­թե­ւի, Վռամ­շա­պուհ ար­քա­յի եւ բո­լոր թարգ­մա­նիչ­նե­րուն նկատ­մամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016