ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՄՕՏ 385 ՄԻԼԻՈՆ ՄԱՆՈՒԿ Կ՚ԱՊՐԻ ԱՂՔԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Աշխարհի վրայ մօտ 385 միլիոն մանուկներ ստիպուած են ապրելու ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններու մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», այդ մասին նշուած է ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամի (ԻՒՆԻՍԷՖ) եւ Համաշխարհային դրամատան կողմէ պատրաստուած զեկուցումին մէջ:
89 երկիրներու վերաբերող տուեալներ վերլուծելով՝ անոնք յանգած են այն եզրակացութեան, որ մանուկները չափահասներէն երկու անգամ աւելի յաճախ կը յայտնուին աղքատութեան ճիրաններուն մէջ: 2013 թուականի տուեալներով՝ զարգացող պետութիւններու անչափահասներուն 19.5 առ հարիւրը ստիպուած պէտք է գոյատեւէ օրական 1.9 տոլարին հաւասար կամ անկէ քիչ գումարով: Համեմատութեան համար նշենք, որ նոյնանման պայմաններու մէջ կ՚ապրին չափահասներու 9.2 առ հարիւրը:
«Համաշխարհային տարողութեամբ, գրեթէ 385 միլիոն մանուկներ կ՚ապրին ծայրայեղ աղքատութեան պայմաններու մէջ», արձանագրուած է զեկուցումին մէջ:
Մեկնաբանելով զեկուցումը, որ 4 Հոկտեմբերին ներկայացուած է Ուաշինկթընի մէջ, ԻՒՆԻՍԷՖ-ի գործադիր տնօրէն Էնթընի Լէյք նախազգուշացուցած է, որ այդպիսի պայմաններու մէջ ապրիլը անխուսափելիօրէն կ՚ազդէ մանուկներու արտաքին եւ մտաւոր զարգացման վրայ, հաղորդած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան