ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Պատարագիչն էր Արագածոտնի թեմի վարչական խորհուրդի ատենապետ Տ. Շնորհք Աբեղայ Պալոյեան, որ տուաւ օրուան քարոզը։
Շաբաթավերջին, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի բարեյիշատակ միաբաններէն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ եղած էր Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջին առաջնորդը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը պատրաստուի այցելել Ֆրանսա։ Այսպէս, կը նախատեսուի, որ Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւն մը շնորհէ Մարսէյլ։
Արարատեան Հայրապետական թեմի հոգեւոր սպասաւորները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գուգարաց թեմի հոգեւոր սպասաւորները՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանի։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելեց Սպանիա։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կոտայքի թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Եպսկ. Քարամեանի:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան երէկ մասնակցեցան Պելժիոյ «Թագաւորի օրուան» առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Աղօթքի նախաճաշ» նախաձեռնութեան մասնակիցները։ Հարկ է նշել, որ այս նախաձեռնութեան առթիւ Հայաստան ժամանած են խումբ մը օտարերկրեայ հիւրեր, որոնց հետ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Վեհարանի գահասրահին մէջ։
Հայայստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս նոր սերունդին ուղղեալ խտացեալ աշխատանք կը տարուի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ հովանաւորուած այս նախաձեռնութիւնները կը համախմբեն շուրջ երեք հազար ամերիկահայ երիտասարդ։