ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԸ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ օրուան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան:
Թաղի պատմական վարժարանը հանդիսացաւ տօնական օրուան ժամադրավայրը, մինչ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց հայատառ մամուլին կարեւորութիւնը:


Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը երէկ նախագահեց Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Յաւարտ Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուելիք Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, նորօրհնեալ Յաղթութեան Սրբալոյս Միւռոնով պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւն։
Սուրբ իւղը կը տարուի դէպի Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհատարած թեմերը: