Եկեղեցական

ՍՐԲԱԶԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած ծանր հալածանքներու պայմաններուն ներքեւ կարեւոր եւ յուսադրիչ ժամադրութիւն՝ Սանկտ Փոլթենի մէջ:
Խորհրդակցական լուրջ հարթակ:
Եպիսկոպոսաց դասու անդամները երեք օրուան ընթացքին, հինգ նիստերու ձեւաչափով կ՚արժեւորեն ստեղծուած աննախընթաց վիճակը: Որպէս եպիսկոպոսապետ՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հեռակայ դրութեամբ կը փոխանցէ իր պատգամն ու օրհնութեան խօսքը՝ Հայաստանէ դուրս գալու գայթակղեցուցիչ արգելքին հետեւանքով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ակնյայտ թիրախաւորման տեղի տուած համազգային պոռթկումը կ՚ուղղորդուի պաղարիւն քայլերով՝ անվերադարձ հետեւանքներով պառակտումները կանխելու համար:

ԱՅՍ ԱԼ ՏԵՍԱՆՔ…

Բուն բարեկենդանի շաբաթավերջին, Մեծ պահոց նախօրէին, եպիսկոպոսաց հաւաքին ընդառաջ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները արգելք դրին Վեհ. Հայրապետին երկրէն ելքին:
Հայոց հովուապետը պատա՞նդ:
Պատմական ամօթալի գործողութիւն. Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովուապետական առաքելութիւնը կը խոչընդոտուի ակնյայտ սիստեմաթիք ձեւով:
Համայն հայութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի առկայ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններուն, որոնց հրահրած պառակտումը պատճառ կրնայ դառնալ անդառնալի կործանարար հետեւանքներու:

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր մուտք գործեց Մեծ պահքի շրջան: Շրջան մը, որու ընթացքին քրիստոնեայ հաւատացեալը առիթ պիտի ունենայ ինքնաքննութեան միջոցով ինքզինք մաքրել, թարմացնել, գտնել ու հասկնալ իր սխալներն ու մեղքերը, փորձել սրբագրել զանոնք

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ եւ խոր վրդովմունք կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութեան կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դէմ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ Նորին Սրբութեան Հայաստանէն ելքը արգիլելու փաստին առնչութեամբ:

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին, Տեառնընդառաջի առթիւ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց եւ քարոզեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան:

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ոգեկոչեց Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը։ Օրուան տօնին առթիւ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Ս. Վարդանանց տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։

Էջեր