ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Եկեղեցիներու համատեղ գործողութիւն» դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ռուտելմար Պուէնօ տէ Ֆարիան։ Այս առթիւ Տէ Ֆարիա Նորին Սրբութեան ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը։
Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականներու տարեկան համագումարը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ժողովի պատուիրակութեան անդամները, որոնք մասնակցեցան անցեալ շաբաթավերջի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։ Յիշեալ ժողովի միջեկեղեցական յանձնաժողովի նախագահ եւ Մակտեպուրկի առաջնորդ Ֆայկէ Եպիսկոպոսին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ընդունուեցաւ՝ ներկայութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի վարիչ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի, Գերմանիոյ հայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանի։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի նախաձեռնութիւնները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, յընթացս հայրապետական Ս. Պատարագի կատարեց եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում:
Այս կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պիտի ձեռնադրէ երեք նոր եպիսկոպոս։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» ժողովածոյի երկորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռի արխիւի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած է այս գիրքը։
Ֆլորանսայի մէջ, Սուրբ Մինաս հայազգի մարտիրոսի նահատակութեան եւ համանուն տաճարի հիմնադրութեան 1000-ամեակին առթիւ յոբելենական տօնախմբութիւններ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Փարիզի Դպրոցասէր միութեան վարժարանի եւ Մարսէյլի Համազգայինի դպրոցի աշակերտները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց ֆրանսահայ աշակերտներուն, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ քառասունի։ Աշակերտներուն ուղեկցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ֆրանսահայ բարերարներէն Սարգիս Պետոյեան։