ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՕԾՈՒԵՑԱՒ ՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ՝ ՅԵՏ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, նախընթաց օր, ձեռամբ Պատրիարաքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։
Գարեգին Բ. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հայ ժողովուրդը մշտապէս առաջնորդած է փրկութեան ուղիով»։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներ։ Անցեալ ամառ քահանայական կոչման արժանանալէ վերջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ քառասնօրեայ ապաշխարութեան ու պատրաստութեան շրջանէ անցած նորաօծ տասներկու քահանաներն էին անոնք։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Զալցպուրկի համալսարանի Քրիստոնեայ Արեւելքի հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէնուհի Փրոֆ. Եասմին Տում-Թրակութը, որուն կ՚ընկերանային համալսարանի դասախօսական կազմէն ներկայացուցիչներ։
Երեւանի «Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնը արդէն ընթացքի մէջ։
Լիբանանի Էջմիածնասէր տիկնանց միութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 60-ամեակը:
Լիբանանահայ խումբ մը երիտասարդներ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 9 օգոստոս 2019 թուակիր ու 1416 համար հրամանագրով Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի արտօնուած է արտաքոյ եկեղեցւոյ սքեմ կրել։