ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Զուիցերիոյ Անկախութեան օրուան առթիւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Ժիւլիէն Թհէօնիի սարքած ընդունելութեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։