ՀԱՅՐԻ ԻՒՆԷՕՆԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւն։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար Հայրի Ինէօնիւ դարձեալ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ երեկոյեան 2023 թուականի վերջին ժողովը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Կոմիտաս» սրահին մէջ։ Տարեվերջի այս ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB) այսօր կը գումարէ ներկայ տարուան վերջին ժողովը։ Նիստին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 157-րդ տարեդարձը շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ մեր համայնքէն ներս։ Տարեդարձին զուգահեռ՝ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ հաստատութեան ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութեամբ համակուած էր աւանդական բաժակի օրուան առթիւ։ Շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը տեղի ունեցաւ դպրոցին մէջ։
Պէյօղլուի ընտանիքը Ամանորի ընդառաջ Էսաեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսով մը հիւրընկալեց համայնքային շրջանակները։ Շաբաթավերջին բացուեցաւ քէրմէսը, որ իր աւարտին կը հասնի այսօր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց նախկին երեսփոխան, իրաւաբան Սելինա Տողանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հերման Կիւրճեանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութեանց։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս Քահանայ Պուլտուքեան։