ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԵՄԻՐՃԱՆ ՆԵՐԿԱՅ Կ՚ԸԼԼԱՅ ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ԿՈԹՈՂԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻՆ
Առողջապահութեան նախարար Ահմէտ Տեմիրճան վաղը Գումգաբուի մէջ պիտի մասնակցի նորոգ հանգուցեալ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի յուղարկաւորութեան։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած արարողութեան ժամանակ ան պիտի ներկայացնէ պետութիւնը եւ յանուն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պիտի փոխանցէ վշտակցութիւններ։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած լարուած կացութիւնը կը քննարկուի բոլոր երեսակներով ու հաւանական հետեւանքներով:
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերը միշտ կը դառնան ուշադրութեան առարկայ:
Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ ներդրումներու ազատականացման եւ պաշտպանութեան համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու կառավարութիւնները համաձայնութեան հասած են ներդրումները ազատականացնելու, խրախուսելու եւ փոխադարձաբար պաշտպանելու ուղղութեամբ։
Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ուղեւորութեան ծրագրի շրջագծէն ներս պուլկար ղեկավարը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Սփիւռքի նախարարութիւն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այս ամբողջէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր շփումները Թուրքիոյ մէջ։
«Պաքուէն հնչած վերջին յայտարարութիւնները կը վկայեն պատրաստակամութեան պակասի մասին»: