ՀԱԿԱՀԱՅ ԵՒ ԱՅԼԱՏԵԱՑ
Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 37-րդ բարձր մակարդակով նստաշրջանը՝ Ժընեւի մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 37-րդ բարձր մակարդակով նստաշրջանը՝ Ժընեւի մէջ:
2018 Փետրուար 14 թուակիր նամակով մը աբբայ Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Ճիաննի Ֆիրենցէի լերան «Սուրբ Մինաս (San Miniato al Monte) եկեղեցւոյ հազարամեակի ոգեկոչումներու ազգային յանձնախումբ»ին անդամակցելու պաշտօնական հրաւէր յղած է Իտալիոյ Հայոց միութեան նախագահ եւ Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրման Վենետիկի կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուրեանին։
Չեխիոյ մէջ ձերբակալուած ՓԵՏ-ՓՔՔ-ի նախկին համանախագահ Սալիհ Միւսլիմ երէկ դատուեցաւ Փրակի մէջ։ Երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ իր դռնփակ դատավարութիւնը, որու աւարտին ան ազատ արձակուեցաւ։ Այս դատավճիռը պատճառ դարձաւ Անգարայի բուռն բողոքին։ Թուրքիոյ ակնկալութիւնն էր, որ Սալիհ Միւսլիմ ժամանակաւոր ձեւով պիտի ձերբակալուէր։
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութենէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման հիմքին կը դնէ հայերու՝ համաշխարհային ազգ դառնալու սկզբունքը։ Թէ ի՞նչ ձեւով պէտք է զարգանան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Երեւան բազմիցս վերահաստատած է, որ պիտի շարունակէ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքը:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ ազդեցութեան եւ աճի նոր կեդրոններու յայտնուիլը կը պահանջէ Եւրոպայի ուժեղացումը եւ Եւրոպան պէտք է ինքնուրոյն վճռէ իր ճակատագիրը։
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ցայսօր չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 2083-ի։
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը՝ Պրիւքսելի մէջ. «Հայաստան չէր պահանջեր Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ որպէս յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապայման»
Անգարայի հետ բնականոնացման գործընթացը կրնար նոր կարելիութիւններ ստեղծել ո՛չ միայն երկու ժողովուրդներու, այլ նաեւ՝ ընդհանուր առմամբ տարածքաշրջանի համար եւ իսկական հաշտեցումը հիմնուած չէ մոռնալու վրայ
Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիա վերջերս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին վրացի նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Սուրիոյ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ միջազգային օրակարգին վրայ։ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը վերջին օրերուն մարդասիրական նպատակներով հրադադար հռչակեց Սուրիոյ մէջ՝ հաշուի առնելով մանաւադ Արեւելեան Կութայի իրադարձութիւնները։ Կը նախատեսուի, որ դէպի այդ շրջանը կատարուի մարդասիրական օժանդակութիւն։