ԼՈՒՐՋ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ կրակ ժայթքել ան երկիրներուն դէմ, որոնք կ՚աջակցին հայոց պնդումներուն:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Նախ եւ առաջ մի առ մի թող մաքրեն իրենց սեփական պատմութեան արատները»:
Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ կրակ ժայթքել ան երկիրներուն դէմ, որոնք կ՚աջակցին հայոց պնդումներուն:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Նախ եւ առաջ մի առ մի թող մաքրեն իրենց սեփական պատմութեան արատները»:
Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն։ Նկատի ունենալով, որ ընտրութեան առաջին փուլին թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր կրցած քուէներու 50 տոկոսէն աւելին ստանալ, երէկ, անխուսափելիօրէն տեղի ունեցաւ երկրորդ փուլը։
Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին Երուսաղէմի մէջ ոգեկոչման արարողութեան մը մասնակցեցաւ 1915 թուականի դէպքերու 100-րդ տարելիցին առթիւ։ Երուսաղէմի Նախագահական ապարանքին մէջ իր տանտիրութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ ան մէկտեղուեցաւ սաղիմահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Մոսկուա պատասխանեց Անգարայի վերջին քննադատութիւններուն, որոնք հնչեցուած էին՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ 1915 թուականի դէպքերուն համար ցեղասպանութեան բնորոշման օգտագործման բերումով։ Թրքական կողմի բուռն հակազդեցութեան զուգահեռ՝ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով ըսաւ.
Ապրիլի 24-ին առթիւ երէկ երեկոյեան ժամը՝ 19.15-ին հերթական անգամ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ:
Թուրքիոյ մէջ հասարակական շրջանակներուն վերաբերմունքը հետզհետէ կը խրախուսէ հայկական հարցին շուրջ հարցաքննական միտքը:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հետ, որոնք մասնակցեցան Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդի համար կարեւոր նշանակութեամբ օրուան ընթացքին Երեւանի մէջ գտուելու կապակցութեամբ։
Թուրքիա հայկական հարցին շուրջ վերջին օրերուն կատարուած յայտարարութիւններուն բերումով երէկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ Նախագահ Եոախիմ Կաուքի դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Օպամայի Ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը Ա. Աշխարհամարտի շրջանին ապրուածներու տեսակէտէ կը ցոլացնէ միակողմանի մօտեցում մը, մինչդեռ այդ բոլորը հայոց չափ թուրք ժողովուրդին տեսակէտէ ալ կը ներկայացնեն զգայնութիւն։
Սերժ Սարգսեան. «Ես կը հաւատամ, որ մենք կրնանք կերտել համերաշխութեան ու հանդուրժողականութեան աշխարհ մը»:
Մարդկութեան յիշողութիւնը՝ իւրայատուկ մաղ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը Ապրիլի 24-ի առթիւ հիւրընկալեց միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչները՝ միշտ խաղաղամէտ պատգամներով:
Փութին. «Մարդոց զանգուածային սպա-նութիւնը չի կրնար արդարացած ըլլալ»:
Օլանտ. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը աքտ է խաղաղութեան»:
Գարեգին Բ. «Համարժէք գնահատական չտրուիլը՝ նախադէպ նոր ոճիրներու»:
Նիքոլիչ. «Եզրոյթը կը շահարկուի քաղաքական մանր շահերու համար»:
Անաստասիատիս. «Չի կրնար անպատիժ մնալ անպատժելիութիւնը»:
Երէկ Չանաքքալէի պատերազմի հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարները կամ անոնց կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ Չանաքքալէի ոգեկոչման արարողութիւնը։