ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ կատարուած պաշտօնական դիմումին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, Անթիլիաս կը պահանջէ Կիլիկեան Աթոռի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ մայր տաճարի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերումը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխ-նախարարը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ APA գործակալութեան:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ապրուած զգայացունց տմարդի իրադարձութիւնները կը շարունակուին՝ սրբապղծութիւններու զուգորդմամբ։ Սուրիահայութիւնն ու ամբողջ հայաշխարհը երէկ ահաւոր աւերի մը ականատեսը եղան։

Ռուսաստան զեղչ կը կատարէ Հայաստան մատակարարուած բնական կազի սակագինին մէջ։ «Կազփրոմ» ռուսական ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլէր, որ վերջերս այցելած էր Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էր այս ուղղութեամբ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Սարգիս Յովսէփեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այդ պաշտօնէն հրաժարած էր զուիցերացի Պեռնար Շալանտ, որու մականին ներքեւ հայկական հաւաքականը ապրեցաւ լուրջ ձախողումներ։