ԵԷՄԷՆ. սիւննի-շիի հակամարտութեան ամերիկեան խաղադաշտը
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եէմէնի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը խօսի արաբական նոր հանգրուանի մը մասին: Երկար ժամանակէ ի վեր սիւննի-շիի լարուած իրավիճակը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ անցեալ 25 Մարտին Սէուտական Արաբիոյ նախաձեռնութեամբ սկիզբ առաւ «Վճռակամութեան փոթորիկ» անունը կրող զինուորական գործողութիւնը: Գործողութեան հիմնական նպատակն էր կասեցնել շիի հուսիներու արագընթաց ներխուժումը մայրաքաղաք Սանհայէն ետք Եէմէնի ռազմաքաղաքական երկրորդ քաղաքը համարուող Ատան քաղաքը, որ դարձած է երկրի օրինական նախագահ Ապտէլ Ռապու Մանսուր Էլ Հատիի կեդրոնատեղին:


Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահչուպեան երէկ երեկոյեան յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ «CNN Türk» հեռուստակայանէն։ Հեռուստահաղորդավար Շիրին Փայզընի հարցումներուն պատասխանելով՝ Էթիէն Մահչուպեան մեկնաբանութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի շարք մը հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Այս շրջագծով ան անդրադարձաւ հայկական հարցին, նաեւ հայաշխարհի տեսանկիւնէն հետաքրքրական իրադարձութիւններու։

