ԱՒԱԳ ԵՆԹԱՍՊԱՅ ՀԱՅԿ ՔԷՇԻՇՕՂԼԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԲԱՑՈՒԱԾ ԿՐԱԿԻՆ ԹԻՐԱԽԸ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հրադադարը կը խախտուի անընդհատ։ «Երկիր» հեռուստակայանի հաղորդումներով, ամենավերջին բախումները տեղի ունեցան Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմաններու երկարութեամբ տեղակայուած զօրամասերուն մօտ։


Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։ Թուրքիա-Իրան բարձր մակարդակով համագործակցութեան խորհուրդի երկրորդ ժողովը տեղի կ՚ունենայ Թեհրանի մէջ։


