ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԸ…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին իր զանգերու զուարթ ղօղանջով կ՚ազդարարէ տօնական աւետիսը:
Տաղաւարի ցնծութեամբ համակուած աշխարհացրիւ հայութիւնը կը սպասէ իր հայրապետին՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Թեհրան, ուր պիտի հիւրընկալուի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրովի կողմէ։ Ուղեւորութիւնը պիտի կայանայ Ապրիլի 7-8-ին։