Պ. ՍԵՒԱԿ՝ ԲԱԶՄԱԳՈՅՆ ՁԵՌԱԳՐՈՎ ԳՐՈՂԸ
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը վերջերս յատուկ ձեռնարկով մը ոգեկոչեց հայ բանաստեղծութեան տիտաններէն Պարոյր Սեւակը։ Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան՝ մարտի 21-ին զուգադիպեցաւ այս հանդիսութիւնը, որու ընթացքին ասմունքողներ ներկայացուցին Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններէն օրինակներ։