2027-ԻՆ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ
Հայաստանի մէջ 2027 թուականին տեղի պիտի ունենայ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ այս նիւթին շուրջ լրագրողներու հետ զրուցեց Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան, որ կը գլխաւորէ նաեւ բարեփոխումներու խորհուրդը։

«Foreign Policy» վերջերս ուշագրաւ հրապարակում մը ըրաւ. կլիմայի փոփոխութիւնը Մերձաւոր Արեւելքը պիտի վերածէ կեանքի համար անպիտան տարածաշրջանի մը։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ, մեծ շուքով մը այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ճանապարհին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու գործունէութեան մասին կանոնակարգը այսօրուան դրութեամբ ստորագրուեցաւ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու՝ Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած հաւաքի աւարտին այցելութիւն մը տրուեցաւ դէպի Կիրանց, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ սահմանին։
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ երկար ժամանակ անց դրական եւ յուսադրիչ իրադարձութիւն մը:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրը։ Էլիզէի պալատին մէջ երկու ղեկավարները քննարկեցին Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները վերբեռնելու հնարաւորութիւնը։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին, որ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։
Մինչ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը կը շարունակէ մնալ այժմէական, երկու երկիրները կը վերաբանաձեւեն իրենց դիրքորոշումները։ Անգարայէն եւ Դամասկոսէն կը հնչեն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ, որոնցմով կողմերը յարափոփոխ իրավիճակի մէջ կը մատնանշեն իրենց առաջնահերթութիւնները։